Անցեալ շաբաթուան ակնարկիս մէջ խօսած էի ջուղայեցի հայ վաճառականներուն մասին, թէ ինչպիսի վարկ ապահոված էին ամբողջ Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ իրենց կազմակերպած առեւտրական ցանցերով: Այդ վաճառականները իրենց ծրագիրներուն եւ առեւտուրին սահուն ընթացք ապահովելու սիրոյն հսկայ գումարներ ծախսած են, սակայն անոր դիմաց ալ անչափելի եկամուտ ունեցած են եւ հարստութիւն դիզած, որոնցմով չեն զլացած նաեւ բարեգործութիւններ կատարել եւ օգտակար դարձած են այն օրերու հայկական համայնքներուն: Անոնց յարգարժան ու պատուաբեր բարեսիրական եւ ազգասիրական գործերէն մէկն ալ՝ Հնդկաստանի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրոթիւնն է Կալկաթայի մէջ, 1821-ին:
Թէ ի՞նչ բանը մղած է հիմնադիր վաճառականներ Աստուածատուր Մուրատխանեանին ու իրմէ ետք Մնացական Վարդանեանին, որ իրենց յաջողագոյն առեւտուրի կողքին մտածեն նաեւ կրթական հաստատութեան մը մասին հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ, հանելուկ մը չէ, այլ պարզ ենթադրութիւն մը, որ այդ մարդիկը հայկական համայնքի զաւակներուն համար հայկական ճեմարան մը բանալը եւ նոր սերունդը գիտութեամբ ու հայրենասիրութեամբ զինելը անհրաժեշտ նկատած են մեր ազգի գոյատեւման համար:
Յամենայնդէպս հնդկահայ կարգ մը այլ հայկական կրթօճախներու կողքին, Մարդասիրական ճեմարանը 200 տարիէ ի վեր կը գոյատեւէ. ան ներկայիս Ս. Էջմիածնի հովանաւորութեան տակ է, ուր կ՛ուսանին եւ գիշերօթիկի լրիւ պայմանները կը վայելեն հայաստանցի եւ հայկական այլ գաղթօճախներէ եկած պատանիներ:
Զարմանալի չէ բնաւ. հայ մարդու ազգային գիտակցութեան արգասիքը եղած է ոչ միայն Հնդկաստանի այս կրթական օճախը, այլեւ անկէ ետք եւ յատկապէս Մեծ Եղեռնէն ետք Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր հայկական դպրոցներու բացումը, երբեմն ուսեալ, երբեմն նոյնիսկ թերուս բարերարներու կողմէ, որոնք գիտակցած են հայ դպրոցին վերապահուած առաքելութեան կարեւորութիւնը, նոր սերունդը գիտութեամբ զինելու եւ անոր մէջ ազգասիրական զգացումները ամրապնդելու համար:
Այստեղ, կրկին հարց կը ծագի՝ որո՞նք ժառանգեցին այդ վաճառականներուն հարստութիւնները, որոնք դիզուած էին անգլիական դրամատուներու մէջ, թէ՞ աստղաբաշխական գումարներու հասած այդ գումարները անժառանգ մնալով կուլ գացին օտարներուն, ո՞վ գիտէ, սակայն կը յիշեմ ժամանակին Սիմոն Սիմոնեանի շարունակական յօդուածները Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ, ուր հայկական հարցերու լուծման հիմնական բանալին կեդրոնական դրամատուն մը, ազգային խոշոր դրամագլուխ մը մէջտեղ բերելուն մէջ կը տեսնէր, իսկ այդ հսկայ գումարը ապահովելը Հնդկաստանի հայ մեծահարուստներուն թողօնը իրաւաբանական ճամբաներով ձեռք անցընելու մասին մտածելն էր: Թէեւ երեւոյթով քիչ մը հեքիաթային կրնայ թուիլ, սակայն վերջիվերջոյ իրականութիւն մը կայ, որ հնարաւոր է իր ծածկոյթէն դուրս հանել:
Տարիներ առաջ, օտար փաստաբանական ընկերութիւն մը փորձեց ժառանգորդները գտնել հնդկահայ մեծահարուստի մը, որուն ունեցուածքը անգլիական դրամատան մը մէջ, 200 տարի ետք, աստղաբաշխական գումարներու հասած էր: Ժառանգորդներ սկսան մէջտեղ գալ, սակայն քանի մը շաբաթ ետք փակուեցաւ հարցը, մէջտեղէն չքացան հարցը հետապնդող անձն ու հաստատութիւնն ալ: Ով գիտէ, ինչ իւղոտ պատառ դրուեցաւ իրաւաբանական այդ ընկերութեան բերանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը երբ Հնդկաստան գնաց եւ այցելեց Մարդասիրական Ճեմարանը, ես մտքէս ըսի, որ որպէս վերոյիշեալ հարստութեանց իրաւատէր եւ օրինական ժառանգորդ երկրի մը նախագահը կրնայ այդ մասին շփումներ ունենալ Հնդկաստանի իշխանութեանց հետ, սակայն ոչինչ ըսուեցաւ կամ լսուեցաւ այդ մասին:
Սփիւռքի մեր բոլոր վարժարանները գրեթէ հիմնուած են բարերարներու կողմէ եւ ցարդ կը կրեն անոնց անունները: Հնդկահայ գաղութն ալ, այլ հայագաղութներու նման, հիմնուեցաւ, զարգացաւ, ուռճացաւ եւ օր մըն ալ մարեցաւ: Միշտ այսպէս եղած ենք, շինած ենք, բարգաւաճ վիճակի հասցուցած ենք, սակայն պահել չենք գիտցած: Այսօր Սփիւռքի, նոյնիսկ Հայաստանի վիճակը տարբե՞ր է, թէ՞ հրաշքով մը պիտի զգաստանանք ու պիտի կարենանք գոնէ ունեցածնիս պահել:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ