ԱԼԵՔՍԱՆ ՔԷՕՇԿԵՐԵԱՆ
«Հայ յեղափոխական Փարամազ. Ապտուլ Համիտէն մինչեւ Իթթիհատ վէ Թերաքքի հայ սոցիալիստները եւ ցեղասպանութիւնը»
Վերջերս Թուրքիոյ մէջ թուրք հեղինակի կողմէ լոյս տեսած «Հայ յեղափոխական Փարամազ, Ապտուլ Համիտէն մինչեւ Իթթիհատ վէ Թերաքքի, հայ սոցիալիստները եւ ցեղասպանութիւնը» գիրքը յաւելեալ անգամ կը վկայէ, թէ բան մը սկսած է փոխուիլ Թուրքիոյ մէջ: Սկսած է փոխուիլ այնպիսի բան մը, որուն մասին եթէ տասը տարի առաջ խօսուէրՙ անհաւատալի հէքիաթ պիտի թուէր:
Այս տարեմուտին Անքարայի մէջ «Դիպնոթ» հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած 315 էջնոց գիրքին հեղինակըՙ Քադիր Աքըն, նախընտրած է Հայկական ցեղասպանութեան քննարկումը սկսիլ 1915 յունիս 15-ին Կ.Պոլսոյ «Սուլթան Պայազիտ» հրապարակին վրայ կախաղան հանուած 20 Կախաղաններու դիտանկիւնէն:
Երբ հեղինակը Պէյրութ կը գտնուէր ծանօթանալու համար 20 Կախաղաններու մասին հնչակեան արխիւներուն, հարց տուինք իրեն, թէ ինչո՞ւ է, կամ ուրկէ՞ կու գայ Փարամազին եւ անոր ընկերներուն հանդէպ իր այս հետաքրքրութիւնը: Ան, առանց երկար մտածելու, պարզութեամբ պատասխանեց. «Մեզիՙ թուրք ձախակողմեաններուս սորվեցուցած էին, թէ Թուրքիոյ մէջ ձախակողմեան շարժման պատմութիւնը կը սկսի Մուսթաֆա Սուպհիով: Ես ուշ յայտնաբերեցի, որ այդպէս չէ. Օսմ. կայսրութեան մէջ սոցիալիստական գաղափարները մուտք գործած են փոքրամասնութիւններուն միջոցով, որոնց շարքինՙ հայերուն, յատկապէս հնչակեաններուն միջոցով: Երբ ծանօթացայ Փարամազի 1897թ.ի Վանի դատարանին առջեւ արտասանած ճառին, ուղղակի հմայուեցայ: 1970-ականներուն մենք կը խորհէինք, թէ շատ մը նիւթեր Թուրքիոյ մէջ մենք է որ արծարծած ենք առաջին անգամ: Օրինակՙ բանուորութեան եւ աղքատ գիւղացիութեան քաղաքական դաշինքը: Պարզուեցաւ, որ այդ մասին Վանիկ (Փարամազի կեղծանունը) յօդուածներ գրած է 60 տարի առաջ: Այսօր, Հնչակեան կուսակցութեան եւ 20 Կախաղաններուն պատմութիւնը մաս կը կազմէ հայոց պատմութեան: Եւ այդ արդար է: Սակայն այնքան ատեն, որ անոնք գործած են Օսմ. կայսրութեան տարածքին, անոնք մաս կը կազմեն նաեւ արդի Թուրքիոյ պատմութեան եւ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ յառաջդիմական գաղափարներու մուտք գործելուն եւ տարածման պատմութեան: Ամէն բանէ առաջ, այս ձեւով, ես իմ պատմութիւնս է որ կը վերականգնեմ»:
Գիրքը կազմուած է երեք մասէ.- Ա. բաժինը կը ներկայացնէ Օսմ. կայսրութեան վերջին տարիներըՙ Ապտուլ Համիտէն մինչեւ Իթթիհատ վէ Թերաքքի: Բ. բաժինըՙ հայ սոցիալիստներու կեցուածքը Իթթիհատին հանդէպ: Գ. բաժինըՙ Հայկական ցեղասպանութիւնը:
Գիրքին ձեռագիրը երբ տակաւին կը գտնուէր տպարան, լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ Կոպանիի մէջ, իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ կռիւի ընթացքին, զոհուած է քիւրտ ազատամարտիկ Սուպհի Նեժաթըՙ Փարամազ ծածկանունով: Մահիր Սայընի կողմէ գրուած յառաջաբանը կը ստանայ «Փարամազները միացուցին անջատուած օղակը» վերնագիրը, ուր կըսուի. «Ծանօթանալով Փարամազին եւ անոր ընկերներու խիզախումներուն, ընթերցողը պիտի գտնէ, որ որպէս ազգայնամոլ ներկայացուած հայ յեղափոխականները թուրք յեղափոխականներուն հետ համատեղ պայքարի ձգտող համամարդկային գաղափարներու տէր մարդիկ էին: …«Պայազիտ» հրապարակին վրայ իր 19 ընկերներուն հետ կախաղան բարձրացած Փարամազի եւ օսմանեան հայերու յեղափոխական շարժումները ներկայացնող այս գիրքը կը բացայայտէ եւ լոյսին կը բերէ տակաւին պաշտօնական գաղափարախօսութենէն չազատագրուած Թուրքիոյ ընկերվարական շարժման մութ մնացած պատմական ժամանակահատուածը»:
Քադիր Աքընի համար Հայկական ցեղասպանութեան իրողութիւնը քննարկման ենթակայ չէ: Գիրքին մէջ, այդ մասին միջազգային հեղինակութիւններէ կատարուած բազմաթիւ մէջբերումներով, ան կը ջանայ նոյն ճշմարտութեան մէջ համոզել իր բոլոր հայրենակիցները: …Իսկ գիրքէն դուրս, դեռ գիրքը չգրուած, երբ այս մասին կը խօսէինք Քադիրին հետ, ան հանդարտօրէն կը բանար ձեռքի պայուսակը, կը հանէր երկու բարակ գրքոյկներ, ցոյց տալու համար, որ իր պատկանած երկու կուսակցութիւններըՙ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը (HDP) եւ Սոցիալիստական Վերակազմեալ կուսակցութիւնը (SYKP) իրենց ծրագիրներուն մէջ ոչ միայն յստակօրէն բանաձեւած են Հայկական ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այլեւ անոր ճանաչումը կը պահանջեն թրքական իշխանութիւններէն:
Կը յաջողի՞ Քադիր Աքընը. կը յաջողի՞ն անոնք. կը յաջողի՞նք մենք: …Սոյն յօդուածը մամուլին չյանձնուածՙ լոյս տեսաւ գիրքին 2-րդ տպագրութիւնը: Ամենէն ուրախը հրատարակչատունն է: Ըստ անոր, քանի մը ամիսէն կրնայ լոյս տեսնել նաեւ 3-րդ հրատարակութիւնը:
(Պէյրութ)