Մի քանի տարի էլեկտրոնային նամակագրութիւնից յետոյ անցեալ սեպտեմբերին հանդիպեցի եւ հարցազրոյց վարեցի ֆրանսաբնակ թարգմանչուհի, մշակութային գործիչ Հուրի Վարժապետեանի հետ: 1955-ին, Կասաբլանկայում (Մարոկկո) ծնուած Հուրին 1968-ից բնակւում է Մարսելում, որտեղ ուսանել է դեղագործութիւն: Համագործակցում է Մարսելի «Պարանտեզ» հրատարակչութեան հետ, զբաղւում է հայերէնից ֆրանսերէն թարգմանութիւններով, գործուն մասնակցութիւն ունենում Մարսելի հայ համայնքի կեանքին եւ հայ-ֆրանսիական մշակութային երկխօսութեանը:
–Սիրելի՛ Հուրի, նախ պատմի՛ր խնդրեմ «Պարանտեզի» հայկական հրատարակութիւնների մասին:
-80-ական թուականներուն ճարտարապետներ Վարուժան Արզումանեանը եւ Պատրիկ Բարդուն ստեղծեցին «Պարանտեզը», նախ՝ իրենց համատեղ գրած գիրքը հրատարակելու նպատակով, բայց ետքը որոշեցին ուրիշներ ալ հրատարակել: Շէնքեր շինելու փոխարէն սկսան կամաց-կամաց գիրքեր հրատարակել, մեծ մասը՝ ճարտարապետութեան եւ շինանիւթերու, բայց նաեւ՝ երաժշտութեան, ուրբանիզմի եւ լուսանկարչութեան մասին: Եւ քանի որ հիմնադիրներէն մին հայ է, հայկական բաժին ալ ստեղծուեցաւ՝ «Հայաստաններու ժողովածու» քիչ մը անսովոր անունով: Այս շարքին առաջին գիրքը եղաւ Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին» գիրքի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, որուն տարիներու ընթացքին հետեւեցան այլ հատորներ: Վերջերս տպուեցաւ 31-րդ գիրքը՝ Նիկողոս Սարաֆեանի «Լոյսի ցաւերը» Արա Տանտիկեանի շատ գեղեցիկ թարգմանութեամբ: Մեր նպատակն է մեր կրցածին չափ ֆրանսախօս ընթերցողին ներկայացնել հայ գրականութիւնը՝ հիները թէ ժամանակակիցները: Երբ գրականութիւնը չի թարգմանուիր, կարծես գրողները գոյութիւն չունենան: Երբ քանի մը տարի առաջ պատմագէտ Անահիտ Տէր-Մինասեանի հետ հրատարակեցինք «Մեր մանկութեան երկիրները» հատորը, որուն մէջ ժողված էինք 40 հայ գրողներու գործերն իրենց մանկութեան մասին, մեզի համար շատ տխուր էր լսել ֆրանսացիներու կողմէ՝ օ՛, այդքան հայ գրո՞ղ կայ: Անշուշտ, շա՛տ աւելին կայ: Մեր հրատարակած գիրքերու շարքին յիշեմ Ակսել Բակունցի «Մթնաձորը», Չարենցի «Երեւանի ուղղիչ տնից», Զապէլ Եսայեանի «Հոգիս աքսորեալը», Կոստան Զարեանի «Կղզին եւ մի մարդ», Նիկողոս Սարաֆեանի «Վենսենի անտառը», Զարեհ Որբունիի «Թեկնածուն», Պերճ Զէյթունցեանի «Ամենատխուր մարդը», Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն հօր եւ որդւոյ», Գրիգոր Պըլտեանի «Սեմերը» եւ այլն: Պիտի ուզէինք, որ աւելի շատ հայկական գիրքեր տպուին, բայց չենք հասնիր: Հայկական բաժինը մեր միջոցներով կ’ընենք, քանի որ դժուար է վաճառել, ընթերցողները քիչ են, հովանաւոր քիչ ունինք կամ գրեթէ չունինք. քանի մը անգամ Ֆրանսական մշակութային կեդրոնը հովանաւորած է մեզի: Սակայն երբ անծանօթ մարդիկ գիրքի տօնավաճառի կու գան մեզի կ’ըսեն, թէ հայկական գիրք մը կարդացած են, վերնագիրը մոռցած են, բայց շատ սիրած են (անշուշտ, ֆրանսացիի համար «Մթնաձոր» ըսելը դժուար է), ասիկա մեզի համար ամենամեծ գնահատականն է:
–Մի անգամ կարդացել եմ, որ տարեկան 100 հազար գիրք է հրատարակւում Ֆրանսիայում: Այս հսկայական ծովի, ովկիանոսի մէջ պիտի որ շատ դժուար լինի հայկական ներկայութիւն ապահովելը:
-Ֆրանսական գիրքի շուկային մէջ մենք կը փնտռենք պզտիկ տեղ մը՝ հայ գրողները ներկայացնելու ճաբոնցի, խորվաթ, վիետնամցի կամ ուրիշ երկիրներու գրականութեան կողքին: Բայց հայերս քիչ ենք եւ հայերէնէ թարգմանիչներն ալ քիչ են: Շատ կարեւոր գործեր ըրաւ հանգուցեալ Փիեռ Տէր-Սարգիսեանը, որ շատ գեղեցիկ թարգմանած է Շիրվանզադէ, Կոստան Զարեան եւ ուրիշներ: Մեր ծրագիրները շատ են, ժամանակը՝ քիչ: Շատ հետաքրքրուած ենք Փարաջանովի գործերով: Երբ ան բանտարկուած էր, Վարուժան Արզումանեանն անոր պաշտպանութեան խումբ մը կազմած էր Մարսէյլ: Կ’երթայինք Կաննի փառատօն, ուրիշ տեղեր, ստորագրութիւներ կը հաւաքէինք, որ ազատել տանք Փարաջանովը: Տարիներ առաջ Երեւան՝ Փարաջանովի թանգարանը, երջանկայիշատակ Զաւէն Սարգսեան ներկայացուց անոր նամակները, հանգուցեալ Ալիս Տէր-Վարդանեանը ռուսերէնէ թարգմանեց ատոնք. յուսանք՝ օր մը կարողանանք հրատարակել: 2023-ին ծրագրած ենք ֆրանսերէն հրատարակել Վահան Թեքէեանի «Կեսարիան», որ շատ հետաքրքրական է, նաեւ Թէոդիկէն հատոր մը:
–Անցեալի արժէքները շատ կարեւոր են, բայց այսօր եւս Հայաստանում լաւ արձակ է ստեղծւում…
-Ատիկա չենք մոռցած, մեզի համար կարեւոր է հրատարակել եւ ծանօթացնել նաեւ մեր այսօրուան հեղինակները: Քանի մը տարի առաջ բանաստեղծական ժողովածու մը հրատարակեցինք, 20 հեղինակներու գործեր, մեծ մասամբ՝ Հայաստանէն: Թարգմանիչը Նունէ Աբրահամեանն էր, մասնակցած էին նաեւ Գրիգոր Պըլտեանը եւ ուրիշներ: Երբ այդ գիրքը տպեցինք, ներկայացումներ ըրինք եւ Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներ հրաւիրուեցան Յովհաննէս Գրիգորեանը, Արմէն Շէկոյեանը, Վիոլետ Գրիգորեանը, Տիգրան Պասկեւիչեանը, նաեւ Նունէն իբրեւ ռեզիդանս Բորդո հրաւիրուեցաւ: Երբ կարդացինք Արամ Պաչեանի «Ցտեսութիւն, ծիտ» վէպը, շատ փափագեցանք թարգմանել, եւ ճիշտ քովիդէն առաջ հրատարակուեցաւ: Ուրիշներն ալ թարգմանելու միտք ունինք, քանի որ շատ լաւ երիտասարդ գրողներ ունինք, թէ՛ տղաներ, թէ՛ աղջիկներ, շատ օրիգինալ գրութիւն ունին: Շատ ուրախ ենք, երբ կը տպենք գրող մը, որ կրնայ ինքը գալ եւ խօսիլ…
–Ասացիր, որ այս անգամ Երեւան ես եկել ֆրանսաբնակ արձակագրուհի, Դիմադրական շարժման գործիչ, նացիզմի դէմ պայքարի զոհ Լասի հետքերով…
-Այո՛, եկած եմ ֆրանսական «Ֆրանս կուլտիւր» ռադիոյէն Մարի Շարտրէյի եւ գերմանական ռադիոյէն Անուշքա Թրոքերի հետ՝ ուսումնասիրելու Լասի արխիւները եւ ռադիոհաղորդում ու ցուցահանդէս պատրաստելու անոր մասին: Մինչ այս Մարին եւ Անուշքան յատուկ Գերմանիա գացեր էին եւ համակեդրոնացման ճամբարի արխիւներու մէջ գտած են անոր գործը, ուր նկարագրուած էր, թէ ինչպէ՛ս հագուած էր, ի՛նչ ունէր իր մօտ, իր շապիկը, պայուսակը… Ատենին ես Լուիզա Ասլանեանէն պզտիկ յօդուած մը թարգմանած էի ֆրանսերէն, եւ օտարները շատ հետաքրքրուեցան այս նիւթով, մանաւանդ երբ անոր կեանքի պատմութիւնն իմացան: Թաւրիզ ծնած եւ Թիֆլիս ուսանած Լուիզա Ասլանեան-Լասն իր ամուսին Արփիարի հետ Ֆրանսա կու գայ՝ փափագելով դաշնակահար ըլլալ, բայց իրենց միջոցը չի բաւարարեր: Ան Սորբոն կ’արձանագրուի եւ գրականութեան կը հետեւի: Նախ «Հարցականի ուղիներով» վէպը որպէս թերթօն կը հրատարակէ Բոստոնի «Հայրենիքին» մէջ, իսկ 1936-ին երկու հատորով իբրեւ գիրք լոյս կ’ընծայէ: Կը մօտենայ ՀՕԿ-ի շարժումին եւ Մանուշեանին, կը դառնայ համայնավար, կ’աշխատակցի «Զանգու», «Ջանք» թերթերուն: Երբ Երկրորդ պատերազմը կը ծագի, Լասը կը մտնէ Դիմադրական շարժման մէջ: Շատ հետաքրքական է, որ այդ նրբակազմ աղջիկը, որ կը գրէր, իր երազներու մէջ կ’ապրէր, կը դառնայ Դիմադրական շարժումին շատ կարեւոր դէմքերէն մէկը, որ վտանգներու դիմաց բնաւ վախ չէ ունեցած: Թէ՛ զէնքեր կը փոխադրէր, թէ՛ թռուցիկներ կը տպէր, ամուսինին հետ գերմաներէն կը թարգմանէին թռուցիկները, որ նացի զօրքերուն բարոյականն իյնայ ու գիտնան, որ պիտի պարտուին: Ան կը գործէր Մանուշեանի եւ Համլետ Վարդապետեանի հետ, որ մեծ գիտնական էր, Իրեն եւ Ֆրեդերիկ Ժոլիօ-Կիւրիներու հետ կ’աշխատէր ռադիումի ինստիտուտի մէջ: Աւելի ուշ Հայաստան հաստատուած է, բայց իմացանք, որ հոս շատ բան չէ պատմած Դիմադրական շարժումին իր մասնակցութեան մասին: Մելինէ Մանուշեանի հետ Լասը թռուցիկները կը տարածէ, Լասի մաման, այդ ծեր կինն ալ կը մասնակցէր այդ գործին. պայուսակին մէջ բանջարեղէնի տակ թռուցիկները կը լեցնէր ու կ’երթար, կը բաժնէր: Դժբախտաբար, Փարիզի ազատումէն առաջ բռնուեցան Լասը եւ Արփիարը ու ղրկուեցան գերմանական ճամբարները: Լասին տարին Լայպցիգ եւ Ռավենսբրիւկի համակեդրոնացման ճամբար: Նոյն ճամբարն էր նաեւ ֆրանսացի համայնավար գործիչ Լիզ Լոնդոն, որ յետագային կը վկայէր, թէ Լասը, տկար եւ հիւանդ, միշտ կ’ուզէր գրել, եւ միւս աղջիկներն աղբամաններէն թուղթի կտորներ կը հանէին, կու տային Լասին: Ճամբարին մէջ ան գրեց «Մալա» պոէմը: Միւս կիները կ’աշխատէին լամպերու գործարանը, բայց Լասը կը մերժէր գերմանացիներու համար աշխատիլ: Ան երբ հասկցաւ, որ իրեն պիտի տանին, Լիզ Լոնդոնին յանձնեց իր գրութիւնները եւ ըսաւ, որ եթէ ազատի՝ երթայ Փարիզ եւ այդ թուղթերը տայ իր բարեկամ Ռուբէն Մելիքին: Լիզ Լոնդոնը բարեբախտաբար ապրեցաւ (ան մեռաւ տաս տարի առաջ՝ 96 տարեկանին) եւ կատարեց Լասի խնդրանքը: Կարծեմ այդ հանդիպումէն լուսանկար մը կայ, ուր Լիզ Լոնդոն կ’երեւի Ռուբէն Մելիքի, Արշակ Չօպանեանի եւ Աշոտ Մալաքեան-Անրի Վեռնէոյի հետ: Գոնէ Լասի գրութիւններուն այդ պզտիկ մասն ազատեցաւ, քանի որ նացիները Լասը բռնելով՝ տունը եղած բոլոր ձեռագիրներն այրած են: Հիմա անոր մասին ռադիոհաղորդում կ’ըլլայ ֆրանսերէն եւ գերմաներէն, նաեւ ցուցահանդէս Բեռլինի մէջ: Ծրագրած ենք այդ ցուցահանդէսը Ֆրանսա ալ ներկայացնել եւ կ’երազենք նաեւ օր մը Հայաստան ալ բերել:
–Դու նաեւ Մարսէլի հայ մշակութային կեանքի աշխոյժ գործիչներից ես: 2022-ին լրանում է հայերի՝ Մարսէլում զանգուածաբար հաստատուելու 100-ամեակը: Այս ուղղութեամբ ի՞նչ էք անում:
-Շատ բան կայ ընելիք, կ’ուզենք ամէն ինչին հասնիլ, բայց ժամանակ չկայ: Մարսելի Համազգային դպրոցին մէջ նոյեմբերի սկիզբը գիրքերու տօն մը պիտի ընենք: Հայաստանէն, Պոլիսէն, Բէյրութէն հայերէն գիրքեր ապսպրեցինք, նաեւ հայկական նիւթերով ֆրանսերէն գիրքեր, պիտի ընթերցումներ ընենք երիտասարդներու մասնակցութեամբ: Մեզի համար մեծ հաճոյք է այս, շատ հպարտ ենք այս դպրոցով: Նորէն նոյեմբերին ցուցահանդէս պիտի բանանք մեր Հայ մշակութային տունը՝ Մարսելի «ԱՐԱՄ» (ֆրանսերէն է՝ Հայկական յիշողութեան ուսումնասիրութեան ընկերակցութիւն) կազմակերպութեան հայկական արխիւներու նիւթերու հիման վրայ: «ԱՐԱՄ»-ը ստեղծած է Կարպիս Արթինը, որդին սեբաստացի գաղթական Սահակ Արթինի: Այս մարդը, որ մինչեւ Տէր Զօր հասած է եւ ետքը՝ Մոսուլ, գալով Ֆրանսա՝ ինչ որ հայերէն գրուած է, միշտ պահած է: Կարպիսն ալ կը պահէր, օր մը այնչափ արխիւը շատցաւ, որ գարաժ մը վարձեցին՝ թուղթերը հոն պահելու: Եւ օր մըն ալ կազմակերպութիւն ստեղծեց, որ շարունակուի աշխատանքը՝ պահելու համար տարիներ շարունակ ժողված գիրքերը, լուսանկարները, հին անձնաթուղթերը: Հիմա Սէն Ժերոմ թաղամասին մէջ երկյարկանի գրասենեակի մը մէջ է «ԱՐԱՄ»-ը: Նախագահը Կարպիսի աղջիկն է՝ Աստրիդ Լուսիկեանը, որ պատմագէտ է: Ամէնքս անվճար կը գործենք հոն, ամէն մարդ իր սիրած նիւթով կը զբաղի, մօտ 15 հոգի կանոնաւոր կու գայ: Առհասարակ չորեքշաբթի եւ ուրբաթ կ’աշխատինք, բայց այս ամառ ամէն օր աշխատեցանք, քանի որ, ինչպէս ըսի, կը պատրաստուինք ցուցահանդէսի: Ճիշդ մէկ դար առաջ «Տուրվիլ» անունով նաւը Իզմիրի աղէտէն քանի մը շաբաթ վերջ Պոլիսէն առաւ եւ Մարսէլ բերաւ հայ գաղթականներու առաջին մեծ խումբը: Մարսէլի մէջ արդէն պզտիկ հայ գաղութ մը կար, հիմնականին վաճառականներ, որ 1895-ի ջարդերէն վերջ հասած էին: Պարոն Տիգրան Միրզայեանցը, որ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ներկայացուցիչն էր Մարսէլի մէջ, ուրիշ ազգայիններու հետ օգնեցին նորեկներուն: Առաջին օրերուն դրամ կու տային, եւ մարդիկը աժաննոց պանդոկները գացին, ետքը Միրզայեանցը դիմեց ֆրանսական կառավարութեան, եւ հայերը տեղաւորեցին զինուորական ճամբարի մէջ (Քեմփ Օտտօ), ուր մօտ 5000 հայ մնաց մինչեւ 1927: Այս հին հայերը մասնաւոր գրասենեակ բացին եւ օգնեցին գաղթականներուն թուղթերը պատրաստելու գործին: Այս ճամբարի քարտուղար Ալեքսանդր Արապաճեանը պահած է հայերու ցուցակները, որ այսօր նաեւ կրնանք նայիլ առցանց: Շատ կարեւոր է, որ մարդիկ չմոռնան իրենց պատմութիւնը:
–Հուրի՛, մենք ծանոթացանք իմ՝ Աֆրիկայի հայերի պատմութեան վերաբերեալ աշխատութեան գրելու առթիւ: Շատ հաճելի է տեսնել, որ Մարոկկոյում ծնուած հայուհին այսքան լաւ հայերէն է խօսում եւ թարգմանում հայերէնից:
-Կը փափագէի շատ աւելի լաւ խօսիլ: Ֆրանսա հայկական մթնոլորտը դժուար է, աւելի ընտանիքի մէջ կը խօսինք:
–Նախնիներդ ո՞րտեղից էին եւ ինչպէ՞ս են յայտնուել Մարոկկոյում:
-Վարժապետեան մեծ հօրս ընտանիքը Կեսարիայէն եւ Թալասէն էր: Շատ կանուխ Պոլիս գացած են, մեծ մեծ հայրիկս՝ Համբարձումը, ճարտարագէտ էր, Իրաքի մէջ մեքենաներու ճիւղի մէջ աշխատած է, ջարդերէն առաջ Զահլէ եւ Պէյրութ ապրած է: Անոր որդին՝ իմ մեծ հայրիկ Վահրամը, ժէզուիթներու քով սորված է, շատ լաւ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն գիտէր, կը գրէր հայկական եւ ֆրանսախօս թերթերու մէջ: Ինք մասնակցած է հայկական կեանքին Բէյրութի մէջ, ֆրանսերէն գիրք մը գրած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայերու, նաեւ հատոր մը՝ Բէյրութի մասին: Անոր կինը՝ իմ հայրական մեծ մայր Հնազանդ Մեսճեանը, Մերսինէն էր: Ան մեզի հայերէն գրել-կարդալ սորվեցուց, նաեւ շատ լաւ յունարէն գիտէր, յաճախ յունական կղզիներ ապրած էին, եւ մինչեւ կեանքին վերջը յունարէն կը կարդար:
Մայրիկիս կողմէն մեծ հայրիկս՝ Գէորգ Գրգեաշարեան, հաճընցի էր, իսկ անոր հայրը Հաճընի Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին տէր հայրն էր: Ընտանիքէն շատերը ջարդերու զոհ դարձած են, բայց մեծ հայրիկս չսպաննեցին, քանի որ օսմանեան բանակին մէջ ատամնաբոյժ էր, իրեն պէտք ունէին: Ան Ճէմալ փաշայի զօրքին հետ մինչեւ Գազա, Պաղեստին հասաւ: Յետոյ երբ անգլիացիները յաղթեցին օսմանեան զօրքին, ազատ արձակեցին հայ զինուորականները: Այդ փրկուածներուն մէջ էր նաեւ Փարիզի Սամուէլեան գրատան հիմնադիր Հրանդ Սամուէլը: Մայրական մեծ մայրս՝ Մարին, Ադանայէն էր, անոր հայրիկը փաստաբան էր հոն, շատ ճանչցուած, եւ այդպէս իրենք ալ կրցան ազատիլ եւ գնալ Բէյրութ: Երկու մեծ հայրիկներս զիրար կը ճանչնային, թաղական էին Բէյրութ: Կ’ուզեմ յիշել նաեւ մայրիկիս կնքահայրը՝ դոկտոր Գարեգին Վարդապետեանը, որ նաեւ ծնողքիս ամուսնութեան կնքահայրն էր: Ան էր, որ ազատեց սրբազան Գրիգորիս Պալաքեանը, քանի որ բժիշկ էր, գերմանական ուսում ունէր եւ գերմանացիներն իրեն պաշտօն մը տուած էին հիւանդանոցի մէջ, ուր եւ ան կրցաւ պահել Պալաքեան սրբազանը:
Ծնողքս՝ Պերճ Վարժապետեանը եւ Հերմինէ Գրգեաշարեանը, Բէյրութ ծնած-մեծցած են: Հայրս Ֆրանսա ուսանելու եկած է, ինքն ալ ռադիումի ինստիտուտ՝ Իրեն Ժոլիօ-Կիւրիի հետ աշխատած է: Յետոյ մեծ մայրիկիս փափագին վրայ ձգած է այդ վտանգաւոր աշխատանքը եւ կաուչուկի մասնագիտութիւն ձեռք բերած է ու աշխատելու գացած է Մարոք: Թէ՛ ես, թէ՛ Վահրամ եղբայրս, որ հանգուցեալ է, Կասաբլանկա ծնած ենք: Քանի մը հայ ընտանիք կար հոն, բոլորս միշտ հայերէն կը խօսէինք եւ շատ մօտիկ էինք իրարու: Երբ վեց տարեկանին Մարոքի ֆրանսական դպրոցը գացի, ոչ մէկ բառ ֆրանսերէն գիտէի: Հայկական վարժարան բնաւ չեմ գացած: Երբ 1968-ին Մարսէլ եկանք, Բարեգործականի կազմակերպած հայերէնի դասերուն մասնակցեցայ, յետոյ բախտն ունեցայ դասեր առնել Ռոբեր Տէր Մերկէրեանէն. աւելի ուշ իր հայերէնի դասերուն հետեւեցայ Էքս ան Պրովանսի համալսարանը: Ռոբերը Հայաստան ապրած է, երկու հայերէնները կը խօսի եւ շատ լաւ ուսուցիչ է:
–Եւ դու նոյնպէս ընտանիք կազմեցիր Աֆրիկայում ծնուած հայի հետ:
-Այո, Վարուժանը Ալժերիա ծնած է: Իր ծնողքի պատմութիւնը շատ հետաքրքական է: Հայրը՝ Պօղոս Արզումանեան, Փարիզի «Յառաջի» մէջ կը գրէր Անշէն Որբուկ եւ Անշէն Կարօտունի անուններով: Շատ կարեւոր կազմակերպութիւն մը կար, որ գրող Շաւարշ Նարդունին կազմած էր՝ Չափահաս Որբերու Երկսեռ Միութիւնը, որուն կ’անդամակցէր Պօղոս Արզումանեան: Տանը հայերէն եւ ֆրանսերէն կը խօսինք, կախում ունի՝ ինչի մասին: Մեզի համար հայերէնը շատ կարեւոր է, թէ՛ արեւմտահայերէնը, թէ՛ արեւելահայերէնը: Իմ մտահոգութիւնն է քիչ մը ուղղագրական խնդիրները: Մենք տարիներ երազած ենք, պայքարած ենք, որ Հայաստանն անկախ ըլլայ, հետաքրքրուած ենք Հայաստանով: Անկախութիւն եղաւ, Սովետ Միութեան շատ շէնքեր քանդեցին, բայց սովետական որոշ ստիպողական փոփոխութիւններ դեռ կը պահեն: Գիտեմ, դժուար է, բայց դեռ 30 տարի առաջ պէտք էր հրաժարիլ սովետական ուղղագրութենէ : Կը ներէք, որ կ’ըսեմ, բայց ազերիները ամբողջ այբուբէնը փոխեցին, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը քանի մը ուղղագրական կանոն չուզեց փոխել: Հայը խելացի ժողովուրդ է, արագ կը սորվէր ճիշդ ուղղագրութիւնը. կը ձգէինք՝ ինչ որ այդպէս գրուած է, բայց ընդհանուր ուղղագրութիւնը կրնայինք կամաց-կամաց փոխել: Շատ մարդիկ հետս համաձայն չեն, բայց թերեւս շատոնց պէտք էր մեր իսկական ուղղագրութիւնը ետ բերել: Բարեբախտաբար, այսօր անկախ ենք, յուսանք, որ Հայաստանն իր խաղաղութիւնը գտնէ, մենք ինչե՛ր ունինք աշխարհին ներկայացնելու՝ շատ լաւ գրողներ, արուեստագէտներ… ու կը փափագինք միշտ միասին աշխատիլ:
–Եւ կաշխատե՛նք, սիրելի՛ Հուրի: Շատ շնորհակալութի՛ւն հետաքրքրական զրոյցի համար…
ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ