Երեւանի 2800-ամեակի զբօսայգին, կամ, ինչպէս ժողովուրդը կը կ՛անուանէ՝ «Վարդանեաններու պուրակ»ը, իսկապէս բարիք մը եղաւ մայրաքաղաքին համար, իր անթերի գեղարուեստական կառոյցով, իր հազարակն մարմարակերտ ցայտաղբիւրներով, խճանկարային սալայատակ ծառուղիներով, մարգագետիններով, հանգստաւէտ նստարաններով, եւ ի մասնաւորի՝ տարատեսակ ծաղկաւէտ ծառատեսակներով:
Հսկողութիւնն ու խնամքը անպակաս են, մաքրութիւնը բացառիկ. բարերարները ոչինչ խնայած են, որ պուրակը դառնայ իւրայատուկ հանգստավայր մը, վայել Երեւանին:
Բնակարանիս մօտ ըլլալուն՝ իմ ամենօրեայ զբօսավայրս է: Ձմրան եղանակին շատրուանները կը լռեն, իսկ ամրան սկիզբէն մինչեւ աշուն ջուրերը պար կը բռնեն իրենց ելեւէջներով ու գլգլոցներով: Մարդիկ անոնց շուրջի նստարաններուն վրայ կը հանգստանան, երբեմն ալ աչքերնին գոց մրափ մը կ՛առնեն «օրօր» երգող ջուրերու ձայնին անձնատուր:

Այսքանը պուրակին դրական երեսն է, երես մը, որ օդի աննախընթաց ջերմութեան հետ կը սկսի աղաւաղուիլ, երբ ընտանիքներ իրենց մանր-մունր երեխաներով, երբեմն ալ հօրքուրով, մօրքուրով, տատիկով ու մամիկով կուգան, կը շրջապատեն ջրաւազանները, կամարակապ ցայտաղբիւրները, յատուկ կշռոյթով ելեւէջող շատրուաններն ու կը սկսի երեխաներուն «սթրիփ թիզը»… անմիջապէս կը մերկացնեն երեխաները, վրանին ձգելով անոնց լողազգեստները, շատ փոքրերը վարտիքով, ու հառայ-հռոցով կը նետուին ջուրերուն տակ, կամ աւազաններուն մէջ, կը թրջուին, ուրախութեան ճիչերը կը լեցնեն միջոցները, ծնողները ուրախ են, ձրի ծովափ, կամ լողաւազան, ձեռքի հեռաձայններուն քամերաները անդադար կը գործեն, ամէն ոք կ՛ուզէ նկարուիլ, հիանալի է, ժպիտներն ու ծիծաղը, միախառնուած երեխաներուն ծղռտոցներուն ու պոռչտուքներուն, իրապաշտական պատկեր մը կը ստեղծեն, որուն մասին թերեւս չէին իսկ մտածած բարերարները: Հանդարտ, խաղաղ պուրակին դէմքը կը փոխուի: Ջուրէն ելլողները կը վազեն իրենց ծնողքին մօտ, բաղնիքի ցամքոցները պատրաստ են, կը փաթթեն երեխաները ու արեւին տակ կը նստեցնեն: Ուրիշներ, փոխնորդ բերած, հանել կու տան թրջուած վարտիքներն ու լողազգեստները, ցամքոցները վարագոյրի վերածած կը պահպանեն երեխան, յատկապէս աղջնակները, որոնք արդէն կ՛ամչնան բացէ-բաց հանուելէ: Արեւէն կրակ կտրած նստարաններուն վրայ կը փռեն թրջուած վարտիք ու շապիկ:
Պուրակը զուգարան չունի, իսկ երեխաները ջուրը մտնելուն պէս, անպայման պիտի «փախցնեն», իսկ չփախցնող դիմացողները, ջուրէն դուրս, ի չգոյէ զուգարանի, կողմնակի, պուրակը եզերող ծառերուն տակ կ՛ընեն, հապա ի՞նչ ընեն, պահե՞ն, տակերնի՞ն ընեն:
Ու կը նայիմ կապոյտ շապիկներով հսկիչ- պահակներուն, որոնք շուար ու անօգնական այս գրոհին դէմ՝ չեն գիտեր ինչ ընեն: Լա՛ւ, թող ուրախնան երեխաները, ասոնք մեր երկրի ապագան են: Կ՛աղտոտե՞ն, կը մաքրենք, ի՞նչ կայ որ:
Այս ամառ, այգիներն ու մեր պուրակը այցելող օտարերկրացիները, մեծ մասամբ ռուսեր, անոնք ալ կը կը վայելեն ջուրերը, սակայն տեղացիներուն չափ համարձակ չեն, քիչ մը վերապահ, քիչ մը զուսպ: Յայտնի է, որ սովորական, ժողովրդական խաւէն չեն, մեծամասնութեամբ գործարարներ են, որոնք պատճառ դարձան որ տուներուն վարձքերը վեր խոյանան: Նոյնիսկ Euronews-ը անդրադարձած էր այս հարցին ու հայ-ատրպէյճանական բանակցային հանդիպումի լուրերէն անմիջապէս ետք, ըսին, որ Երեւանի մէջ բնակարաններու վարձքերը 32%-ով բարձրացում արձանագրած են:
Սուրիահայ վարձակալներուն սիրտը կը փրթի, որ յանկարծ տանտէրերը վարձքը չբարձրացնեն, կամ զիրենք հանեն ու ռուսերուն վարձու տան: Լաւ որ այգիները անվճար են, յատկապէս Վարդանեաններու պուրակը, որ նաեւ լողաւազանի վերածեցին մեր «նրբանկատ» հայաստանցիները: Բանի մը համը չեն հաներ, սիրելի երեւանցիներ, այս բարերարները միլիոններ ծախսեր են այս պուրակին վրայ, զգոյշ վարուեցէք, պահպանեցէք անոր գեղեցկութիւնը:
Տաքը ոչ միայն մարդիկը կը քրտնեցնէ, այլ հրդեհներու ալ պատճառ կը դառնայ, արեւմտեան Եւրոպայի անտառները կը հրկիզուին այս օրերուն: Մարդոց կրնա՛ս խօսք հասկցնել, եղանակին ինչպէ՞ս խօսք հասկցնես:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ