Անցեալ շաբաթ օր շտապեցի ճաշարան հասնիլ ժամը 1:00-էն առաջ, խուսափելու համար խճողումէն, որ կը պատահի ճաշարանին կից գտնուող հսկայ հաստատութեան կէսօրեայ ընդմիջման ժամանակ, երբ տասնեակներով պաշտօնեաներ հերթի կը կանգնին ինքնասպասարկումով իրենց ճաշը ընտրելու, ուտելու եւ վերադառնալու իրենց գործին:
Ներս մտայ, տնօրէնը խնդրեց պատուաստումի փաստագիրս ցոյց տալ. անդրադարձայ, որ սկսած են կիրառել սահմանափակումը: Ցոյց տուի ու ճաշս առած` սկսայ զայն վայելել: Ժամը մէկը անցաւ, երկու-երեք հոգի մօտեցան մատուցողին, քանի մը վայրկեան ետք` դարձեալ մէկ-երկու հոգի: Անցաւ կէս ժամ, սովորական եռուզեռը չկար: Ամէն օր, որ գոնէ յիսուն հոգի մը նստած կ՛ըլլան ճաշելու, այսօր միայն հազիւ 8-10 հոգի էին: Զարմանքս չթաքցուցի ու տնօրէնին հարցուցի, թէ ինչո՞ւ այսօր ամէնօրեայ խճողումը չկայ:
-Չէ՞ որ պարտադրուած է պատուաստումի փաստագրով ներս մտնել, չեն գալիս: Շատերը չեն պատուաստուել, չեն էլ ուզում պատուաստուեն:
-Այս քանի՞ օր է այսպէս է,- հարցուցի,- Արդէն 4 օր եղաւ, -ըսաւ, զգալի մտահոգութեամբ: Ստուգող կա՞,- հարցուցի:- Այո, առջի օր եկան եւ նստողներէն պահանջեցին փաստագրերը, ապա խիստ կերպով զգուշացուցին որ խախտում չկատարուի:
– Որ այսպէս շարունակուի, ի՞նչ պիտի ընէք,-ըսի,- չգիտեմ,- ըսաւ,- սպասենք, տեսնենք:
Յաջորդ օր, կիրակի, քաղաքին յայտնի փիցցայի ճաշարաններէն մէկը գացի: Ներս մտայ, երկու մատուցողներ թեւերնին ծալլած` կեցած էին անգործ. սրահը լրիւ պարապ էր: Կիրակի կէսօր, եւ ճաշարանը դատա՞րկ…
Այսպէս որ շարունակուի, երեւի շատ մը ճաշարաններ, սինեմաներ, թատերասրահներ, թանգարաններ եւ նման վայրեր անբաղձալի վիճակի պիտի մատնուին: Արդեօք ինչքանո՞վ այս արգելքը պիտի ազդէ ժողովուրդին վրայ, պիտի ստիպուի՞ն պատուաստուիլ, թէ՞ ընդհանրապէս վազ պիտի անցնին այսօրինակ վայրեր այցելելէ, քանի որ շատ անձեր գիտեմ, որոնք կտրականապէս կը մերժեն պատուաստուիլ, չհաւատալով վարակի լրջութեան: Արդէն Եւրոպայի մէջ կատաղի ցոյցեր կը կատարուին սահմանափակումներուն դէմ: Հեռատեսիլէն օրը քանի անգամ ցոյց կը տրուի Պրիւքսէլի մեծածաւալ ցոյցերը. (Հետաքրքրական է, որ այդ ցոյցերուն գլխաւոր կազմակերպիչը հայ մըն է` Սարգիս Սիմոնեան անունով…):
-Պետութիւնը արգելք կը դնէ այցելելու այնպիսի վայրեր, ուր վարակուելու հնարաւորութիւնը մեծ չէ, բաղդատած քաղաքի «մարշուտնիներուն», որոնց մէջ մարդիկ այնքան իրարու սեղմուած կ՛ըլլան, որ անոնց տեսքն իսկ կը սարսափեցնէ: Թող նախ անո՛նց լուծում գտնեն, վարակի բոյները այդ երթուղիներն են, -կ՛ըսեն մարդիկ:
Քանի մը օր առաջ վարակուածներուն թիւը աննախընթացօրէն ահաւոր բարձր արձանագրուած էր դիմատետրին մէջ` 3536… Աչքերուս չհաւատացի, այսպիսի թիւ երկու տարիէ ի վեր չէր արձանագրուած, երբ անցեալ շափաթներուն 200-300-ի շուրջ էր: Ի՞նչ պատահեցաւ յանկարծ: Այս մասին դեղագործի մը հետ կը խօսէի, ըսաւ` սուտ է, մասնաւոր կը վախցնեն ժողովուրդը, որ վազէ, պատուաստուի: Եթէ իրական ըլլար, օրը տասնեակներով հիւանդներ պիտի ունենայինք դեղատոմսը ձեռքերնին, տնային ինքնաբուժումի դեղերու համար, սակայն ճիշտ հակառակը: Այդպիսի բան չկայ օրերէ ի վեր:
Մէյ մը որ մարդիկ այս կառավարութեան հանդէպ իրենց հաւատքը կորսնցուցին, անոր առած ամէն որոշում, օգտակար կամ` ոչ, լուրջի չեն առներ:
Մարդ պատճառ մը պիտի ունենայ, որ բժիշկի ու դեղի դիմէ. ցաւ պիտի զգայ, անհանգիստ պիտի ըլլայ: Այս համավարակին պարագային շատեր, երբ ոչ ցաւ կը զգան, ոչ ալ որեւէ անհանգստութիւն, քիչ մը հազը, կամ հարբուխի նախանշանները այնքան սովորական են, որ վարակուելէ ապահով կը զգան ինքզինքնին: Պետութիւնը, ինչպէս այլ երկիրներու մէջ, ժողովուրդը համոզելու ձեւեր կ՛որոնէ, բացատրելով, թուանշաններու լեզուով խօսելով, նոյնիսկ «վարձատրութիւն» խոստանալով, կամ վախցնելով ու պարտադրելով: Երկու տարի եղաւ, ու տակաւին 100% յայտնի չէ Covid 19-ին ինչ ըլլալը: Պատուաստումներու թիւը հասաւ 3-ի, 4-ի, ու դեռ մարդիկ կը վերավարակուին: Ահա՛ վարչապետը, որ պատուաստումներէն ետք, ինքնամեկուսացումի դիմեր է, որուն համար կ՛ըսեն յերիւրածոյ է, շարք մը պարտաւորութիւններէ խոյս տալու ձեւ է: Ի՞նչ բանի հաւատաս, չես գիտեր: Սա պատուաստը պիտի օգնէ՞ մարդոց, թէ՞ անհամ կացութիւններու դուռ պիտի բանայ: