Երուսաղէմի Մեծ Տագնապին Առիթով Համախմբուիլ Ի խնդիր Ազգային Դարաւոր Ժառանգութեան՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Հայ Ժողովուրդի Շահերուն
Մինչ Հայ ժողովուրդը Հայաստանի Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կը դիմագրաւէ իր արդի պատմութեան ամենադժուարին ու ճակատագրական օրերը, ծանրակշիռ տագնապի մը մտահոգիչ լուրերը կու գան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատքի պատմական կեդրոններէն՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան շրջանակներէն:
Ինչպէս յայտնի է, հայաշխարհը ցնցող նշեալ լուրերը անմիջականօրէն կապակցուած են Երուսաղէմի հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի եւ հաւանական այլ տարածքներու հետ կապուած աղմկայարոյց վարձակալման հարցին հետ: 99 տարուան ժամկէտով կնքուած նշեալ չարաբաստիկ պայմանագիրը արդէն իսկ ատենէ մը ի վեր աղմկայարոյց բնոյթ կը կրէր:
Նկատի ունենալով ընդհանրապէս Երուսաղէմի պատկանելիութեան կարգավիճակի քաղաքականապէս նուրբ պարագան, նշեալ վարձակալական խնդիրը շրջանցած է սոսկ հայկական մտահոգութիւն ըլլալու հանգամանքը եւ արձագանգ սկսած է գտնել տարածաշրջանային եւ միջազգային պետական հարթութիւններու վրայ: Յիշեցնենք, որ անոր կնքման անմիջապէս յաջորդած էր Պաղեստինի իշխանութիւններուն անհանգստութիւնն ու ընդվզումը արտայայտող նկատառումը՝ յանձնուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ուշադրութեան։
Այս առանց այն ալ բարդ իրավիճակին, Յորդանանի թագաւորութեան եւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան իշխանութիւնները վերջին օրերուն տեղեկացուցած են, որ որոշած են դադրեցնել Երուսաղէմի Ս. Աթոռի գահակալ Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի պատրիարքական հանգամանքին ճանաչումը։
Ի տես Հայաշխարհը մտահոգող սոյն տագնապալի կացութեան, ՌԱԿ-ի Համակարգուած Մամուլի Խմբագիրներու Խորհուրդը վերջերս հրատապ հանդիպում մը ունեցաւ, քննարկելու համար առաջնահերթօրէն ինքզինք պարտադրած ազգային-եկեղեցական սոյն յոյժ կարեւոր օրակարգը: Նոյն հանդիպման հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պրահայի (Չեխիա) «Օրեր» հանգանամաւոր ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը, որ լրագրողական առաքելութեամբ վերջերս գտնուած էր Երուսաղէմ: ։
Ժողովականները կարեւոր նկատեցին այս հանգրուանին՝
Ա. Հեռու մնալ իրավիճակը աւելի եւս սրող եւ տագնապին առարկայական տուեալները առանց հաստատած ըլլալու՝ անպատասխանատու լրատուութենէ:
Բ. Որդեգրել ինքնազսպումի եւ յառաջացած խնդրին հանդէպ առարկայական մօտեցում:
Գ. Այս գերզգայուն պահը նկատել անօգուտ մեղադրանքներ եւ ամբաստանութիւններ ընելէ վեր եւ ըստ այնմ մօտենալ խնդրին, այս հանգրուանին որպէս գերագոյն առաջնահերթութիւն՝ նկատի ունենալով ընդհանրապէս համազգային եւ ի մասնաւորի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքական Սուրբ Աթոռին ու անոր շուրջ համախմբուած Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ու Երուսաղէմի արդէն իսկ նօսրացող Հայ համայնքին գերագոյն շահերը:
Դ. Ապահովել համահայկական համախմբում եւ ստանձնել հաւաքական պատասխանատուութիւն՝ նուազագոյն վնասներով դուրս գալու ստեղծուած ճգնաժամէն:
Ե. Այսուհանդերձ եւ առաջնահերթութիւնները պահելէ ետք, անհրաժեշտ է ձեռնարկել խիստ լուրջ քննութեան մը՝ բացայայտելու համար այս խորապէս անպատասխանատու յանցագործութեան բոլոր դերակատարները եւ համապատասխան պատժամիջոցներու ենթարկել զանոնք։
Վերջապէս, ՌԱԿ-ի Համակարգուած Մամուլի Խմբագիրներու Խորհուրդը հաստատեց իր պատասխանատու յանձնառութիւնը մօտէն հետեւելու ստեղծուած վիճակին, հանրութիւնը վերահասու դարձնելու զարգացող իրադարձութիւններուն:
Լիայոյս ենք, որ ստեղծուած սոյն՝ աւելի քան բարդ կացութիւնը շուտով կը թեւակոխէ բաղձալի հանգուցալուծման փուլ մը:
ՌԱԿ-ի Համակարգուած Մամուլի Խմբագիրներու Խորհուրդ