Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն Արեւմտեան Հայաստանը չկրցաւ վայելել Արեւելեան Հայաստանի նեցուկը, Թուրքիոյ հետ սովետներու բարիդրացնութեան զոհ երթալով: Եկաւ անկախութիւնը, պարզ էր մեզի համար, որ մեր դատն ու հողերը այլեւս օրինական պաշտպան պիտի ունենային: Կարճ տեւեց այդ «կէս բերան» Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը՝ «Յիշում եմ եւ պահանջում», բան մը՝ որ բաւական զօրաւոր քարտ էր բանակցութիւններու սեղանին վրայ դրուելու, մինչեւ որ հարցերը այնքան սրեցան, որ պատերազմին մեր պարտութեան հետեւանքով այդ ճանաչումի պահանջքն ալ ջուրը ինկաւ, զոհ երթալով «Առանց պայմաններու Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններուն» եւ Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութիւնը վայելող Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն: Հիմա Հայաստանը պահանջք չունի Թուրքիայէն: Ան նոյնիսկ ձեռքը քաշեց Արցախէն ու յայտարարեց, որ արցախցիները իրենց գլխուն ճարը իրենք թող նային, որովհետեւ վարչապետը պատրաստ է շատ մը զիջումներու երթալու՝ Հայաստանի սամանները անթափանց պահպանելու համար: Անթափանցը՝ թափանցիկ եղաւ ու մարդիկը մտած վայրերէն ետ չքաշուեցան, ոչ ալ գերիները վերադարձուցին: Հայաստան սկսաւ կծկուիլ թէ՛ տարածքով, թէ՛ ալ (չ)պահանջատիրութեամբ:
Մենք այլեւս յոյս չունինք, որ երբեւէ մեր անժամանցելի դատը սեղանի վրայ կը դրուի: Անժամանցելին՝ ժամանցեալ եղաւ, որպէս բարի կամքի արտայայտութիւն Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ հաշտութեան մթնոլորտ ստեղծելու:
Սփի՛ւռք, գլխուդ ճարին նայիր: Աշխարհով մէկ տարտղնուած հայե՞րը պիտի հետապնդեն մեր դատը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութի՞ւնը, թէ՞ մեր երեք կուսակցութիւնները… Թուրքիան որո՞ւ հետ պիտի նստի բանակցելու, եթէ օր մը հրաշք պատահի, կամ միջազգային ճնշումներու տակ Թուրքիան տեղի տայ եւ համաձայնի սփիւռքահայութեան հետ դէմ առ դէմ նստելու ու բանակցելու: Այս պարագային սփիւռքահայութիւնը ո՞վ է, անմարմին գոյակցութի՞ւն մըն է, վերացական անուանումով. ո՞վ պիտի ներկայացնէ համայն սփիւռքահայութիւնը:
Տարիներ առաջ Հալէպ եկած էր Կիրօ Մանոյեանը եւ հանդիպում ունեցաւ տեղի հայութեան հետ: Իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց հայութեան, որ դիմում ներկայացնեն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար: Իր այս կոչին վրայ ես իրեն հարց տուի ըսելով՝ եթէ բոլոր սփիւռքահայերը Հայաստանի քաղաքացի դառնան, ատիկա պատճառ չի՞ դառնար մեր դատն ու պահանջատիրութիւնը կորսնցնելու, քանի որ «Երկրէն բռնահանուածներու ժառանգորդները, որպէս անհայրենիք զանգուածներ, եթէ կորսուած իրենց հայրենիքը պահանջեն, Թուրքիան կրնայ պատասխանել, որ դուք Հայաստանի քաղաքացիներ էք, ուրեմն հայրենիք ունիք, ալ մեզմէ հայրենիք պահանջելու իրաւունք չունիք»: Պր. Մանոյեան ըսաւ, թէ ճիշդ հակառակն է, մեր Հայաստանի քաղաքացի ըլլալը կը նպաստէ մեր դատին… Թէ ինչպէ՞ս, չհասկցայ:
Այն օրէն ի վեր արշաւ մը սկսաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու՝ երկքաղաքացիութեան իրաւունք ունեցողներուն կողմէ, մինչեւ որ բաւական մեծ եղաւ թիւը սփիւռքահայ դիմորդներուն, որոնք երկքաղաքացիութեամբ սկսան վայելել անոր բարիքները, մասնաւորապէս Հայաստան կայք հաստատելով անշարժ գոյքի սեփականատէր դառնալով եւ աշխատանքի ու ձեռնարկութիւններու նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելով:
Հայաստան օգտուեցաւ անոնց ներկայութենէն, երկրին տնտեսութիւնը աւելի զարգացաւ, բնակարաններուն գիները մագլցում արձանագրեցին: Նիւթականէն անջատ, այլ ոլորտներ ալ «պատուաստուեցան» նորութիւններով, պէսպիսութիւնը իր բարերար գործը կատարեց:
Այս բոլորը՝ շատ լաւ, սակայն ո՛չ արեւմտահայերէնը լուրջ պետական պաշտպան ունեցաւ, ո՛չ ալ մեր դատը տեղէն շարժեցաւ: Թուրքիոյ մէջ որոշ թոյլտուութիւններ ի նպաստ մեր պահանջքներուն՝ որոշ չափով մեղմացուցին ժխտականութիւնը, սակայն՝ այդքան միայն. աւելին սպասել Անգարայէն՝ անիմաստ էր, տեսանք ինչ դիրք բռնեց Թուրքիան ի նպաստ Ատրպէյճանի:
Հիմա սփիւռքահայը անմխիթար է, նոյնիսկ ԱՄՆ-ի Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք: Ուրեմն, վա՞զ անցնիլ ամէն ինչէ, ծալել մէկ կո՞ղմ դնել իրերայաջորդ սերունդներու պահանջատիրութիւնը, թէ՞ նոր ձեւ մը գտնել Դատը շարունակելու: Սփիւռքը ՄԷ՛Կ գլուխ ունենալու է, որուն մէջ հաւաքուած ըլլան բոլոր քաղաքական հոսանքները, կրօնական կառոյցները, հասարակական-բարեսիրական-մշակութային մարմինները… Մէկ խօսքով՝ համայն սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող գերագոյն մարմին մը: Կարելի՞ է, ինչո՞ւ ոչ: Կամենալը՝ կարենալ է:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ