Յունիս 17, 2014, ուրբաթ կէսօրին, Թէքէեան մշակութային միութեան Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղը, գլխաւորութեամբ ատենապետինՙ Յակոբ Վարդիվառեանի, ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Զոհրապ Մնացականեանի հետ Նիւ Եորքի դեսպանատան մէջ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ` փոխ-ատենապետներ` բժ. Վաղինակ Դարբինեան եւ Յարութ Չաթմաճեան, Շողիկ Չալեան` ատենադպիր, Սիրվարդ Դեմիրճեան` գանձապահ եւ բժ. Սվետլանա Ամիրխանեան:
Պարոն Յ. Վարդիվառեան, որ անդամ է նաեւ ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան, յանուն Թէքէեան մշակութային միութեան համայն անդամակցութեան եւ վարչական կազմերուն բարեգալուստ մաղթեց պարոն դեսպանին եւ, ինչպէս անցեալ աւելի քան երկու տասնամեակներուն, այնպէս ալ այժմ համագործակցութեան ձեռք երկարեց պրն Զ. Մնացականեանին, ազգային կարեւոր ձեռնարկներու առթիւ բերելու անվերապահ մասնակցութիւն: Ան վկայակոչեց, որ համերաշխ գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել նաեւ միւս հայկական կազմակերպութիւնները եւս դեսպանատան շուրջ:
Պարոն դեսպանը գնահատանքով խօսեցաւ ունեցած փորձառութեանը` Թէքէեան մշակութային միութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան զանազան պատասխանատուներու հետ իր պաշտօնավարութեան տարիներու ընթացքին Անգլիոյ, Զուիցերիոյ եւ Ստրազպուրկի, ինչպէս նաեւ` Երեւանի մէջ: Ան բարձրօրէն գնահատեց այս զոյգ կազմակերպութիւններու բարի աւանդըՙ հայրենիքին անվերապահութեամբ օգտակար ըլլալու հանգամանքը եւ ամրացնելու հայրենիք-սփիւռք կապերը, որոնք տասնամեակներու փորձառութենէն մեկնելով եղած են մի՛շտ օգտակար հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն:
Այնուհետեւ, դեսպանը Նիւ Եորքի հանրածանօթ թանգարանի` Մորգըն Լայբրըրիի մէջ եղաւ կէսօրուան ճաշի հիւրը ԹՄՄիութեան, ուր եւս շարունակուեցաւ զրոյցը: