Թերեւս սուրիացի ըլլալնիս պատճառ է, որ երբեմն մեր մտապատկերին մէջ Պաղեստինն ու Արցախը ճակատագրակիցներ նկատենք, քանի կը ճանչնանք Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան ծնունդն ու ընթացքը, որ 75 տարուան պատմութիւն ունի, մինչ Արցախ-Ատրպէյճան թշնամութեան իրավիճակը, թէեւ հին արմատներ ունի, սակայն Արցախի երեսնամեայ ազատագրութեան օրէն սկսեալ, յատկապէս վերջին տարիներուն սկսած էր հակամարտութեան վերածուիլ՝ 2016, Ապրիլեան քառօրեայ, 2020, 44-օրեայ եւ վերջինը, որ աւարտեցաւ Արցախի յանձնումով: Քանի ծանօթ ենք երկու հակամարտութիւններուն ալ, ապա նմանութեան եզրեր կը գտնենք իրենց միջեւ եւ անշուշտ՝ տարբերութիւններ ալ:
Պաղեստինը փոքր է, անկախ պետութեան մը կարգավիճակը չունի, կը ճակատի հսկայ Իսրայէլի դէմ, որ աշխարհի ամենաարդիական, ամենաուժեղ բանակներու շարքին կը դասուի: Արցախն ալ պաշտօնապէս ճանչցուած պետութիւն չէ եւ իր համնեստ ուժերով կը ճակատի հսկայ հարստութիւններ ու հնարաւորութիւններ ունեցող Ատրպէյճանի դէմ: Արցախ եւ Պաղեստին, երկուքն ալ իրենց պատմական հողին վրայ են եւ կը ճակատին ընդամէնը անցեալ դարուն հիմնուած թշնամի պետութիւններու դէմ: Իսրայէլի թիկունքին կան գլխաւորաբար համաշխարհային Սիոնիստական կազմակերպութիւնն ու Մ. Նահանգները, Պաղեստինի թիկունքին կան արաբական բոլոր պետութիւններները, իրենց որոշ օժանդակութիւններով, առաւել Իրանն ու Թուրքիան, մին՝ շօշափելի օժանդակութեամբ, իսկ միւսը քաղաքական կեցուածքով: Ատրպէյճանի թիկունքին կան գլխաւորապէս Թուրքիան եւ Իսրայէլը, իրենց անսահման զինական կարողութիւններով: Արցախի թիկունքին կայ (արդէն հիմա կարելի է ըսել՝ կային…) Հայաստանն ու ամբողջ հայկական Սփիւռքը, թէեւ անհամեմատելի:
Կարելի է շատ երկարել համեմատութիւնն ու բաղդատութիւնը, քանի ամէն ինչ բացայայտ է: Պաղեստինը, աւելի որոշակի՝ Պաղեստինի ծայրայեղական «Համաս» զինեալ կազմակերպութիւնը, որուն բնակավայրն է Կազա երիզ-քաղաքը Միջերկրականի ափին, տասնամեակներէ ի վեր փորձանք դարձած է Իսրայէլի գլխուն: Չեմ չափազանցեր, եթէ ըսեմ որ Պաղեստին-Իսրայել կռիւները երբեք դադար չեն առած, քանի Իսրայէլ անտանելի սեղմումներու կ՛ենթարկէ պաղեստինցիները, որոնք ազատութիւն եւ անկախութիւն կ՛ուզեն, առաջ քարերով ու պարսատիներով կը քարկոծէին իսրայէլեան ներխուժող մեքենաները, որուն ի պատասխան, Իսրայէլ ռազմական օդանաւերով կը ռմբակոծէ Կազան, կը սպաննէ Համասի ղեկավարներն ու անզէն քաղաքացիները:
Վերջին տարիներուն Համասի զէնքերը զարգացան եւ պարսատիներու կողքին ինքնաշէն հրթիռներով յարձակումներու վերածուեցան, որոնցմէ հազարաւոր հրթիռներ անցեալ շաբաթ անձրեւի պէս տեղացին իսրայէլեան վերաբնակեցուած վայրերու վրայ, որոնք ապօրէն շինութիւններ են, որոնց գոյութեան դէմ քուէարկած է ՄԱԿ-ը, ԱՄՆ խորհուրդ տուած է որ Իսրայէլ դադրեցնէ իր ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, սակայն Իսրայէլը երբեք ականջ չէ կախած ու շարունակած է իր անսանձ քաղաքականութիւնը, միշտ վստահելով իր անչափելի ուժին:
Օրեր առաջ սկսած պաղեստինեան յարձակումը լրիւ վերջ դրաւ իսրայէլեան անպարտելիութեան ու անհպելիութեան «առասպելին», երբ սպաննուած բազմահարիւր զոհեր ունեցաւ, հազարաւոր վիրաւորեալներ եւ մեծ թիւով առեւանգեալներ: Այս հուժկու յարձակումին առ ի պատասխան Իսրայէլ իր ռազմական օդանաւերով սկսաւ քանդել Կազայի ժողովրդային բնակելի շէնքերը: Պաղեստին շատ մեծ թիւով զոհեր ունեցաւ, առաւել՝ ահագին վիրաւորեալներ, ինչպէս միշտ, սակայն եթէ Իսրայէլ ամբողջ Կազան քար ու քանդ դարձնէ, դարձեալ պարտուած կը մնայ եւ կասկածելի է որ վերստին հասնի իր նախկին առասպելական հռչակին:
Այստեղ արդէն մարդ կ՛ամչնայ դարձեալ դիմելու բաղդատութեան: Համաս-Իսրայէլ պատերազմէն երկու շաբաթ առաջ, Ատրպէյճան յարձակեցաւ Արցախի վրայ. մէկ օրուան մէջ կողմերը գրեթէ հաւասար զոհեր ու վիրաւորներ ունեցան, սակայն այդ 24 ժամը բաւարար էր, որ Արցախը զէնքերը վար դնէ, յանձնուի թշնամիին, լքէ իր պապենական հայրենիքը եւ ապաստանի Հայաստան, մինչ իր նախկին նախագահներն ու երեւելի անձնաւորութիւնները ձերբակալուեցան ու Պաքու տարուեցան…
Ձեռքս կը դողայ այս տողերը արձանագրած ատեն. Պաղեստինցիներէն ոչ պակաս հերոս արցախահայութիւնը ի՞նչ պայմաններով անձնատուր եղաւ, ի՞նչ սադայէլական գաղտնի ծրագիր սեւով մրոտեց Արցախի պատմութեան ոսկեփայլ վերջին էջը… Չէ, ինչ կ՛ըսեմ, այս ձեւով չի փակուիր Արցախի հերոսական տարեգրութիւններուն մատեանը. Այս անկումէն ետք, Արցախը կրկին ոտքի կը կանգնի ու կը սկսի նոր էջ բանալ ու նոր յաղթանակներ գրանցել:
Յ.Գ.- Նախկին հալէպահայ արուեստագէտ Վահէ Ֆէթթէլեան, ափսոս որ անդենականի բնակիչ դարձած ես, թէ չէ Արցախի վերանկախութենէն ետք, քու նախագծած արցախեան դրօշին վրայ սրբագրութիւն մը պիտի ընէիր ու ատամնաւոր փոքր բաժինը միացնէիր մօրը՝ Հայաստանին եւ ունենայինք մէկ եւ մնայուն Հայաստանեան դրօշ մը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ