Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը միշտ նախանձախնդիր եւ հոգածու վերաբերում ցուցաբերած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան նկատմամբ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ անիկա համաշխարհային առումով մեր հոգեւոր եւ ազգային ժառանգութեան ամենակարեւոր կառոյցներէն մէկն էՙ քրիստոնէութեան օրրանէն ներս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տիրապետող ներկայութեամբ:
Կը հաւատանք նաեւ, որ կարեւոր է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան եւ Մայր աթոռին միջեւ ամուր կապեր պահպանելը, միշտ գիտակից, թէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ գերագոյն իշխանութիւնը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինն է:
Ս. Յակոբայ միաբանութեան անդամները տնտեսողները եղած են պատրիարքութեան գանձերուն, հանդիսանալով անոնց իրաւ պահապանները, տարբեր առիթներով: Պատրիարքութիւնը նաեւ պատմական կարեւոր դեր կատարած է մեր ինքնութեան պահպանումին մէջ: Կը հաւատանք, որ ան պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը քայլ պահելով ժամանակակից պահանջերու հետ,ապագայի տեսիլքով եւ կառոյցներու ու տնտեսումի անհրաժեշտ բարեկարգումներովՙ լաւագոյնս դրսեւորելու համար այն հզօր կարելիութիւնները, որոնք քրիստոնէական աշխարհին մէջ առաջնորդական դեր կրնան ապահովել անոր:
Իր պատմութեան ընթացքին ՀԲԸՄիութեան յաջորդական նախագահներ յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերած են պատրիարքութեան բարօրութեան ուղղութեամբ, ապահովելով մասնագիտական եւ արհեստավարժ ծառայութիւններ տնտեսումի եւ կառոյցներու նորոգութիւններու կապակցութեամբ, բոլոր պարագաներուն ապահովելով բարերարներու նիւթական աջակցութիւնը:
Պահպանելով նոյն աւանդութիւնը, ՀԲԸՄ-ը ընդառաջած է նորընտիր Պատրիարք հօրՙ Նուրհան արք. Մանուկեանի խնդրանքին, առաջարկելով շարք մը նախաձեռնութիւններ եւ գործնական քայլեր արխիւային պահեստանոցի անրաժեշտ նորոգութիւններու, տնտեսավարական գործընթացի արդիականացման, ինչպէս նաեւ հաղորդակացութեանց վերաբերեալ, որոնք կը միտին բարձրացնել միաբանութեան վարկը հանրութեան մօտ, նաեւ պատրիարքութեան նկատմամբ համակրանք ստեղծել հանրային եւ տնտեսական կարեւոր դիրքերու վրայ գտնուող ազգայիններու մօտ: Միութիւնը նաեւ արհեստավարժ ընկերութիւններու աջակցութիւնը ապահոված է լուծելու համար կալուածային դատական խնդիրներ, նաեւ պաշտպանելու համար պատրիարքութիւնը իր պատմական եւ ազգային իրաւունքներուն նկատմամբ վտանգաւոր ոտնձգութիւններու դէմ:
Ցաւով կ՛անդրադառնանք վերջերս Երուսաղէմի պատրիարքութենէն, Պատրիարք հօր անունով կատարուած ատելավառ ակնարկութիւններու, անհիմն ամբաստանութիւններու եւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններու, որոնք ուղղուած են մեր հոգեւոր բարձրագոյն հեղինակութեան եւ արժէքներուն:
ՀԲԸՄիութիւնը կը դատապարտէ համացանցային հաղորդակցական միջոցներով անգիտակից զանգուածները շփոթի մատնող այս գործընթացը: Անհրաժեշտ է, որ մեր եկեղեցական եւ համայնքային կառոյցները հաշուետու ըլլան իրենց գործունէութեան եւ ազգային գոյքերու տնտեսումին կապակցութեամբ: Ատենն է, որ մեր ազգային կազմակերպութիւնները պատուով եւ միասնական կեցուածքով ներկայանան աշխարհին եւ դիմագրաւեն մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին սպառնացող մարտահրաւէրները:
ՀԲԸՄիութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Պատրիարք հօր, անսալու Վեհափառ հայրապետ Գարեգին Բ.ի եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի յորդորներուն եւ միանգամընդմիշտ այս անել կացութենէն դուրս առաջնորդելու պատրիարքութիւնըՙ ի շահ Ս. Յակոբայ միաբանութեան եւ մեր Եկեղեցիին եւ ազգին:
Պատրիարքութիւնը միշտ իր մնայուն տեղը պիտի ունենայ ամբողջ հայութեան սրտին մէջ: