Տարիներ առաջ, երբ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) ղեկավարըՙ Ա. Օճալան, դեռ չէր ձերբակալուած եւ այն ատեն Սուրիոյ հակակշռին տակ գտնուռղ Լիբանանի Պեքաայի շրջանին մէջ իր բանակը կը մարզէր, ամերիկեան հանրածանօթ National Geographic Magazine-ի թղթակիցին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, առանց որ իրեն այդ մասին յատուկ հարցում մը ուղղուի, ի միջի այլոց բառացիօրէն կ՛ըսէր. «Քրտական պատմութեան ամենասեւ էջերէն մէկը թուրքերուն հետ մեր մասնակցութիւնն էր հայկական ջարդերուն»:
Ես այդ ամսագրին բաժանորդ էի եւ անձամբ ունէի այդ թիւը, որուն մէջ տպուած էր հարցազրոյցը:
2011-ին, երբ Հալէպի մէջ ՀԵԸնկերակցութեան «Ադամեան» թատերախումբի 50-ամեակը կը նշէինք, Երեւանէն յատուկ հրաւիրուած բեմադրիչ Նիկոլայ Ծատուրեանի հետ եկած էր նաեւ թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեանըՙ մասնակցելու եօթնօրեայ ձեռնարկներուն: Փափաքելով Լ. Մութաֆեանին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի պատմական վայրերը ցոյց տալ, իմ ինքնաշարժովս շատ հաճելի պտոյտ մը կատարեցինք: Քրտական գիւղերու մէջէն անցած ատեննիս ծեր մարդ մը ձեռք ըրաւ,- երեւոյթ մը, որ շատ սովորական է այդ վայրերուն մէջ հազուագիւտ փոխադրամիջոցներու պատճառով,- կանգնեցուցի մեքենան ու արաբերէնով հարցուցի, թէ ո՞ւր կ՛ուզէ երթալ. տուաւ գիւղին անունը, որ մեր ճամբուն վրան էր, ելիր ըսի, ու ան նստեցաւ ետեւի նստարանին վրայ: Դեռ ուրիշ բան չխօսած, մարդը կռահելով մեր հայ ըլլալը, «Մենք շատ յանցաւոր ենք, որ թուրքերէն խաբուեցանք ու իրենց հետ ձեզ ջարդեցինք», ըսաւ կոտրտած արաբերէնով մը: Զարմանքս ակնյայտ էր այս անակնկալէն. դարձայ Լ. Մութաֆեանին ու թարգմանեցի մարդուն ըսածը: Լեւոնը ինձմէ աւելի զարմացաւ այս խոստովանութեան համար եւ երբ Երեւան վերադարձաւ, այդ մասին գրեց:
Ինչո՞ւ յիշեցի այս երկու դէպքերը: Առաջ ալ եւ այսօր, աշխարհով մէկ սփռուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի բերանացի, թէ գրաւոր պաստառներուն կամ ելոյթներուն մէջ, քիւրտերու մասին ոչինչ կայ: Ինչո՞ւ լուսանցքուեցան քիւրտերը, որ հիմա Արեւելեան Թուրքիոյ մեր բոլոր պատմական հողերուն վրայ իրենք կ՛իշխեն եւ դեռ աչք ունին Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն վրայ ալ:
Միայն այս շաբաթ, «Մայատին» արաբական հեռատեսիլի կայանի «Արեւելքի զանգերը» ծրագրին հրաւիրուած Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան, դոկտ. Արշակ Փոլատեան, որպէս քրտագէտ, յիշեց քիւրտերու մասնակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան: Նոյնիսկ հարցադրող հաղորդավարը բացման իր խօսքին մէջ յիշեց քիւրտերը:
Նախաեղեռնեան շրջանի մեր ամբողջ գրի առնուած պատմութիւնները քիւրտերու բարբարոսութիւններուն մասին են, ոչ պակաս քան թուրքերուն ըրածները: Աւելի մեծ յանցագործ մը կայ, ատո՞ր համար, թէ՞ զղջացած կ՛երեւին ու մեզՙ հայերուս «խալօ» (քեռի) կ՛անուանեն, մենք ալ քիչ մը կ՛ողոքուինք ու մեղմ աչքով կը նայինք իրենց: Ի՞նչ է պատճառը: Իրենցմէ պահանջք չունինք, քանի որ պետութիւն չե՞ն, մեզի տալիք չունի՞ն, մենք իրենցմէ առնելիք չունի՞նք:
Նուազագոյնը, այս Հարիւրամեայ տարելիցին առթիւ, իրենց կազմակերպութիւններէն մէկն ու մէկը չէ՞ր կրնար յայտարարութիւն մը ընել ու մեղսակիցի վկայութեամբ փաստեր ներկայացնել. բան մը, որ վստահ եմ իր յատուկ ազդեցութիւնն ու կշիռը պիտի ունենար միջազգային հանրային կարծիքին վրայ: