Կը յիշեմ, տարիներ առաջ գրած էի այս նոյն սիւնակին մէջ, որ քաղաքի մը աւագանին ըլլալու է այդ քաղաքին սեռուցքը, այսինքն՝ անոր անդամները ըլլալու են քաղաքի առաջնակարգ, ժողովուրդին կողմէ ամենայարգուած դէմքերը իրենց բարոյականով, զարգացումով, փորձառութիւններով եւ այլն, սակայն երեւի այս ըսածս միայն տեսական է, քանի որ գործնականօրէն աւագանի կ՛ընտրուի ամենակարող անձը իր զանազան ասպարէզներու մէջ ունեցած հեղինակութեամբ եւ հմտութեամբ, առանց որ վերը թուածս պայմանները լրացնէ: Կարծեմ շատ երկիրներու մէջ ալ այսպէս է, սակայն կեդրոնանամ մեր, Երեւան քաղաքի քաղաքապետարանի աւագանիին վրայ:
Ես անձնապէս անոնցմէ ոեւէ մէկը չեմ ճանչնար, քանի տեղացի չեմ, սփիւռքահայ եմ, իսկ Երեւան հաստատուելուս տասը տարիները բաւարար չէին, որ ճանչնայի այդ մարդիկը, յատկապէս, որ անոնք չեն շփուիր պարզ ժողովուրդին հետ, քանի ունին իրենց յատուկ շրջանակն ու շրջապատը: Սակայն, երբեմն, երբ կը ցուցադրուին հեռատեսիլով, կամ նոյնիսկ գրպանի հեռախօսով, կը նայիմ եւ աւագանի չեմ տեսներ, այլ՝ դպրոցական դասարան մը յիշեցնող փոքր դահլիճ մը, ուր խելօք-խելօք շարուած են աշակերտները… ներողութիւն, աւագները ըսել կ՛ուզեմ, ու մտիկ կ՛ընեն դասղեկին… դարձեալ ներողութիւն, քաքաղաքապետի ըսածներուն, կամ ուրիշ ելոյթ ունեցողներուն:
Վերջերս անոնց ժողովներէն մէկուն հաղորդումը դիտեցի քանի մը վայրկեան. կը քննարկէին երթեւեկութեան սակերը բարձրացնելու հարցը: Անմիջապէս անդրադարձայ, որ այս մարդիկը, վստահ եմ, իրենց սեփական մեքենաները ունին, որոնց համար ալ՝ յատուկ կայանելու տարածքները: Այս մարդիկը, որ աւտոբուս կամ թրոլեպուս չեն գործածեր, կանգառներուն ամառ-ձմեռ, յաճախ 30-40 րոպէ չեն սպասեր, բայց շարքային քաղաքացին խճողուած մեքենային մէջ երբեմն քիթ-քիթի, հազիւ ոտք դնելու տեղ կը գտնէ, բայց անձայն կը տանի այս անհամութիւնները, որպէսզի շուտ հասնի աշխատանքի, աշխատանքէն, իսկ ետքն ալ՝ շուտ հասնի տուն եւ հոգայ երեխաներուն ու ընտանիքին կարիքները. այս մարդիկը, որոնք հեռու են այս բոլորէն, ինչպէ՞ս պիտի որոշեն բան մը, որուն ծանօթ չեն:
Ընթացիկ 100 դրամը ոչինչ է, սակայն ամսական կտրուածքիվ գումար է վերջիվերջոյ: Հիմա եթէ 100-ը 200-ի պիտի բարձրացնեն (խօսք կայ 300-ի բարձրացնելու մասին), կը նշանակէ նախկին սակը պիտի կրկնապատկուի եւ եռապատկուի, բան մը՝ որ աշխարհի մէջ չէ պատահած: Տարիներ առաջ Անգլիոյ մէջ ցոյցերու ականատես եղայ, հարցուցի պատճառը, ըսին թէ պետութիւնը աշխատավարձերը 7% բարձրացուցեր է, իսկ սղաճը 7.5%-ի հասեր է, ժողովուրդը այդ 0,5%-ի համար կը պայքարի որ արդարութիւն ըլլայ, իսկ մենք ոչ թէ կէս առ հարիւր, այլ հարիւր առ հարիւր բարձրացնելու մասին կը մտածենք:
Այս երեւոյթը գրեթէ ամէն տեղ նոյնն է, այսինքն պատասխանատու մարդիկ որոշումներ կ՛առնեն հարցերու կապակցութեամբ, երբ իրենք այդ հարցերէն հեռու եղած են, գուցէ ծանօթ են, բայց չեն ապրած, իրենց մաշկին վրայ չեն կրած անոնց հետեւանքները:
Այստեղ ակամայ յիշեցի Սփիւռքի մեր կրթական հաստատութիւններն ու անոնց հոգաբարձուները, խնամակալները, կամ կրթականի յանձնախումբի անդամները, որոնք ընդհանրապէս շուկայի մարդիկ եղած են՝ վաճառականներ, արհեստաւորներ եւ այլն, որոնք ակադեմական կրթութիւն չեն ունեցած ընդհանրապէս եւ սակայն սիրով իրենց ժամանակը տրամադրած են դպրոցները պահպանելու համար, բայց միշտ շուկայի հաշիւով վարուած են ուսուցիչներուն հետ, աշխատած են որքան կրնան անոնց բեռը աւելցնել եւ փոխարէնն ալ աշխատավարձը նուազագոյնի հասցնել, որպէսզի դպրոցը բաց չունենայ. հոգ չէ թէ ուսուցիչը բաց ոնենայ, բայց դպրոցը բաց չունենայ: Անշուշտ անոնց նպատակը բարի եղած է, սակայն այդ բարութիւնը սուղի նստած է ուսուցիչներուն վրայ:
Չեն մտածած, թէ սա մարդը քու տուածովդ ընտանիք կրնա՞յ պահել, չեն մտածած աւելցնել ուսուցիչին աշխատավարձը, որուն փոխարէն ձեւեր գտնեն նիւթական նոր աղբիւրներու, որոնք չեն պակսիր, քանի իսկապէս Եղեռն տեսած հայն ու իր զաւակներն ու թոռները միշտ ալ սիրով հոգացած են վարժարանի պէտքերը:
Վերադառնանք Հայաստան: Պետական այրերու աշխատավարձը եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձը ի՞նչ համեմատութեամբ են, գիտէ՞ք: Ես մանրամասնութիւններէ տեղեակ չեմ, սակայն կը կարծեմ, որ պետական այր մը ուսուցիչի մը աշխատավարձին մօտաւորապէս տասնապատիկը կը ստանայ… եղա՞ւ: Լսած եմ, որ Ճափոնի մէջ ուսուցիչին աշխատավարձը հաւասար է նախարարի աշխատավարձին: Ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, որ ուսուցիչն է էականը, ա՛ն է, որ մա՛րդ կը պատրաստէ, մա՛րդ՝ որ բոլոր ասպարէզներուն մէջ իր ներտրումը ունի, ինչ որ կը սատարէ երկրին յառաջդիմութեան:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ