ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Զանազան երկիրներէ հրաւիրուած 75 մասնակիցներով, 25-26-27 մայիսին, 30 զեկոյցներով հանդէս եկան 26 զեկուցաբերներ, մէկ եւ միակ նիւթ ունենալով «Սուրիոյ հայերը»:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի կազմակերպած այս գիտաժողովին նպատակն էր Սուրիոյ քառամեայ պատերազմին պատճառաւ ֆիզիքապէս, նիւթապէս եւ հոգեպէս ծանր կորուստներ կրած սուրիահայ համայնքին անցեալն ու ներկան լոյսին բերելովՙ անոր մտահոգիչ ապագային մասին խորհրդածութիւններ կատարել:
Գիտաժողովը կը հովանաւորուէր եկեղեցականներէ: Արդարեւ, որպէս հիւրընկալՙ Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի կողքին էին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Շահան արք. Սարգիսեան, Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան եւ Սուրիոյ Աւետ. համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան:
Այսքան «հարուստ» գիտաժողով սուրիահայութեան համար շփացուցիչ կրնար ըլլալ, եթէ սովորական պայմաններու մէջ տեղի ունենար, սակայն այսօր սուրիահայ համայնքի տառապանքին ի տես այսպիսի մասնագէտներու հոգատար մօտեցումը ողոքիչ է ինչ որ չափով, սակայն հեռու բուժիչ ըլլալէ:
14 փրոֆեսոր եւ դոկտոր, նոյնքան մըն ալ համալսարանականներ, զանազան տիտղոսներով ու վկայականներով, եկած Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն, մինչեւ իսկ Թոքիոյէն ժամանած Ճափոնցի փրոֆէսոր մը… իսկապէս հարուստ գիտաժողով մըն էր, դժուար կազմակերպելի, ամիսներ ամբողջ տքնաջան աշխատանք պահանջող ծրագիր, որուն պատիւը կ՛երթայ Հայկազեանի տմօրէնութեան եւ ի մասնաւորի դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեանին:
Բոլոր զեկուցաբերներն ալ լրջութեամբ ու խնամքով պատրաստած էին իրենց վստահուած նիւթերը, որոնք վեր կ՛առնէին սուրիահայութեան անցեալի պատմութիւնը, անոր ներդրումը երկրի քաղաքական, զինուորական, տնտեսական, մշակութային, գրական-գեղարուեստական, մարզական եւ այլ բնագաւառներուն մէջ:
Ամէնակարեւորն ու հետաքրքրականը «Կլոր սեղան»ն էր, մասնակցութեամբ չորս եկեղեցական ղեկավարներուն, նիւթ ունենալով «Սուրիոյ տագնապն ու սուրիահայութիւնը», Հայկազեան համալսարանի լսարան-դահլիճին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Զրուցավար դոկտ. Հայտոսթեանի հարցերուն հերթով կը պատասխանէին համայնքապետերը: Ամէնատագնապայարոյց հարցը սուրիահայութեան, յատկապէս հալէպահայութիւնը տարհանելու, թէ՞ չտարհանելու թնճուկն էր, որուն երեք համայնքապետերն ալ նոյն ձեւով պատասխանեցին. իրենք գաղութը դատարկելու եւ ժողովուրդին կազմակերպուած տարհանումի մասին որոշում չեն կայացներ, ազատ ձգելով անհատները իրենց յարմար թուացող որոշումներուն մէջ, քանի տակաւին յուսահատական չեն գտներ կացութիւնը, իսկ եթէ օր մը պատահի, որ վտանգը անխուսափելի ըլլայ, իրենք ի պահ ունին սերտուած «երկրորդ ծրագիր մը« (Plan 2), որուն ի լուր ներկաները քիչ մը հանգստացան:
Քաղաքական ղեկավարներէն հեռու, եկեղեցական ղեկավարներու դատողութեան ապաւինիլը ու գաղութին ճակատագիրը իրենց յանձնելը իր դրական կողմերն ունի, մասնաւորաբար որ տակաւին կուսակցական-քաղաքական-հասարակական մարմինները հրապարակային ելոյթ չեն ունեցած այս հարցին կապակցութեամբ, թէեւ վստահ ենք, որ անոնք ալ յաճախակի հանդիպումներով ծրագիրներ կը մշակեն Սուրիոյ այս անասելի տագնապէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու: Տեսնենք:
Հայկազեան համալսարանի «Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն»ի այս ձեռնարկը իր հորիզոնական թէ ուղղահայեաց տարողութեամբ եւ որակով ամէնալուրջն ու յաջողակն էր սուրիահայութեան մասին ցարդ կազմակերպուած միջոցառումներուն: Անմիջական դրական-գործնական արդիւնք կարելի չէ ակնկալել, սակայն վստահօրէն իր բարերար ներդրումը կ՛ունենայ հրաւիրեալներուն միջոցաւ հարցը տարածելու իր իսկական պատկերով եւ յստակութեամբ:
Պէյրութ-Երեւան