ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Ազգագրական անփոխարինելի նախաձեռնութեան մը ուրիշ մէկ փառաւոր արտահայտութիւնն է Հրայր Բազէի (Խաչերեան) վերջերս լոյս ընծայած «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի» հրաշագեղ ալբոմը, որ ներկայացուեցաւ Նիւ Ջըրզիի Թէքէեան սրահին մէջ Նիւ Եորքի Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ, դեկտեմբեր 15-ին: Հակառակ տեղացող ձիւնին ստեղծած երթեւեկի արգելքներուն, սրահ փութացած էին մշակութասէր հասարակութիւն մը եւ գնահատելի թիւով երիտասարդներ:
Հակառակ որ այս շրջանակին համար ծանօթ անձնաւորութիւն է Բազէն, սակայն ԹՄՄ վարչութեան պատասխանատուներէնՙ բժ. Վաղինակ Դարբինեանը հետաքրքրական կերպով իր ողջոյնի խօսքին մէջ ներկայացուց մոնթրէալաբնակ արուեստագէտ ու լուսանկարիչ Հրայրը:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ լուսարձակի տակ առաւ իր այս ալբոմը, որ նուիրուած է պատմական Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Միջին Արեւելքի մայր գաղութներու, Պոլիսէն մինչեւ Հեռաւոր Արեւելքի նօսրացած ու երբեմն միայն մէկ հայ բնակիչ ունեցող երբեմնի առոյգ հայկական համայնքներու, նախկին Խորհրդային Միութեան ու Ամերիկաներու տարածքին թէ Եւրոպայի մէջ փլատակ, կանգուն թէ աւելի նոր կառուցուած աղօթատեղիներուն, մատուռներուն, եկեղեցիներուն ու տաճարներուն եւ մեր նորանկախ Մայր հայրենիքին: Անոնք բոլորը կը տողանցեն այս ալբոմի էջերէն:
Ու մտովի ըլլալ ու քալել իրեն հետ այդ հեռաւոր ու երբեմն անմարդաբնակ մեր սարերուն ու լանջերուն` Վասպուրական աշխարհի Կտուցի ճգնարանն ու Վանայ լիճի Սուրբ Թովմասի լքուած մեր սրբավայրերը, կամ այրիացած մեր Անիի Ս. Աստուածածին եկեղեցին ու Տիգրան Հոնենցի Ս. Գրիգոր եկեղեցին, ցասումով վայելել Բանգլադեշի ու Սինկափուրի եւ Խարթումի մեր Աստուծոյ տուները: Երթալ Արցախ ու անցնիլ Նոր Ջուղա ու Ապատան: Երթալ Անթիլիասի մայրավանք ու Զմմառի Հայ կաթողիկէ մայրավանքը … երթալ մեր ծննդավայրերը` Պէյրութ, Այնճար, Դամասկոս ու Հալէպ ու անցնիլ Տէր Զօրէն, ուր սուրիական վերջին իրադարձութիւններուն ոճրագործ ձեռքեր ռմբահարել ջանացին մեր սուրբ նահատակներուն մատուռ-յուշարձանը:
Այցելեր է Նոր աշխարհ, ուր ամէն հայահոծ աւանի մէջ կանգնեցուցած ենք եկեղեցի մըՙ Կորդոբայէն մինչեւ Կարակաս, Ֆիլադելֆիայէն մինչեւ Հոլիվուդ ու Տորոնտօ … Երկա՜ր է շարքը: Հայաստանի անկախացումէն ետք Երեւանի ու Մոսկուայի մեր եկեղեցիները, տաճարները եւ զմայլիլ Սուրբ Էջմիածինով, իր նո՜ր ու հին ամրակուռ կոթողներով, թանգարաններով ու վերանորոգուած շրջակայ մատուռներով: Վերջապէսՙ Պոլսոյ մեր ազգային եկեղեցիներուն կը միանայ Սուրբ քաղաքը` Երուսաղէմ, ուր Հրայր ցոյց կու տայ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ունեցած ազգային-եկեղեցական հարստութիւնները:
Ե՛ւ հայ առաքելական, ե՛ւ հայ կաթողիկէ ու աւետարանական, ե՛ւ էջմիածնական կամ անթիլիասական եկեղեցիները, քով-քովի դրուած գեղեցիկ համադրութիւն մը կը կազմեն շքեղ այս ալբոմին էջերուն մէջ:
Նոր տարուան լաւագոյն որպէս նուէր, այդ օր անմիջապես սպառեցան ալբոմին օրինակները: Այս աշխատանքին համար կազմուած յանձնախումբի ժրաջան ատենապետուհին` Հիլդա Յարութիւնեան ջանք չէր խնայած թէքէեանավայել մակարդակով մը կազմակերպելու ձեռնարկն ու հիւրասիրութիւնը:
Հրայրին իսկ տողերով. «Այն ուղեւորութիւնները, որոնք այս գիրքին իրագործումն են, ուխտ մըն էրՙ որ կատարեցի, երբ կը պայքարէի քաղցկեղի դէմ: Երկրորդ կեանքի մը պարգեւը: 1993էն 2013 ճամբորդեցի համայն աշխարհի տարածքը եւ նկարեցի հայոց եկեղեցիները: Ահա՛ արդիւնքը այդ բոլորին»: