ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Այս որքա՜ն հայ արուեստագէտներ ունի Նիւ Եորքը … պիտի ըսեն ամերիկահայերը: Ե՞րբ հաւաքուեցան անոնք մեր այս քաղաքին մէջ: Եւ ինչո՞ւ: Ընդհանրապէս անոնք Հայաստանէն արտագաղթած հայեր են. անուննե՞ր. տա՛նք. մաեստրօ Խորէն Մէյխանաեճեան, պարիթոն Վաղարշակ Օհանեան, դաշնակահարուհի Լուսին Պատալեան, դաշնակահարուհի Կարինէ Պօղոսեան, յօրինող եւ դաշնակահար Կարէն Յակոբեան, երգչուհի Յասմիկ Մէյխանաեճեան, երգչուհի Անուշ Բարքլի, ջութակահար Դիանա Վասիլեան եւ դեռ ու դեռ: Բոլո՛րն ալ ծնունդը Խորհրդային Հայաստանի լաւ օրերու մշակութային հունձքին: Այո՛, չամչնանք ըսելու, որ անոնք զաւակներն են այն իշխանության, որ սիրեց մեր մշակոյթը, յարգեց իր արժէքները, գնահատեց զանոնք ու աշխարհով մէկ զանոնք ներկայացուց:
Սակայն, չտարածուինք:
Նոյեմբեր 20 Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր եկեղեցին չորրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ժամադրավայրը արուեստասէր նիւեորքահայ խաւին: Ամերիկայի Հայոց առաջնորդարանը, դարձեալ գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ ներկայացչութեան, կազմակերպեց ջութակահար Նունէ Մելիքեանի մենահամերգը: Ծնած Երեւանՙ դափնեկիր է ան մրցանակներու, ինչպէս` «Դավիդ Օյստրախ» Մոսկուայի միջազգային փառատօնին, «Անդրէա Փոսթաչինի» միջազգային մրցոյթին, ԼԻՍՄԱ հիմնարկութեան: Նուագած է Նիւ Եորքի Կարնըգի Հոլի եւ Մոսկուայի Բոլշոյ համերգասրահներուն մէջ:
Ան ուսանած է Կալինա Թուրչանինովայի անուան կեդրոնական երաժշտանոցին մէջ: Ավելի ուշ կը տեղափոխուի Քանադա, ուր կը ստանայ մագիստրոսի կոչումը Վլադիմիր Լանդմանի հսկողութեան ներքեւ: Ան եղած է կրտսերագոյն ուսանողուհին այդ հաստատութեան: Շուտով պիտի աւարտէ Նիւ Եորքի Ալբերտ Մարքովի երաժշտանոցի դասընթացները: Շնորհալի հայուհի մը, վերջապէ՛ս:
Դաշնամուրով անոր կ՛ընկերակցի Ռաիսա Քարկամանտովա, որ իր կարգին ծանօթ դաշնակահարուհի է:
Յայտագրին բացումը կը կատարէ concerts@saintvartan յայտագիրներու պատասխանատու Շողակ Յովհաննէսեան: Ան, գործակցութեամբ Ս. Վարդան Մայր եկեղեցւոյ լուսարարապետ Մամիկոն Ծ. վրդ. Քիլեճեանի, լաւագոյն մակարդակով, այս անգամ եւս կազմակերպած էր համերգը:
Յայտագիրը`
Fritz Kreisler (1875-1962) Prelude and Allegro, Recittativo and Scherzo op. 6:
Յոհաննէս Բրահմսի (1833-1897) Scerzo C minor op.: Ալեքսանտր Սպենդիարեանի (1871-1928) նշանաւոր «Ղայթարմա»ն: Արամ Խաչատուրեանի (1903-1978) «Աշուղներու նուիրուած երաժշտութիւն-բանաստեղծութիւն»ը (1922): Այնուհետեւ` Նունէի մեկնաբանութեամբ ծաղկաքաղ մը հրամցուեցաւ Խաչատուրեանի գործերէն եւ հուսկ` Մորիս Ռավէլի Tzigane op. 76 յայտնի գործը:
Համերգին ներկայ էին դիւանագէտներ ՄԱԿ-ի անդամ զանազան երկիրներէն, ինչպէս նաեւ` նախկին հայրենաբնակ ու մշակութասէր հայրենակիցներ: Նիւ Եորքի երաժշտասէր խաւը դարձեալ եկած էր ծափահարելու շնորհալի արուեստագիտուհիին:
Փակման խօսքը, յայտագրի աւարտին, ըրաւ թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանը: