ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Մանկութեանս չեմ յիշեր Ապրիլ 24 կը տօնուէ՞ր դպրոցին մէջ, թէ՞ ոչ, թէեւ այդ օրերուն անպակաս էին ֆետայիներու քաջագործութիւններուն մասին պատմութիւններ հայոց պատմութեան դասի պահերուն:
Յիշողութեանս մէջ ամրագրուած է Վարդանանքի տօնակատարութիւնը, որ անպայման թատերական ներկայացումով մը կը նշուէր, ուր երբ Վարդան եւ իր ընկերակիցները Յազկերտի պալատին մէջ երեսանց կրակապաշտութիւնը կ՛ընդունին, ատրուշանին շուրջ ծնրադիր, Վարդան գաղտնօրէն ծոցէն խաչ մը կը հանէ ու կը համբուրէ, սրահը պայթելու աստիճան կը թնդար ծափերով: Վարդանանքը շաբաթ մը ամբողջ շրջանի հայութեան խօսակցութեան նիւթ կը հայթայթէր, իսկ աշակերտներուս ալ զբօսանքներուն դպրոցի բակին մէջ Վարդանի ու Վասակի փոխարէն մենամարտելու առիթ կ՛ընծայէր:
Ապրիլ 24-ին կը յիշեմ միայն, որ Նոր Գիւղի Յիսուսեաններու Վարդանանց վարժարանի ճակատին սեւ պաստառ մը կը կախուէր, որուն վրայ ճերմակով գրուած կ՛ըլլարՙ «Փառք մեր նահատակներուն»: Միեւնոյն պաստառը ամէն տարի պահեստանոցէն կը հանուէր, ամիս մը ամբողջ կախուած կը մնար, ապա կը հաւաքուէր կրկին պահեստանոց երթալու համար:
Մեր տան մէջ ալ այդ մասին նիւթ չէր դառնար, հակառակ որ թէ՛ հայրս եւ թէ՛ մայրս, երկուքն ալ Մեծ եղեռնի գեհէնէն անցած, հրաշքով փրկուած, Զէյթունէն բռնագաղթուածներու մէջ եղած են, ծնողք, քոյր,եղբայր կորսնցուցած ու հասած են Հալէպ: Հայրս 17 տարեկան , իսկ մայրս 10 տարեկան եղած են ու իրենց այդ տարիքին, շատ հաւանաբար ամէն ինչ տեսնելու եւ ապագային յիշելու ընդունակ ըլլալու էին, սակայն բան չէին խօսեր այդ մասին, մենք ալ կը խուսափէինք փորփրել իրենց յիշողութիւնը, սպիացած վէրքը չբանալու համար:
Կը յիշեմ միայն, որ հայրս յաճախ, լուռ ու ինքնամփոփ, աչքերը պատուհանէն դուրս, հեռուները, քիթին տակէն կը կրկնէր «Սէպէպ (պատճառ) եղողը, քեպապ թող ըլլայ» …
Հօրս տարեկից զէյթունցիներ յաճախ կ՛այցելէին մեզ, ու ես, աչքերս դասագիրքիս, իսկ ականջներս իրենց, հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՛ընէի իրենց պատմածները: Հայրս կը պատմէր իր փախուստին մասին: Ընտանիքին անդամները գաղթի ճամբուն վրայ կորսնցնելէ ետք, կը հասնի սահմանամերձ Պապ գիւղաքաղաքը ու անկէ Հալէպ գալու համար ճամբայ կ՛ելլէ, սակայն որպէս զինուորական տարիքի երիտասարդ չձերբակալուելու համար, օրեր ամբողջ ցերեկները պահուըտելով ու գիշերները բանջարանոցներու մէջէն գաղտագողի յառաջանալով ու միայն կաղամբի տերեւներով, կամ գլխատուած ծաղկակաղամբի կոթերով սնուելով Հալէպ կը հասնի ու տեղացի հարուստ ընտանիքի մը քով ծառայութեան կը մտնէ, քանի մը տարի վերջ Հալէպի երկաթուղային ընկերութեան մէջ գործի կ՛ընդունուի, արհեստ կը սորվի ու որպէս շոգեշարժավար 33 տարի կ՛աշխատի մինչեւ հանգստեան կոչուիլը:
Իսկ մայրս, որ միշտ «շատ փոքր էի, բան չեմ յիշեր» կ՛ըսէր, հասուն տարիքիս, երբ ինք արդէն ութսուննոց էր, խօսիլ տուի ու ձայնագրեցի: Իսկապէս ժամանակն ու տարիքը իրենց դերը կատարած էին, մայրս շատ կցկտուր բաներ յիշեց, որոնցմէ ամենակարեւորը, իբր թէ ծանօթ հայ մարդ մը, զինուորական տարազով, զինք գտնելով, «Ինծի վիզին վրայ նստեցոց, հիմա քեզի հօրքուրիդ քով կը տանիմ» ըսելով, նեղ թաղերէ անցած ատեն հօրքուրիս ամուսինը զիս ճանչցաւ ու մարդուն վրայ պոռալով իջեցուց զիս ու տարաւ իրենց տունը, մեր եկած ճամբային հակառակ ուղղութեամբ: Յետոյ իմացայ, որ այդ տարազով մարդը գէշ անձ մըն է եղեր եւ մէջտեղ մնացած երեխաներ կ՛առնէ կը տանի ու տեղացի ընտանիքներու կը ծախէ եղեր: Հօրաքրոջս ամուսինը եթէ դէմերնիս չելլէր, արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայի ես», կ՛ըսէր մայրս:
Հիմա, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ես ալ որ կամաց-կամաց իրենց աշխարհէն հեռանալու տարիքին կը մօտենամ, կը զգամ որ հայրս ու մայրս առանց խօսելու, կամ յատուկ պատուիրելու, լռելեայն իմ մէջ չհատուցուած պարտամուրհակ մը ձգած են, չլուծուած դատի մը աղերսագիրը, կամ պահանջագիրը, որ ինծի փոխանցուած է արեան ներարկումի պէս, կաթիլ-կաթիլ, ու կուտակուած, անհանգստացնող գունդի մը վերածուած է, որ ատենը անգամ մը իր ներկայութիւնը զգալ տալով, կ՛անհանգստացնէ զիս, կը խռովէ հոգիս ու կը մղէ, որ բան մը ընեմ որպէս ավանդակիր, որպէս պահանջատէր: Սակայն ի՞նչ. այդ մէկը որոշել չկարենալս է, որ շուար ու անօգնական ձգած է զիս:
Միայն ե՞ս… բայց չէ՞ որ ինծի նման շատ շատեր կան, որոնք միեւնոյն ավանդը կը կրեն. անոնք ի՞նչ կը մտածեն ընել, եթէ անշուշտ իրենց ներսիդիինը չէ մեռած, եթէ իրենք չեն մեռցուցած զայն իրենց անտարբերութեամբ:
Քլիշէ դարձած մեր լոզունգները այլեւս պարպուած կը տեսնեմ իրենց իմաստէն. ոչ թէ պարպուած, այլ անոնց խօսք ըլլալէ անդին չանցնիլը յուսահատեցուցած է զիս, նոյնիսկ յուսախաբ դարձուցած, որ առաջին իսկ օրէն երեւակայական բանի մը ետեւեն վազած ենք, հետեւելով մեր մեծերուն:
«Մեր հողերը, մեր հողերը»… Ի՞նչ հող, ի՞նչ բան: Հազար տարի առաջ կորսնցուցածդ քուկդ չէ այլեւս: Անիի բանալիները յանձնեցինք ու մեր վերջին թագաւորութիւնն ալ թաղեցինք:
Կիլիկիա՞ն. չէ՞ որ մերը չէ. անոր ալ մահուան վեց ու կէս դար եղաւ: Գրաւեր էինք ուրիշներէն, 400 տարի իշխեցինք, ապա կրկին մեր ձեռքով քանդեցինք մեր անհեռատես քաղաքականութեան պատճառով, օտարներու հետ խնամիութիւն ըրինք ու վերջն ալ գահը անոնց յանձնեցինք:
Ի՞նչ հող: Միակ իրական հողը այս է, այսօրուան Հայաստանը, ազատագրուած Արցախով: Խելք ունինքՙ մեր աչքի լոյսին պէս պահենք, պահպանենք այս պատառ մը սրբութիւնը, որպէսզի այս ալ չկորսնցնենք միւսներուն պէս, մեր անհեռատես քաղաքականութեան պատճառով ու ԱՄՆ-ի դեսպանատան առջեւ հերթի կանգնած չնօսրացող շարքերով: Պահենք ու աշխարհով մէկ տարտղնուած հայերը կանչենք, ազգահաւաք ընենք: Ապրինք, զօրանանք ու յետոյ ընդարձակուելու մասին մտածենք:
Մեր երակներուն մէջ հոսող ու խօսող արեան պատգամին ականջ տանք:
Երեւան