ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Արաբական հետաքրքրական ասացուածք մը կայՙ «Մի ատէք բան մը, գուցէ բարի ըլլայ ձեզի համար»: Արաբերէն լեզուի ծանօթներուն համար անծանօթ ասացուածք մը չէ ասիկա : Հետաքրքրական է եւ իմաստուն, ինչպէս շատ ասացուածքներ եւ առածներ, որովետեւ յոռետեսութիւնը լաւատեսութեամբՙ հակակշռելու, կիսով լեցուն բաժակին միայն դատարկ կէսը չտեսնելու, մէկ խօսքովՙ բացասականը դրականի վերածելու խելացի խորհուրդ մըն է:
Հայերս, շատ պէտք ունինք այս խորհուրդին, մեր աւանդաբար ժառանգած տխրութիւնը ժպիտով փարատելու եւ անմիջապէս յուսահատութեան գիրկը չիյնալու համար:
Սուրիան պատուհասած պատերազմը, բնականաբար, պիտի պատուհասէր նաեւ հայ համայնքը Սուրիոյ տարածքին եւ յատկապէս Հալէպի մայր գաղութը, որուն որպէս հետեւանք հազարաւոր հայեր լքեցին իրենց տուներն ու ափ առին մերձաւոր եւ հեռաւոր երկիրներ, ըստ իրենց պայմաններուն, կամ նախասիրութեան:
Առիւծի բաժինը ինկաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի վրայ:
Արդէն երկու տարին անցած է, եւ ժամանակաւորապէս հեռացողները, պատերազմին աւարտը չտեսնելով հորիզոնի վրայ, փորձած են մնայուն կայք հաստատել, գործի ձեռնարկել եւ արմատաւորուիլՙ եթէ հնարաւոր է, ան ալ բազմատեսակ դժուարութիւններու կուրծք տալով:
Մինչեւ այստեղ բնական հոլովոյթն է պատահածին, եւ թերեւս զարմանաք, թէ սա ինչ կապ ունի վերը յիշուած ասացուածքին հետ:
Ըսե՛մ: Առանց անուններ տալու, երկիրներ կան, որոնք իրենց գաղթաշխարհի հայրենակիցները հայրենիք վերադարձնելու համար ի՜նչ միջոցներու կը դիմեն, ի՜նչ գրաւիչ հեռանկարներով կը համոզեն:
Մեր մանկութենէն ի վեր մեր երազը եղած է օր մը մէկտեղուիլ մայր հայրենիքի մէջ: Հաշիւը չկայ այս մասին գրուած յօդուածներու, բանաստեղծութիւններու, երգերու, գրաւոր ու բանաւոր կոչերու, որոնցմով ողողուած եղած է Սփիւռքը եւ սփիւռքահայերու հոգիները: Ու ահա, այսօր, առանց հայրենադարձութեան պետական ծրագրի, առանց նոր ներգաղթի մը, հազարաւոր հայեր արդէն ինքնաորոշմամբ, ինքնակամօրէն հասած են Հայաստան:
Հայրենի կառավարութիւնը պէտք չէ՞ր օգտուէր այս բացառիկ առիթէն ու դժբախտութիւնը բարեբախտութեան վերածէր: Այսինքն, իրենց տունն ու տեղը լքած սուրիահայերու դժբախտութիւնը փոխարինէր Հայաստանի մէջ կայք հաստատելու բարեբախտութեամբ:
Անշուշտ ասոր համար յատուկ ծրագիր պատրաստելու էր, եկուորները տեղաւորելու, անոնց աշխատանք ապահովելու եւ կեցութեան դիւրութիւններ ստեղծելու: Սակայն այս բոլորէն առաջ կարեւոր էր փափաքը.Հայրենի պետութիւնը պիտի փափաքէ՞ր նոր քաղաքացիներով լեցնել երկիրը, յատկապէս արտագաղթած հայրենահայերու ձգած բացը:
Անշուշտ միլիոնէ աւելի արտագաղթածներուն բացը հինգ կամ տասը հազարով չի լեցուիր, սակայն, վերջապէս, արհամարհելի թիւ մը չէ:
Վստահ եմ քմծիծաղողներ պիտի ըլլան եւ ըսեն, որ երբ հայրենի պետութեան հոգն անգամ չէ գացողները, ինչպէ՞ս կարելի է անկնկալել որ նորեկները ընդգրկելու համար միջոցներ ձեռք առնէ:
Սակայն, պատմութիւնը յիշողոթիւն ունի եւ սեւ կէտ մը պիտի դնէ անունին առջեւ հայրենի պետութեան, նաեւ տեղացի ժողովուրդի այն հատուածին, որ իր տարաշխարհի քոյրերն ու եղբայրները գրկաբաց ընդունելու փոխարէն, վանողական վերաբերմունք ցոյց կու տայ:
Միամտօրէն թող չըսուի, որ Հայաստանը այսպէս կը վարուի, որովհետեւ սփիւռքահայութեան կրօնական թէ ազգային ղեկավարութիւնը դէմ է գաղութները պարպելու: Քանի¬քանի անգամներ ըսուած է, որ սփիւռքը ժամանակաւոր վիճակ է, կարելի չէ ընդմիշտ սփիւռք մնալ, այսինքնՙ գաղութ, պահելով դիմագիծ, լեզու, ինքնութիւն: Երբ քու հողդ չկայ ոտքերուդ տակ, օր մը անպայման լուծուելու եւ ձուլուելու ես:
Որքան կանուխ ըլլայ հայրենադարձութիւնը, այնքան լաւ, քանի որ ամենադիմացկուն գաղութներըՙ Լիբանանն ու Սուրիան, կրնան դիմանալ միւսներէն քիչ մը աւելի երկար, սակայն վերջ ի վերջոյ պիտի չքանան:
Ասիկա գուշակութիւն չէ, ասիկա իրականութիւն է:
Չենք ուզեր դիմադարձել եղած կոչերուն, սակայն փափաքելի է, որ արտերկիր մնալ փափաքողը ազատ ըլլայ իր որոշումին մէջ, իսկ Հայաստան հաստատուիլ ուզողին համար ալ թող պայմաններ ստեղծուին:
Այս անորոշ, երկկենցաղ վիճակը պէտք է վերջ գտնէ, թէ չէ, երրորդ կողմնորոշում մը, որ սկսած է բոյն դնել կարգ մը գաղթած հայերու մօտ, կրնայ վարակել ուրիշներ ալ եւ այդ պարագային ոչ հայրենիքը կը շահի, ոչ ալ Սուրիան, այլՙ Շուէտն ու Հոլանտան:
Հալէպ