Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, աւելի քան 200.000 հաշուող հայկական գաղութը պարպուեցաւ զգալի կերպով: Անոնց երեք քառորդը արտագաղթեց, եւ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ՛ Միացեալ Նահանգներ: Իրանեան յեղաշրջումին մեծ թիւով պարսկահայեր շունչերնին առին նոյնպէս Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս որ տարիներու ընթացքին պոլսահայերն ալ նոյնը ըրին:
Չերկարեմ, երբ մեր հայաշատ գաղութները պարպուած են, արտագաղթողներուն «Մեքքան» եղած է Ամերիկան: Մեծ հայագաղութները ժամանակի ընթացքին նօսրացան, հայ կեանքը այդ երկիրներուն մէջ բաւական տուժեց ու մնացողները մեծ ճիգ ի գործ կը դնեն իրենց ինքնութիւնը պահպանելու համար: Շահողը եղաւ գլխաւորապէս Լոս Անճելոսը, ուր հաստատուող հայերը նոր «մինի»- գաղութներ կազմեցին.
Սակայն ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներ եւ ոչ Հայաստան:
Շատ փորձանուտ հարցում մըն է, որուն պատասխանը կրնայ աւելի ցաւոտ ըլլալ, քան հարցումը ինքը. Հայաստանը չ՛ունէ՞ր այն հնարաւորութիւնները, զորս անհրաժեշտ էին ներգաղթել փափաքողներուն բարօր կեանք մը ապահովելու համար: «Ինչո՞ւ»ն եւ անոր բացատրութիւնը միեւնոյնն են, ինչպէս վերի օրինակը: Այս հարցումը կրնայ նոյնիսկ քմծիծաղ յառաջացնել, մարդիկ պիտի չըսե՞ն,-Հայաստանահայերը շարան-շարան երկիրը կը ձգեն, մե՞նք հոն երթանք:
Այսօր պատկերը փոխուած է, սուրիահայերը իրենց կամքով կ՛ապաստանին Հայաստան, հայկական անձնագիրի ալ տէր կը դառնան, բայց, վերջնականապէս հաստատուելու եւ «ինտեգրուելու» դժուարութիւններու կը բախին. եւ ի՞նչ, ներգաղթէ ետք դարձեա՞լ արտագաղթ…
Այս բոլորը անկազմակերպուածութեան հետեւանք է. ամէն մէկը իր որոշումը ինք կը կայացնէ, եւ կը ստեղծուի քաոս մը, ուր, եթէ նոյնիսկ անհատը շահի, հայութիւնը կը տուժէ:
Դեռ կայ ուրիշ հարց մըն ալ. Սփիւռքի մէջ մենք դաստիարակուեցանք ու մեր կարգին դաստիարակեցինք սերունդներ, որ Հայաստանն է մեր վերջին հանգրուանը: Հիմա, երբ դժբախտութիւնը առիթ ընծայեց որ իրականանայ այդ փափաքը, ահազանգ կը հնչեցնեն եւ կոչ կ՛ընեն չլքել գաղութները: Ժողովուրդը իսկապէս շուար վիճակի մէջ է: Որո՞ւն հաւատալ, ի՞նչ բանի հաւատալ, ո՞ր ուղղութիւնը բռնել…
Տարտղնուեցանք ու դեռ կը շարունակենք տարտղնուիլ: Այսօր հազուագիւտ են այն ընտանիքները, որոնց անդամները միատեղ կ՛ապրին: Երկու, երբեմն երեք տարբեր քաղաքներու ու երկիրներու մէջ ցրուած են անոնք:
Բացի հարցին ազգային դժբախտութեան երեսէն, ընկերային մտահոգութիւն մըն ալ գլուխը ցցած է, որ կրնայ տագնապի վերածուիլ: Վերջապէս ազգի մը կարեւոր հիմնաքարերէն մէկ ալ ընտանիքն է, ուր կը պահպանուին լեզուն, մշակոյթը, հաւատքը, բարքերն ու սովորութիւնները: Քանդէ ընտանիքը, կը քանդուի ազգը:
Մէկը մտահոգուա՞ծ է. եթէ մտահոգուած է, ապա ի՞նչ կ՛ընէ: Պետութիւն, նախարարութիւններ, ազգային, կրօնական իշխանութիւններ…
Մեր վիրաւոր Սփիւռքը այս Քաոսէն դուրս բերելու համար ի՞նչ կ՛ընէք: