Միւռոն քհնյ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
28 յունիսի երեկոյեան, ի պատիւ կանադահայոց թեմի նորընտիր առաջնորդՙ Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեանի, Լաւալ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Սասնայ երկիր» ժողովրդական երգի-պարի երեկոյ մասնակցութեամբ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբին, ընդհանուր գեղարուեստական ղեկավարՙ Ջո Աւագեան: Սասնայ աւանդական եւ հայկական երգերով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն ժամանած երգիչ Ռուբէն Սասունցին: Հարիւրաւոր հայորդիներ, հոգեւորականներ եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ մասնակցեցան ի պատիւ նորընտիր առաջնորդին տրուած այս համերգին: Յիշեալ ձեռնարկը կազմակերպած էր Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Լաւալի Ս. Խաչ եկեղեցիներու ծխական խորհուրդը:
Հաջորդ օրը կանադահայոց թեմի նորընտիր առաջնորդը իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց Մոնթրէալի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Նաթան արք. Յովհաննիսեանի, ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու, Կանադայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմեն Եգանյանի ու տիկնոջ, Թեմական խորհուրդի եւ առաջնորդարանի յարակից մարմիններու անդամներու, հայկական կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներու: Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ առաջնորդական գաւազանի փոխանցում, որմէ ետք օրուան պատգամն ու քարոզը փոխանցեց նորընտիր առաջնորդը:
Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ «Մարի Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի բարի գալուստ առաջնորդ Հայր Սուրբին, եւ ի շնորհակալութիւն եւ հրաժեշտ Նաթան արք. Յովհաննիսեանի: Հայր Սուրբին բարեգալստեան խօսքով եւ կենսագրական տուեալներով հանդէս եկաւ տիկ. Լիզա Սվաճեան, որմէ ետք իրենց ողջոյնի խօսքերն ուղղեցին Կանադայի մէջ ՀՀ դեսպանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւՙ Վազգէն քհնյ. Պոյաճեանը, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանը: Ի շնորհակալութիւն Նաթան արք. Յովհաննիսեանի մէկամեայ առաջնորդական տեղապահի պաշտօնի ծառայութեանՙ եպիսկոպոսական մատանի նուիրուեցաւ անոր: Նաթան Սրբազանը յառաջիկայ օրերուն կը վերադառնայ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին: