Լիբանանեան բանակի շուրջ 30 զինծառայողներ գերեվարուած կը մնան Սուրիոյ պատերազմին մասնկացող ահաբեկչկան խմբաւորումներու մօտ (ISIS եւ «Ալ Նուսրա ճակատ»): Ամիս մը առաջ, երբ լիբանանեան բանակը կը ձերբակալէր Ահմադ Ժումհա անունով իսլամիստ ծայրահեղական պատասխանատուն, ջիհադիստները արագ հակահարուած մը տալով գերի վերցուցին բանակայինները:
Դէպքը տեղի ունեցաւ Արսէլ աւանին մէջ, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Պէյրութէն 122 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ սիւննիներէ: Արսէլ, որուն տարածութիւնը 316 քառակուսի քիլոմեթր է, Սուրիական պատերազմին սկիզբէն ետք դարձաւ կիզակէտ: Անոր սիւննի բնակիչները իրենց տուները բացին այն գաղթականներուն առջեւ, որոնք Սուրիայէն խոյս տալով լեցուեցան աւանին մէջ:
Ոչ ոք կը մտածէր, թէ Արսէլը կրնար լարուած ռումբ եւ վտանգաւոր սպառնալիք դառնալ երկրի ընդհանուր անվտանգութեան համար:
Համայնքային շեշտուած դրութեամբ կառավարուող Լիբանանի համար սիւննի-շիիթ հակամարտութեան վտանգը միշտ առկայ է: Մինչ սիւննիի համայնքի մեծամասնութիւնը դէմ է Բաշար Ասադի վարչակարգին, անդին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բացայայտ թելադրանքով շիիթ «Հըզբոլլահ»ի զինեալ ջոկատներ կը մասնակցին անոր վարչակարգը պաշտպանելու համար մղուած մարտերուն:
Գաղտնիք չէ ուրեմն, որ Լիբանանը սուր բաժանումի մը գիրկին մէջ է:
Քրիստոնեայ եւ դիւրզի համայնքները նոյնպէս մաս կը կազմեն այդ բաժանումներուն:
Շուրջ տասը օր առաջ, երբ բանակի զինծառայող Ալի ալ Սայէդի (Սայէդ սիւննի համայնքի անդամ էր) գլխատուած նկարը Twitter-եան միքրոբլոգի միջոցաւ շրջառութեան մէջ դրուեցաւ, ոչ ոք կ՛ուզէր հաւատալ, թէ Սայէդ իրօք գլխատուած էր: Զարգացումները թէժացան, երբ Թրիփոլիի «Իսլամ կրօնաւորներ համախմբում»ի անդամները յայտարարեցին, թէ կը հրաժարին բանակայինները ազատելու իրենց նախաձեռնութիւնէն, ըսելով, թէ Քաթար եւ Թուրքիա կարեւոր նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գան եւ աշխատանք պիտի տանին փրկելու համար գերի ինկած զինուորները:
Այնուհետեւ իսլամիստները (ISIS եւ «Ալ Նուսրա» ճակատ) քանի մը անգամներ յայտարարութիւններ ըրին հաւաստելով, որ իրենք պատրաստ են բանակցիլ վարչապետ Սալամի կառավարութեան հետ: Անոնց գլխաւոր պայմանը Լիբանանի կառավարութեան բանակի գերիները Ռումիյէ գլխաւոր բանտին մէջ գտնուող իսլամիստ կարգ մը մեղադրեալներու հետ փոխանակումն էր:
Դրուած պայմանները բաւական ծանր էին: Իսլամիստները առեւանգուած իւրաքանչիւր զինուորի դիմաց պահանջեցին 15 մեղադրեալի ազատ արձակում:
Բայց հիմնական պահանջը կը մնար Ահմադ Ժումհայի ազատ արձակումը, որ իսլամիստներու (ISIS) կարեւորագոյն պատասխանատուն կը համարուի Արսէլի եւ սուրիական սահմանային շրջաններուն մէջ:
Անոնք նաեւ խոստացած էին, որ Ալի Սայէդի գլխատումէն ետք նպատակ չունին այլ գլխատումներ ընել: Բայց դրժելով իրենց խոստումը, սեպտ.ի 6-ին յայտարարեցին, որ գլխատած են երկրորդ բանակային մը, որ շիիթ համայնքէն է եւ կը կոչուի Աբաս Մըտլէժ:
Այս բոլորին դիմաց բարձրօրէն կը լսուի գերեվարուած բանակայիններու հարազատներուն արձակած ճիչը: Անոնք ամէն օր ճանապարհներ կը փակեն եւ կը յայտարարեն, որ վստահութիւն չունին կառավարութեան հանդէպ:
Ուշագրաւ է ուրեմն, որ Լիբանանի կառավարութիւնը լուրջ տագնապի մը առջեւ է: Եթէ կատարէ ծնողներուն փափաքը եւ ուղղակի բանակցութեան մէջ մտնէ զինեալներուն հետՙ զոհած պիտի ըլլայ բանակին վարկը: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ առանց նախագահի գոյատեւող այս երկրին համար վստահութեան միակ ապաւէնը լիբանանեան բանակը կը մնայ:
Ռազմական ընտրանքներու մասին թէեւ կը խօսուի, բայց յստակ է, որ մինչեւ 8 հազար զինեալներու համար ապաստան դարձած Արսէլ աւանի լեռնային շրջանները գրոհելու համար բանակը կարիքն ունի ոչ միայն յատուկ զէնքերու, այլեւ հիմնականըՙ արդիական օդուժի: Առնուազն այս հանգրուանին բանակի շարժումները կը խօսին այն մասին, որ անոր հրամատանատարութիւնը չի պատրաստուիր զինուորական պատժիչ գործողութիւն մը իրականացնել :
Կը մնայ հասկնալ, որ իսլամիստներու այս «ճարպիկ» քայլը լարուած ռումբի կը վերածէ ամբողջ երկիրը: Մինչ անոնք կը պահանջեն «Հըզբոլլահ»ի զինեալներուն Սուրիայէն հեռացումը, նաեւ պատանդներու տեսագրութիւններով կը յայտարարեն, թէ հիմնական նպատակը «Հըզբոլլահ»ը Քալամունի ճակատամարտէն հեռու պահելն է: Զինեալներուն համար Քալամունը Լիբանանի խիստ կարեւոր սահմանային այն շրջանն է, որ շուրջ տարի մը առաջ անցած էր ասադեան ուժերու տիրապետութեան տակ եւ հոն էր, որ «Հըզբոլլահ»ը բացայայտ կերպով յայտարարեց իր մասնակացութիւնը սուրիական պատերազմին:
Կը մնայ հարցադրումըՙ արդեօ՞ք վարչապետ Սալամի կառավարութիւնը հետզհետէ համաժողովրդային դարձող ճնշումներուն դիմաց տեղի պիտի տայ եւ բանակցութիւններ վարէ իսլամիստներուն հետ եւ կամ շարունակէ ապահովական «կարեւոր» համարուած ժողովներ գումարել եւ այդպիսով ժամանակ շահիլ:
Այս իրավիճակին մեծագոյն վտանգը սիւննի շիիթ համայնքներուն միջեւ լարուած դրութեան պայթումին վտանգն է, եւ հակառակ համակեցութեան մասին լսուող «հին երգերուն», դէպքերուն հետեւողի մը համար շատ յստակ է, որ եթէ արտաքին ճնշումներու ալիքը նուազի, ապա այդ հակամարտութեան պատրոյգը մէկ օրուան մէջ կրնայ վառիլ ու տակնուվրայ ընել երկիրը :
Գուցէ բանակի միաւորները դառնան այս լարուածութեան պատրոյգի վերացման գլխաւոր միջոցը:
Տակաւին չեմ խօսիր քրիստոնեայ համայնքներուն մասին, որոնք առանց յայտարարութիւն տալու սրդողած են եւ միայն բանակին մէջ կը գտնեն իրենց գոյութեան ապահովութիւնը:
Տեսարանները եւ գլխատուած զինուորներուն պատկերները իրապէս ցնցիչ են: Թէ ինչ աւարտ կ՛ունենայ այս ամէնը, ոչ ոք գիտէ: Բայց յստակ է նաեւ, որ Լիբանան իր քաղաքական կեցուածքներու միասնական որոշումի մը բացակայութեան գինն է որ կը վճարէ: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ շատ մը կողմեր կը փորձեն խառնակչութիւն ստեղծելով «գլխատուած հանրապետութեան» (նկատի ունիմ առանց նախագահի հանրապետութեան) մէջ անիշխանական վիճակ ստեղծել:
Շաբաթ երեկոյեան գլխատուած զինուորը շիիթ համայնքի անդամ էր: Մինչդեռ անկէ շաբաթ մը առաջ գլխատուած Ալի ալ Սայէդը սիւննի էր: Ու զարմանալի չէ, որ իսլամիստ զինեալները իրենց դրած կանոններով կը գործադրեն արձակուած սպառնալիքները միշտ փայփայելով այն հին երազը, որ Լիբանանի մէջ լարուածութեան պատրոյգը կը բոցավառի ու Սուրիոյ կրակներէն շուրջ երեք տարիներէ ի վեր ինքզինք հեռու պահող այս փոքրիկ երկիրը կը դառնայ փոքր պատերազմներու նոր թատերաբեմ:
Քաղաքական-ապահովական որոշումը ուշացած է, եւ պարզ է, որ մինչեւ հիմա իրենց դիրքերէն ոչ մէկ քայլ զիջած կողմերը նոր զիջումներու պիտի չերթան, բացի այն պարագայէն , երբ շրջանային ուժեր իրենց հայացքները Իրաքի Մոսուլէն, Նինուէէն եւ Սուրիոյ Ռաքքայէն ու Տէր Զորէն վեր հանելով մտածեն իրենց աչքերը ուղղել համայնքային սուր հակադրութիւններով գոյատեւող Լիբանանի վրայ:
Նկար 1. Լիբանանյան բանակայիններ ISIS-ի «ողորմածության» ներքո: