ՓՈԼԱՏԵԱՆ ՄԱՐՍԵԼ, Ֆրանսա
Նիսի դատարանը հինգշաբթի, սեպտեմբեր 25ին արձակեց իր վճիռը. Նիսի եւ Շրջակայքի կրօնական նախկին ընկերակցութիւնը (որ այժմ կը գործէ Boulevard de la Madeleine-ի վրայՙ Սուրբ Աստւածածին եկեղեցւոյ մէջ) չի կրնար յաւակնիլ մաս կազմել Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ: Անոր արգիլուած է այդ առնչութեամբ որեւէ յիշատակում իր կոչումին մէջ, ինչպէս նաեւ որեւէ գործունէութիւն, որ կրնայ կարծել տալ, թէ կը պատկանի այդ Եկեղցւոյ, ներառեալ ծիսակատարութիւնները այդ անունին տակ: Վճիռին պաշտօնապէս տեղեկացումէն ետք 8 օրուան ժամանակաշրջանէ մը սկսեալ, այդ արգելքին զանցումի իւրաքանչիւր օրուան համար 100 եւրո տուգանք սահմանուած է: Իսկ երեք ամսուան զանցումէ ետք կը ճշդուի պատիժի նոր չափ: