Մարդկութիւնը հազիւ կազմաւորուիլ սկսած, որպէս հաւաքական ապրելակերպի ու միատեղ կեցութեան գաղափարի իրագործումին նպաստող անհատներ, բնական մղումով որոշ անձեր համայնքը ղեկավարելու ցանկութիւն ունեցան, իրենց անձին մէջ տեսնելով անհրաժեշտ քաջութիւնն ու ձեռներէցութիւնը:
Բարի նպատակով սկիզբ առած այս փափաքը, կամաց-կամաց սկսաւ մրցակցութեան վերածուիլ, ղեկավարի մը մենաշնորհումներէն օգտուելու համար: Ո՞վ չ՛ուզեր փառաւորուիլ, հարստանալ, ուժ ու հեղինակութիւն շահիլ:
Անմեղ մրցակցութիւնը ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ վտանգալից, արիւնալի պայքարի յանուն աթոռի եւ աթոռին բերելիք շահերուն:
Աթոռի ու դիրքի համար պայքարող մարդիկ, իրենց շահադիտական ախորժակներուն կողքին, բնաւ չմտածեցին ղեկավարէ մը ակնկալուած պատասխանատուութիւններուն մասին հանդէպ իրենց ենթակայ ժողովուրդին: Եսասիրութիւնն ու ոսկիի փայլը կուրցուց իրենց աչքերը:
Այսպիսի ղեկավարներու զուգահեռ, գտնուեցան նաեւ անաչառ, անձնազոհ, նուիրեալ ղեկավարներ, որոնց գլխաւոր նպատակը եղաւ իրենց համայնքներուն բարօրութիւնը: Այսպիսիներ «տէր» ըլլալը չշփոթեցին «մենատէր»ին հետ ու իրենց առաքելութեան գիտակիցՙ եղան նաեւ «ծառայ»:
Այս նախաբանը ըրի, որպէսզի անդրադառնամ այսօրուան ղեկավարներուն: Մեր նպատակակէտէն դուրս ձգենք աշխարհի երկիրներուն վրայ տիրող քաղաքական թէ զինուորական, տնտեսական թէ կրօնական, օրինաւոր եւ անօրէն տիրակալները ու խօսինք մեր մասին, մեր այսօրուան մասին, մեր այսօրուայ Սփիւռքին մասին:
Արդեօ՞ք մեր կուսակցական, միութենական ու կրօնական ղեկավարները իրենց վստահուած հաւաքականութեան հարցերը բարձած են իրենց ուսերուն վրայ: Արդեօք երէկը տեսած, այսօրը ապրող այդ մարդիկը ծրագիր մը ունի՞ն ՎԱՂՈՒԱՆ մասին: Թէ՞ բախտին ձգուած են այդ հարցերը: Հայութեան ՎԱՂԸ ի՞նչ է, ու՞ր է…
Տասնամեակէ-տասնամեակ երթալով մաշող մեր հայկականութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, եկեղեցին, բարքերն ու սովորութիւնները դեռ որքա՞ն դիմանալու կարողութիւն եւ կարելիութիւն ունին: Ընթացքը տեսնելով, թուաբանական փոքր հաշիւով մը կարելի չէ՞ գիտնալ պատասխանը: Հաշուենք որ անցեալ դարու առաջին կիսուն մեր հայկականութիւնը հարիւրի վրայ հարիւր էր. դարավերջին յիսուն առ հարիւրի իջաւ, ե՞րբ զերոյի պիտի հասնի… Պիտի հասնի՞, թէ՞ այդ աւարտին առաջքը առնելու միջոցներու մասին մտածուած է: Սփիւռքահայութեան այն հատուածը, որ դեռ նախանձախնդիր է, որ դեռ կ՛ուզէ պահպանել իր պատկանելիութիւնը, իր հայկական դիմագիծը, կրնա՞յ հանգիստ մնալ, վստահ ըլլալով, որ յանձնառու, անձնուրաց ղեկավարութիւն ունի, որ կրնայ պաշտպանել իր հօտը, մասնաւորաբար աղէտներու ժամանակ եւ ի պահանջեալ հարկին ճիշդ կողմնորոշում տալ անոր:
Հայկական առածը կ՛ըսէ. «Հայր մը տան թէ՛ աղան է, թէ՛ ծառան»:
Ղեկավարն ալ այսպէս ըլլալու չէ՞. թէ՛ աղա, թէ՛ ծառայ.
***
Թող տարօրինակ չթուի, եթէ վերոյիշեալ ղեկավարին մարմնացումը տեսնեմ այսօր ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի կրօնական եւ միութենական ղեկավարներուն մէջ: Այս պատերազմի երեք տարիներուն անոնց ըրածին իրազեկ ու ականատես ըլլալով, կրնամ վկայել, որ Հալէպի հայագաղութը, որ միշտ հպարտացած է իր հեղինակաւոր մարդոցմով, այսօր առաւել պատճառ ունի հպարտանալու: Սուրիական պատերազմի այս օրերուն, մեր երեք համայնքապետերուն, Շտապ օգնութեան մարմինին, ՀԲԸՄիութեան ղեկավարութեան ըրածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչՙ սխրագործութիւն: Անոնք թէ՛ ՏԷՐՆ են իրենց ժողովուրդին, թէ՛ ԾԱՌԱՆ:
Իսկ այսպիսի սրտցաւ ղեկավարութեան հովանիին տակ, տառապեալ ժողովուրդը քիչ մը աւելի հանգիստ կը քնանայ: