Մօտ կէս դար առաջ ձեռքերնիս անցաւ շատ հետաքրքրական գիրք-աթլաս մը, որ հին գիրքերու, լուսանկարներու, ձեռագիրներու եւ զանազան իրերու հաւաքորդ համեստ հալէպահայ երիտասարդ մը գնած էր տեղացի հնահաւաքէ մը: Գիրքը 1911-ին տպուած, հրատարակութիւնն էր Օսմանեան կայսրութեան ռազմական նախարարութեան, որուն մէջ հռոմէական շրջանէն սկսեալ Մերձաւոր Ասիոյ երկիրներու եւ բնակչութեան քարտէսները տպուած էին իրենց օսմաներէն տառերով եւ անուններով: Իրերայաջորդ քանի մը քարտէսներու մէջ յստակ կերպով պատմական Հայաստանի տարածքին վրայ գրուած էր «Էրմէնիստան» եւ յարակից պետութիւնները, սակայն քրտական շրջաններուն վրայ բնաւ չէր գրուած «Քիւրտիստան», այլ՝ «Քիւրտլէր» (Քիւրտեր): Այս փաստաթուղթը նոյնինքն հայերու պատմական հայրենիքը մերժող թրքական կառավարութեան խոստովանութիւնն էր, որ հայերը նախքան Քրիստոս ընդարձակ կայսրութիւն մը ունեցած են, որ տեւած է մինչեւ Բագրատունիներու անկումն ու Անիի յանձնումը:
Քարտէսագիրքը լուսահոգի նպարավաճառ-թատերական գործիչ Խորէն Փիլաւճեանի* հաւաքածոյէն էր, գտնուածը օգտագործելու մղողը լուսահոգի ոսկերիչ-թատերական գործիչ Վահէ Սամուէլեանն* էր, որուն հետ գործակցաբար սկսանք հանրութեան ուշադրութեան յանձնել գիրքին պարունակութիւնը՝ գրելով, քարտէսներուն նկարները լուսանկարելով եւ մեծցնելով ու ցուցահանդէսներ կազմակերպելով Հալէպի եւ Դամասկոսի ՀԵԸ-ի ակումբներուն մէջ:
Ոչ ոք կրնար կասկածիլ անոնց իսկութեան, քանի որ պաշտօնապէս պետական հրատարակութիւն էր: Անշուշտ շատ ու շատ եւ այլազան փաստաթուղթեր գոյութիւն ունէին հայերու անցեալի պետականութիւնը փաստող, սակայն այս մէկը տարբեր էր եւ մեզի ըսել կու տար՝ «Ի բերանոյ քումմէ դատեցար»:
Հայ թէ օտար՝ յոյն, արաբ, ասորի եւ այլ պատմաբաններ, ճանապարհորդներ եւ շատ ուրիշ հնադարեան հեղինակներ գրած եւ անդրադարձած են հայերուն, անոնց երկրին մասին, անոնց թագաւորներուն մասին, հայկական ճարտարապետութեան, մանրանկարչութեան, խաչքարերու, երաժշտութեան, բանահիւսութեան, գրականութեան, նոյնիսկ կենցաղի մասին, դասելով Հայաստանն ու հայերը որպէս հին աշխարհի ամենազարգացած ազգերու շարքին: Այս բոլորով հանդերձ, երէկ տակաւին անուն ու գոյութիւն չունեցող մեր դրացի թշնամին կը համարձակի կասկածի տակ առնել այդ բոլորը եւ ըսել, թէ մեր անցեալի պատմութիւնները անհիմն են ու առասպելական…:
Ամէն բանի կարելի է հանդուրժել, սակայն այսքան կուրութեան, այսքան լկտիութեան ու պատմութեան խեղաթիւրումի մարդ չի կրնար հանդուրժել: Սակայն, որո՞ւ կ՛ըսես, որո՞ւ կը քննադատես, երբ այս ամօթանքին ձայնակցող կայ մեր պատասխանատուներէն, որոնք կ՛ուզեն որ մոռնանք անցեալնիս եւ ներկային նայինք ու ապագանիս կերտենք: Բայց չէ՞ որ որեւէ կառոյց առանց հիմնաքարի կանգուն չի մնար, սոսկ աւազի վրայ շէնք չեն բարձրացներ, առանց մեր անցեալին անհնար է ներկան ու ապագան կերտել:
Անանուն ազգեր, որոնք պատմութեան մէջ մտած են անակնկալօրէն, յիշատակութեան արժանի անցեալ չունենալնուն՝ ի՜նչ միջոցներու դիմած են կեղծ անցեալ մը շինելու եւ աշխարհին ցոյց տալու, որ իրենք ալ մոռացութեան տրուած ու հիմա նոր լոյսին եկող նկատելի անցեալ մը ունեցած են: Ագռաւը որքան ալ սիրամարգի փետուրներով զարդարուի, սիրամարգ չի դառնար: Ան չի յաջողիր իր սուտը կլլեցնելու, ատոր համար ալ կ՛ելլէ իսկական, հպարտառիթ անցեալ ունեցողի անցեալին վրայ վարագոյր կը փորձէ քաշել:
Ինչպէս որ կ՛ըսեն՝ «Արեւին վրայ վարագոյր չի քաշուիր», այդպէս ալ արեւու նման յստակ ու պայծառ փաստերուն վրայ ալ վարագոյր չի քաշուիր: Դեռ կ՛ըսեն՝ բնիկ չենք, եկուոր ենք, իրենցմէ մէկը դեռ հազար տարի առաջ գոյութիւն չունէր, իսկ միւսին ինչ ըլլալը դեռ հարիւր տարի առաջ յայտնի չէր, բայց կը յանդգնին մի քանի հազարամեակ պատմութիւն ունեցող ազգի մը անցեալը ուրանալ: Վատն ու վտանգաւորը այն է, որ դրամով գրողներ, նոյնիսկ պատմաբաններ ու քաղաքական դէմքեր կը գնուին ու արդարութիւնը ոտքի տակ կ՛երթայ:
———————————————————————————————————————————————
** Ես սովորաբար անուններ չեմ տար, սակայն այս պարագային ուզեցի ցոյց տալ, որ հալէպահայ ազատ ասպարէզի մարդիկ յաճախ ազգասիրական լուրջ աշխատանք կը տանին յանուն մեր դատին ու փառապանծ անցեալին: Դժբախտաբար Հալէպի վրայ եղած հրթիռակոծումներուն զոհ գնաց Խորէնի բնակարանը եւ իր ամբողջ հարուստ հաւաքածոն: Սամուէլեանի գործակցութիւնն ալ անոր արխիւներուն հետ, արդիւնաւորուեցաւ իր հեղինակութեամբ երկու հատորներով, որոնք վերնագրուած էին «Հայ անցեալը լուսանկարներով»: Անոնք միշտ կը յիշուին, հանգիստ իրենց հոգիներուն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ