Երեւոյթներ կան, որոնք, եթէ սկիզբը յատուկ հակազդեցութիւն մը կը ստեղծէին, ապա կրկնուելով, կրկնուելով, ժամանակ մը ետք այնքան սովորական կը դառնան, որ մարդ այլեւս չ՛անդրադառնար անոնց գոյութեան, կամ նոյնիսկ անոնց մօտէն կ՛անցնի ու չի նկատեր:
Շատ քաղաքներ այցելած եմ, սակայն ոչ մէկ տեղ փողոցներուն մէջ մինչեւ ուշ գիշեր անցորդներուն ձեռք բացող մամիկներու չեմ հանդիպած, ինչպէս Երեւանի մէջ: 75, 80, 85 տարեկան, խորշոմած, կորաքամակ, ազազուն պառաւ կիներ ի՞նչ գործ ունին փողոցները այս ժամերուն, երբ իրենք, վաստակաբեկ, դժուար կեանքի մը տասնամեակներու ծանր բեռին տակ, լաւ կամ վատ ապրուած օրերու շղթայի վերջին օղակներուն, իրենց արդար իրաւունքը չէ՞ այլեւս հանգստանալ, տան մէջ շրջապատուած իրենց սիրելիներով, զաւակներով ու թոռներով:
Սակայն, ի՞նչ արդարութեան մասին կը խօսիմ, երբ զիրենք փողոց նետողը եթէ անսիրտ հարազատ մը չէ, ապա շատ հաւանաբար «գործատէր» մըն է, որ շահու անստգիւտ աղբիւր մը գտած, ով գիտէ ո՞ր զբօսավայրին մէջ այս մամիկներուն «շահած» դրամով խորոված կ՛ուտէ ու բաժակ բաժակի ետեւէ կը պարպէ. «Ձեր քաղցր կենացը, հայոց մայրեր…»
Պ. Սեւակը ինչպէ՞ս չէ տեսած ասոնց, որ մօր ձեռքերու մասին ամենաքնքուշ բանաստեղծութիւնը գրած է. երեւի իր օրերուն արգիլուած էր մուրացկանութիւնը, պետութիւն կար, օրէնք կար…
Հետաքրքրականը, բայց նաեւ ցաւալին այն է, որ մուրացիկները բոլոր կիներ են, գրեթէ տղամարդու չես հանդիպիր, եւ անպայման «ինչո՞ւ»ն հանգիստ չի տար քեզի. որովհետեւ տղամարդիկը կ՛ամչնա՞ն մուրալու. տղամարդիկը կիներու նման գութ չե՞ն առթեր անցորդներուն մօտ, թէ՞ Հայաստանի մէջ տուն պահողները աւելի կիներն են, քան տղամարդիկը. վկա՛յ բակերուն ու զբօսայգիներուն մէջ ժամանցի խաղերով տարուած այրերը.
Չեմ հասկնար, ինչո՞ւ համար այս երեւոյթը չ՛անհանգստացներ քաղաքային իշխանութիւնը կամ քաղաքապետին անձամբ, որ ճանչցուեցաւ որպէս Երեւանը գեղազարդող մարդ: Երեւանի գեղեցկութիւնը չի վրիպիր օտար այցելուի աչքէն, սակայն հաճոյքով չի նայիր քաղաքի ընդհանուր պատկերը աղարտող միւս երեւոյթին:
Ինծի համար երբեք առաջնային չէ օտար զբօսաշրջիկին տպաւորութիւնը այս պարագային: Աւելի կարեւորը, այս տգեղ եւ անմարդկային իրավիճակին աղարտումն է մեր ազգային, տոհմիկ նկարագրին. նոյնիսկ, ոտնահարումն է համամարդկային յարգանքի ըմբռնողութեան տարեցներու նկատմամբ:
Անոնք, որոնք այս անսիրտ, տգեղ արարքին ետեւն են, թող մէյ մը փորձեն իրենք զիրենք շպռտուած տեսնել փողոցները, իրենց յառաջացած տարիքին ու յետոյ շարունակեն իրենց շահաբեր «բիզնեսը»:
Աշխարհի բոլոր կրօններուն մէջ կայ «Յարգէ հայրդ ու մայրդ» պատուիրանը. Երեւի այդ մէկը աչքաթող եղած է այստեղ: