ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Գրասէր հասարակութիւն մը փութացած էր Գլենտէյլի կեդրոնական հանրային գրադարանի հանդիսասրահը, ներկայ գտնուելու Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ դոկտ. Արտեմ Սարգսեանի «Փրկութեան բանալի» հատորի ներկայացման: Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ատենապետ Վաչէ Սեմերճեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք, ընթացք առաւ յայտագիրը: Առաջին հերթին խօսք առաւ երկարամեայ դաստիարակ, «Նոր օր» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր եւ գիրքերու հեղինակՙ ընկեր դոկտ. Մինաս Գոճայեան, որ բախտաւորաութիւնը ունեցեր էր օրուան մեծարեալին պաշտօնակիցը ըլլալու Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն ներս, 1970-ական թուականներուն: Մ. Գոճայեան ներկայացնելով Արտեմ Սարգսեանի կենսագրութիւնը, յիշատակեց արեւմտահայերէնի մասնագէտ բանասէրին գիտական աշխատութիւնները, հրատարակած գործերը, ներկայացուց մանաւանդ սրամիտ, բանասիրական լայնածիր գիտութեան տէր հեղինակը, պաշտօնակիցը եւ բարեկամը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ հայերէն լեզուի դասախօս տիկին Նազելի Գոճայեանը, որ հաճելի հատուածի մը ընթերցումը կատարեց նոր հրատարակուած հատորէն, գաղափար մը տալու համար վէպի լեզուին ու բովանդակութեան մասին:
Երրորդ խօսք առնողն էր ծանօթ մտաւորական, մամուլի անխոնջ աշխատակից Վահան Բահարեանը, որ վայելած է Ա. Սարգսեանի բարեկամութիւնը, երբ ուսանողական շրջանին ինք եւս գիտաշխատող մըն էր: Բահարեան ամփոփ ներկայացումը կատարեց «Փրկութեան բանալի» գործին: Երկու հիմնական բաժիններով այս գործը կը բաղկանայ «Փորձութիւն» եւ «Փրկութիւն» մասերէ: Գործին ընդմէջէն Վահա Բահարեան ներկայացուց արդի քաղաքակրթութիւնը յուզող հրատապ հարց մըՙ աշխարհի կործանումը, որ ենթադրաբար պիտի պատահէր 2012 տարուան Դեկտեմբեր 21-ի օրըՙ որմէ ծնունդ առած է գիրքին ենթավերնագիրըՙ 12/21/2012: Հեղինակին ստեղծած կերպարըՙ Հանս Վերֆէլ, սիրոյ եւ տագնապի, պայքարի երազանքներով հարուստ վէպին հիմնական առանցքը կը կազմէ:
Հատորի ներկայացումէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ հեղինակը, որ շնորհակալական անկեղծ արտայայտութիւններ ունէր կազմակերպիչներուն եւ յայտագիրի մասնակիցներուն ուղղուած:
Գինեձօնի կարճ արարողութեամբ վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:
Հեղինակը սովորութիւն դարձող ձեւին դիմեց հասնելու համար ընթերցողներուն. ան հրատարակուած հատորէն մէկական օրինակ նուիրեց իւրաքանչիւր ներկայի: