Այս նոր պասերը (Ես «պաս» ըսեմ, դուք «աւտոբուս» հասկցէք) որքան որ օգտակար դարձան եւ ուրախացուցին ժողովուրդը, նոյնքան ալ շուարումի ու շփոթելու պատճառ դարձան արդէն իսկ շուար ու շփոթահար խեղճ քաղաքացիին համար: Թէեւ տակաւին մայրաքաղաքի կարգ մը փողոցներուն վրայ ծառայութեան մէջ են հիներէն մնացորդներ, որոնք, կը յուսանք՝ մօտիկ ապագային կը փոխարինուին նորերով: Այդ հիները երկու դուռ ունէին, մարդիկ ընդհանրապէս ետեւի դռնէն կը բարձրանային եւ առջեւի դռնէն կ՛իջնէին՝ վարորդին փոխանցելով ուղեվարձը: Եթէ այնքան մը ծանրաբեռնուած ըլլար պասը եւ ոտքի մնացողներով խցանուած ըլլար միջանցքը, ետեւ մնացողին 100 դրամանոցը ձեռքէ ձեռք կը ճամբորդէր եւ ապահով կը հասնէր վարորդին, իսկ եթէ 200-նոց էր, ապա անոր մնացած 100-ը վերադարձի ճամբով դարձեալ ձեռքէ ձեռք կը ճամբորդէր մինչեւ հասնէր տիրոջը:
Հիմա նոր եկած պասերէն մէկը, որ արդէն երեք տարի է կը գործէ, փոքր է, մէկ դուռ ունի, եւ դրամարկղ, այդ դուռէն կը մտնեն ու կ՛ելլեն ուղեւորները: Չմոռնամ ըսելու, որ երբ նոր մէկը կը բարձրանայ, վարորդը վիզը կ՛երկարէ վստահ ըլլալու համար, թե դրամը ինկա՞ւ գանձանակին մէջ, եւ այս վիզի շարժումը օրական քանի-քանի անգամ կը կրկնուի եւ, պատկերացուցէք, ինչ ցաւեր կը պատճառէ, որ կրնայ վիզի «տիսք»ի ալ պատճառ դառնալ: Սուր լսողութիւն ունեցող վարորդները պէտք չունին ետեւ դարձնելու իրենց գլուխները, որովհետեւ կրնան որսալ մետաղեայ դրամին գանձանակին մէջ անկման «քլիք« ձայնը:
Յաջորդ պասերը կապոյտներն են, որոնց մուտքը առջեւի դռնէն է, քանի բարձրացողը անմիջապէս դրամը պիտի նետէ առջեւը տեղադրուած դրամարկղին մէջ եւ ապա անցնի ներս ու իջնելու ատեն ալ օգտագործէ ետեւի դուռը: Աւելի նորերը կանաչ, երկար պաս-թրոլէյպուսներն են, որոնք 3 դուռ ունին եւ յայտնի չէ թէ որ դռներէն կարելի է մտնել եւ որմէ դուրս ելլել:
Հիմա փորձենք այս «ոսպը» մաքրել, ինչպէս կ՛ըսէին մեր մեծերը, խնդիր մը պարզաբանելու համար: Ուրեմն քաղաքացիին դիմաց կան 4 տեսակ փոխադրակառքեր՝ մէկուն ետեւէն պիտի մտնես եւ առջեւէն իջնես, միւսին նոյն դուռէն պիտի մտնես ու նոյն դուռէն իջնես, յաջորդին՝ առջեւի դռնէն պիտի մտնես եւ ետեւի դռնէն իջնես, իսկ ամենանորին երեք դռներէն ալ կրնաս մտնել եւ իջնել… Ես այս տողերը գրելու ատեն գլխապտոյտ ունեցայ, հապա խեղճ քաղաքացի՞ն:
Հիմա պատկերացնենք, որ ամենաշատ տարածուած կապոյտ պասով պիտի ճամբորդենք, ուրեմն առջեւի դռնէն պիտի բարձրանանք. լա՛ւ, բարձրացանք, ու ետեւ անցանք սահուն կերպով, եւ ասիկա՝ բախտաւոր պարագային: Հապա՞, եթէ յանկարծ չար բախտէդ քեզմէ առաջ կին է բարձրացողը… Հոս է արդէն պատուհասը. գանձանակ նետելիք դրամդ ձեռքդ կը սպասես, ետեւիններդ ալ կը սպասեն, որովհետեւ այստեղ ըլլալիք կարեւոր արարողութիւն մը կայ. բոլոր կիներուն նման, այս կինն ալ ունի թեւէն կախուած մեծկակ պայուսակ մը, ճզզզդ, պայուսակին բերանը կը բանայ, բացաւ, հիմա կը սկսի պեղումի աշխատանքը, այդ խառնարան պայուսակին մէջ կնոջ ձեռքը շոշափելով բան մը կ՛որսայ, վերջապէս կը գտնէ: Մի՛ ուրախանաք անմիջապէս, գտածը դրամը չէ, այլ կաշիէ դրամապանակ մը, որուն բերանն ալ՝ վզզզդ կը բացուի ու մէջի տասնեակ մը գրպանիկներուն մէջէն մանրուքներու գրպանիկը կը բացուի՝ չը՛թ. ու կը սկսի հարիւր դրամանոցի փնտռտուքը… Վարորդը ծուռ-ծուռ կը նայի, ետեւինները ջղային շարժումներ կ՛ըսնեն, իսկ կինը շատ հանգիստ 100-նոց մը կը փնտռէ, բախտաւոր պարագային կը գտնէ ու վերջ՝ չըթ, վզզզդ, ճզզզդ դրամապանակ, պայուսակ, ամէն ինչ իր տեղը կը վերադառնայ: Մէկը բռնէ սա կնոջ ուսերէն ու լաւ մը ցնցէ ու ըսէ՝ այ կնիկ, մայթին վրայ կեցած ատենդ չկրցա՞ր դրամը պատրաստել, գրպանդ դնել, որ այսքան մարդ քու տնտնալուդ զոհ չերթայ: դեռ կ՛ըսեն կիները շատ զգոյշ են: Թերեւս «էին», սակայն հիմա երբ ձեռքի հեռախօսը մէջտեղ եկաւ, անոնց ամբողջ ուշքն ու միտքը հոն կեդրոնացաւ, ո՞վ պիտի մտածէ նստելավարձը պատրաստ պահել ձեռքը, կամ գրպանին մէջ… Հազիւ նստած, եթէ մէկը զիջեցաւ տեղը, նոյն կինը նոյն պայուսակէն կը հանէ հեռախօսը ու կը սկսի բարձրաձայն իր անվերջանալի տեղեկատւութեանց, առանց մոռնալու նոր պասերը քննադատող մէջբերում մըն ալ ընել:
Տակաւին ըսողներ կան, որ մեր առօրեան տափակ է, անհետաքրքիր. Խնդրեմ ժամանց ու զբաղո՞ւմ կ՛ուզէք, պաս բարձրացէք. 100 դրամով թէ՛ կը ճամբորդէք, թէ՛ հաճելի անակնկալներու կը հանդիպիք: Իսկ եթէ վաղը 100-ի փոխարէն 200, կամ 300-ի բարձրացնեն ուղեվարձը, երեւի այն ատեն պասերը պիտի օժտուին հեռատեսիլով ու ֆիլմեր ցուցադրեն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ