ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ, Լոս Անջելես
Յիշատակելի ողջունահանդէս մը կազմակերպուած էր Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անջելըսի գործունեայ մասնաճիւղին կողմէ, ուրբաթ 2 օգոստոսի երեկոյեանՙ Գլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահէն ներս, գրասէր հոծ հասարակութեան մը ներկայութեան: Ձեռնարկը կը զուգադիպէր Ժագ Ս. Յակոբեանի ծննդեան 96-րդ տարեդարձին, եւ այս ուրախ առիթով բանաստեղծին վերջին հրատարակուած հատորըՙ «Յաւերժօրէն քոյդ…» գործը պիտի ներկայացուէր հասարակութեան:
Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Հրաչ Սեփեթճեանի բացման խօսքով ընթացք առաւ ձեռնարկին յայտագիրը: Առաջին հերթին հանդիսավարը ընթերցումը կատարեց լիբանանահայ գրող Արամ Սեփեթճեանի յղած ողջոյնի գիրինՙ մասնաւորաբար ուղղուած Ժագ Ս. Յակոբեանինՙ անոր ծննդեան հրատարակութեան զոյգ առիթներով:
Յատկանշական էին հանդիսավարին կատարած ընթերցումներըՙ մեծարեալին ուղղուած գնահատական գիրերուն, 1938-էն մինչեւ 2008 տարիներէնՙ Վահան Թէքէեանէն, Նիկոլ Աղբալեանէն, Գուրգէն Մխիթարեանէն, Մինաս Թէօլելեանէն եւ Սարգիս Վահագնէն: Գնահատականները արձանագրուած են Պէյրութ լոյս տեսած «Յաւերժօրէն քոյդ…» հատորի դարձաշապիկին:
Յայտագրին առաջին խօսք առնողը եղաւ ծանօթ հրապարակագիր, պրոֆ. Օշին Քեշիշեան, որ ներկայացուց բանաստեղծին անցնող 75 տարիներու հոգեւոր, գրական ու ստեղծագործական վաստակը, որ ետ կ՛երկարի մինչեւ 1938 թուականը, երբ լոյս կը տեսնէր Յակոբեանի առաջին քերթողագիրքըՙ «Գաղտնի ճամբայ»: Ան անդրադարձաւ Յակոբեանի քառասունէ աւելի գործերու հիմնական խմբաւորումներուն, շեշտը միշտ դնելով բանաստեղծական բառակերտումի շնորհալի յատկանիշին եւ գործերուն քնարականութեան վրայ: Յակոբեան քերթուածներու հսկայ թիւով իր հատորներուն կողքին ունի չորս արձակ գործեր եւ մէկ թատերական երկ: Քեշիշեան շեշտեց կարեւորութիւնըՙ Յակոբեանի աշխատակցութեան սփիւռքահայ գրական թերթերուն: Տասնամեակներու ընթացքին Յակոբեան մասնակցելով «Անի», «Նայիրի», «Ակօս» եւ «Շիրակ» գրական պարբերաթերթերունՙ զանոնք հարստացուցած է իր քերթուածներով:
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին բերելով իր մասնակցութիւնը, ծանօթ ասմունքող Մելօ Էքիզեան գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ կարդաց Յակոբեանի «Իմ առաջին ու վերջին սէր» վերնագրուած նամակըՙ գրուած 1943 սեպտեմբերին, Կահիրէ: Ձեռնարկին երաժշտական ելոյթով հանդէս եկաւ դաշնամուրի ուսուցչուհի Էլվիրա Սիմոնեան, որ նուագեց Արնօ Բաբաջանեանի «Էլեգիա» եւ «Նոքտիւրն» զգայուն գործերը բարձր վարպետութեամբ:
Յայտագրի երկրորդ խօսք առնողն էր վարչութեան անդամՙ գրականագէտ Լիլիթ Քեհէեանը, որ ներկայացուց նոր հրատարակուած «Յաւերժօրէն քոյդ…» հատորը: Իր խօսքի սկիզբին Քեհէեան ներկայացուց յաջողած բանաստեղծութեան յենակները եւ Ժագ Ս. Յակոբեանի գործը մեկնաբանեց որպէս բանաստեղծական սիրապատում: «Ժագ Ս. Յակոբեան «Յաւերժօրէն քոյդ…» խորագիրը կրող այս գիրքը հեղինակը կոչեր է հոգեբանական վէպ իրական կեանքէ, բայց ըստ իս, այն աւելի շատ օրագրութիւն է, ինքնակենսագրական փոքր հատուածներով… բացատրեց Քեհէեան, որ նամակներէն կարճ մեջբերումներ կատարելով յանգեցաւ սա կարծիքին. ««Յաւերժօրէն քոյդ…» հատորի օրագրային գրութիւնները եւս բանաստեղծական են, ուր նուիրուելու եւ նուիրաբերելու ցանկութիւնն անկեղծ է»: Որակաւոր մեկնաբանութեամբ յագեցած խօսք մըն էր Լիլիթ Քեհէեանինը:
Յայտագիրի այս հանգրուանին ընկեր Բարսեղ Գարթալեան կարդաց 100-ամեայ կրթական նախկին մշակ եւ հասարակական գործիչ ընկեր Երուանդ Պապայեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի գիրըՙ ուղղուած օրուան մեծարեալին, ան նոյն ատեն 96-ամեայ բանաստեղծը շնորհաւորեց Թեքէեան մշակութային վարչութեան կողմէՙ իր ծննդեան տարեդարձին առիթով, մաղթելով աշխատանքային նոր կորով ու առողջ կեանք մը:
Բեմ հրաւիրուելով, Ժագ Ս. Յակոբեան նախընտրեց սրահի հարթակին դրուած աթոռը գործածել եւ իր շնորհակալական խօսքերէն ետք յուզումով կարդաց երեք նամակՙ միշտ ուղղուած իր կնոջըՙ Ազատուհիին, զոր երբեմն կը կոչէ «Լիլոյշ»… Քիչ մը երկար, բայց հաճելի եւ սրտամօտ ելոյթ մըն էր բանաստեղծին կողմէ:
Հեղինակը հին ու նոր բոլոր գիրքերէն օրինակներ նուիրեց ձեռնարկին ներկայ գտնուող գրասէրներուն: