2020 թուականի առաջին քառորդին, Գահիրէի «Աֆրիքըն փրես» տպարանէն լոյս տեսաւ եգիպտահայ հասարակական գործիչ, Հ.Բ.Ը.Միութեան Եգիպտոսի շրջանակային վարչութեան եւ Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի երկարամեայ ատենապետ, վերջին տարիներուն՝ պատուոյ ատենապետ Պերճ Թերզեանի «Հայաստան-Սփիւռք համահայկական Ա. համաժողով. Մտորումներ քսանամեայ հեռաւորութենէ» գրքոյկը (99 էջ): Հեղինակին հիւանդութիւնը եւ թեքնիք պատճառներ թոյլ չեն տուած անոր տպագրութիւնը նախորդ տարուան վերջին քառորդին, ինչպէս նախատեսուած եղած է (չհամարակալուած էջ 4): Նոյն էջին մէջ հեղինակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծանօթ մտաւորականներ Վաչէ Ղազարեանին եւ Մարուշ Երամեանին, ինչպէս նաեւ գրքոյկի գոյառմանը նպաստած բոլոր անհատներուն:
Խորագիրէն կը թուի, թէ հեղինակը պիտի գրէ 22-23 սեպտեմբեր 1999-ին Երեւանի Մարզա-համերգային համալիրին մէջ գումարուած Հայաստան-Սփիւռք համահայկական Ա. համաժողովին մասին միայն: Սակայն, այդ համաժողովը կազմելով հանդերձ գրքոյկի բովանդակութեան առանցքը, Թերզեան գացած է աւելի հեռուն՝ լուսարձակի տակ առնելով ընդհանրապէս Հայրենիք-Սփիւռք կապերը. աւելին՝ անոնց ոչ միայն վերջին տասնամեակներու վերիվայրումները: Ան ետ կ երթայ մինչեւ հարիւրամեակ մը առաջ, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիները, այն համոզումով, որ ներկան որոշակիօրէն պայմանաւորուած է անցեալով:
Պերճ Թերզեան իր գրչի արգասիքը դասաւորած է 15 վերնագիրներու տակ:
Առաջինը վերնագրուած է «Մուտք» (էջ 7-10): Հոս հեղինակը տեղեկութիւններ կը հաղորդէ նշեալ համաժողովին մասնակցած եգիպտահայ պատուիրակութեան նախապատրաստական գործունէութեան մասին: Եօթը հոգինոց պատուիրակութիւնը իր խորհրդակցական հանդիպումները ունեցած է ՀՀ-ի Գահիրէի դեսպանատան մէջ, երբեմն՝ դեսպան Սերկէյ Մանասէրեանի կամ դեսպանատան խորհրդական Անահիտ Թովմասեանի մասնակցութեամբ: Ընդառաջելով համաժողովի կազմակերպիչ մարմնի առաջարկին՝ պատուիրակութիւնը իր քննարկումներու աւարտին կազմած է եգիպտահայութեան առաջարկներու պաշտօնական փաստաթուղթը, զոր համաժողովին ընթերցած է հեղինակը: Գահիրէ վերադարձին, պատուիրակութեան երկու անդամներ՝ Պերճ Թերզեանն ու տոքթոր Սուրէն Պայրամեանը զեկոյցներով հանդէս եկած են եգիպտահայ հասարակութեան առջեւ՝ համաժողովի աշխատանքներուն եւ իրենց ունեցած մասնակցութեան մասին, տեսակ մը հաշուետուութիւն, երեւոյթ մը, որուն հազուադէպ կը հանդիպինք առհասարակ հայկական, մասնաւորաբար սփիւռքեան իրականութեան մէջ:
Հեղինակը կը յայտնէ, թէ գրքոյկի լոյս ընծայման խթանը իր փափաքն է՝ նոր սերունդը տեղեակ պահել 20 տարի առաջ տեղի ունեցած կարեւոր այդ իրադարձութենէն (էջ 8): Ան «Եգիպտահայ գաղութին առաջարկները» փաստաթուղթը կը նկատէ պատմական արժէք ունեցող վաւերագիր մը, որ «կը ցոլացնէ քսան տարի առաջ գոյութիւն ունեցող եգիպտահայ հաւաքական մտածողութիւնը» (էջ 9):
Գրքոյկի բուն շարադրանքի առաջին գլուխին (էջ 11-15) վերնագիրը կը կրկնէ գրքոյկին խորագիրը: Հեղինակը հարկ համարած է, «կարգ մը հարցերու լուսաբանութեան համար», նաեւ անդրադառնալ մինչեւ 2017-ի աշունը գումարուած եւս 5 համաժողովներուն, քանի որ բոլորը «զիրար լրացնող ամբողջութիւն մը» կը կազմեն (էջ 13): Ապա կ անդրադառնայ հայրենի պետութեան մէջ 27 տարի տիրած հակաօրինական իրավիճակին, որու տրամաբանական հետեւանքն եղաւ 2018-ի «Հայկական գարուն»ը (բնութագիրը իմս է – Գ. Ե.)՝ «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը», որ «յոյս ներշնչեց աւելի լաւ ապագայ մը ակնկալելու ուղղութեամբ» (էջ 14): Գրքոյկին մէջ Թերզեան բազմիցս կը շեշտէ, որ սփիւռքահայ գաղութները մեծ ոգեւորութեամբ եւ ուրախութեամբ ընդունեցին համաժողովին մասնակցելու հրաւէրը, որու ապացոյցը 50 երկիրներէ 1200 պատուիրակի ներկայութիւնն էր՝ չհաշուած ՀՀ-էն եւ ԼՂՀ-էն մասնակիցները: Թերզեան յատուկ կը նշէ առաջին համաժողովի երկրորդ տարբերակիչ փաստը անոր յաջորդած համաժողովներէն՝ կազմակերպիչ յանձնաժողովի դիմումը մասնակցութեան ցանկութիւն յայտնած պատուիրակներուն՝ ներկայանալ իրենց գաղութներու կարիքներն ու ակնկալիքները արտացոլող առաջարկներով (էջ 14):
Յաջորդ գլուխը նուիրուած է համաժողովին Եգիպտոսի գաղութի պատուիրակութեան ներկայացուցած առաջարկներու փաստաթուղթին, որ բերուած է ամբողջութեամբ (էջ 16-21): Ազգային շարունակական ծրագիրի մը մտահոգութենէն մղուած, եգիպտահայոց գլխաւոր առաջարկն է՝ կազմել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները համադրող մարմին մը, որուն կառուցուածքին նախագիծը եւս, ընդհանուր գիծերու մէջ, ներկայացուած է համաժողովին: Կ առաջարկուի կազմել Կեդրոնական վարչութիւն մը ՀՀ-ի եւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներէ բաղկացած (նախընտրաբար՝ 50-ական տոկոս մասնակցութեամբ), որու կողքին Կեդրոնական աշխատակազմ մը՝ տեսակ մը գործադիր մարմին, իսկ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ ունենալ տեղական ներկայացուցչութիւններ՝ հիմնական նպատակ ունենալով «հաւաքագրել իւրաքանչիւր գաղութի մասնագիտական ներուժը» (էջ 17), ինչպէս նաեւ ստեղծել անհրաժեշտ ուրիշ մարմիններ: Այնուհետ կը թուարկուին եւ հակիրճ կը ներկայացուին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան քանի մը գլխաւոր ոլորտներ՝ դասագիրք, ուսուցիչ, հեռասփռումով դասաւանդութիւն, ՀՀ-ի մէջ սփիւռքահայ ուսանողութիւն, մշակութային, մարզական-երիտասարդական, տեղեկատուական-քարոզչական, տնտեսական հարցեր եւ երկքաղաքացիութեան հարց: Գրքոյկի այս եւ յաջորդ էջերուն մէջ հեղինակը կը յայտնէ, թէ հետագայ տարիներուն լիարժէք լուծուեցաւ միայն վերջին հարցը, իսկ միւսներէն՝ քանի մը ենթածրագիրներ միայն:
Գրքոյկին յաջորդ գլուխը Պերճ Թերզեան յատկացուցած է եգիպտահայ գաղութի առաջարկներուն նկատմամբ իր նշումներուն եւ դիտարկումներուն (էջ 22-27): Այսպէս, առաջարկուող Կեդրոնական վարչութիւնը պէտք է ունենար հասարակական կազմակերպութեան (ոչ-պետական) կարգավիճակ, տեսակէտ մը, որու կողմնակիցն էր Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան տարիներու արտաքին գործոց նախարար, առաջին համաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի համանախագահ Վարդան Օսկանեանը: Նոյնպէս, երբեք չիրականացաւ հայրենական եւ սփիւռքեան հաւասար թիւով ներկայացուցիչներու առաջարկը, որով երկու կողմերը պիտի դառնային «լուրջ գործընկեր» (էջ 23): Այդ հաւասարակշռութեան բացակայութեան պարագային, սփիւռքը կը վերածուի «պարզ գործադիր գործակիցի» (էջ 23), ինչպէս որ եղաւ (եւ է՛ տակաւին- Գ. Ե.), երբ ան զրկուեցաւ «իրեն վերաբերող հարցերուն մէջ որոշում կայացնելու իրաւունքէն» (էջ 23): Ապա Թերզեան կը մանրամասնէ գործակցութեան վերոնշեալ ոլորտներու իր պատկերացումները՝ շեշտադրելով լեզուական հարցին մէջ կողմերու համատեղ ջանքերուն կարեւորութիւնը: Սակայն այս ուղղութեամբ առ այսօր որեւէ բարելաւում չէ եղած, հակառակ կայացած բազմաթիւ երկկողմ հանդիպումներուն (էջ 25):
Կը յաջորդեն երկու պատուիրակներու զեկոյցները՝ ներկայացուած իրենց գաղութին՝ 1999-ի հոկտեմբերին: Առաջինը տոքթոր Սուրէն Պայրամեանի զեկոյցն է (էջ 28-29): Ան հակիրճ կը խօսի հաւաքի ընթացքին մասին՝ յուսադրիչ ակնկալիքներ արտայայտելով հետագայի համար: Միւսը հեղինակին ընդարձակ զեկոյցն է (էջ 30-39): Սկիզբը ան մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ համաժողովի բացման նիստէն, անոր ընթացքին ելոյթ ունեցողներէն եւ այլն: Ան կը նշէ, որ նախագահ Ռ. Քոչարեանի բացման ճառին մէջ տեղ գտած առաջարկները «մեծ մասով» համահունչ եղած են եգիպտահայ պատուիրակութեան առաջարկներուն (էջ 36): Հեղինակը կը նկարագրէ երկօրեայ նիստերը ու կանգ կ առնէ աւարտին ընդունուած հռչակագիրին վրայ: Հոն թէեւ կը խօսուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւը շարունակելու մասին, սակայն «երեւութապէս հողային պահանջներու խօսք չկայ»: Այդուհանդերձ, «ուշադիր կարդալով կը նկատենք թէ հոն խօսուած է հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն եւ անոնց շարունակութեան պաշտպանութեան մասին» (էջ 37): Ապա Թերզեան կը գրէ Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ սարքուած փառահեղ ընդունելութեան երեկոյին մասին ու կը համառօտագրէ հոն վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի արտասանած ճառը, որուն ստեղծած «տպաւորութիւնը երկար ժամանակ կը շարունակէր մեզի հետ մնալ» (էջ 40):
«Գեղեցիկ երազներու խորտակում» վերնագրուած գլուխը (էջ 40-44) կը ներկայացնէ 27 հոկտեմբեր 1999-ի ահաւոր ոճրագործութեամբ համազգային քաղցր երազանքներու յօդս ցնդիլը: Ըստ հեղինակին, այդ «ազգային մեծ աղէտ»ին (էջ 44) յաջորդեց «երկրորդ աղէտ»ը՝ մարդասպան-պետականասպաններու «ձեւական եւ շինծու դատավարութիւնը» (էջ 44), ինչը ՀՀ-ի իրաւապահ համակարգին կողմէ «անպատասխանատու եւ արհամարհական վերաբերմունք» է պետականութեան գաղափարին հանդէպ (էջ 43): Թերզեան վստահ է, որ «ահաբեկիչներու ետին գոյութիւն ունի կազմակերպութիւն մը (կ աւելցնէի՝ պետութիւն կամ պետութիւններ, անոնց կարգին՝ «դաշնակից» համարուող – Գ. Ե.), որ դեր ունեցած են այս սպանդին ծրագրումին ու իրագործումին մէջ» (էջ 42), եւ կը պահանջէ նոր հետաքննութիւն ու նոր դատավարութիւն, այլապէս ՀՀ-ը պիտի շարունակէ կրել «ապօրէն երկիր ըլլալու ամօթալի խարանը» (էջ 44): Այս պահանջը առ այսօր անկատար կը մնայ՝ առկայ հարցականները ա՛լ աւելի խորհրդաւոր դարձնելով…
«Հայաստան-Սփիւռք հաիւրամեայ յարաբերութիւններու հոլովոյթը 1918-2018» վերնագիրը կը կրէ յաջորդ գլուխը, որ ամենաընդարձակն է (էջ 45-65): Մեր կարծիքով, կարելի էր բաւարարուիլ 10, նոյնիսկ աւելի պակաս էջերով, քանի որ այս պատմական մասը ուղղակիօրէն չ առնչուիր գրքոյկի բուն նիւթին: Հեղինակը կը գրէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց ծիրին մէջ գործած հայրենական կառոյցներուն մասին՝ Հայաստանի օգնութեան կոմիտէ, Արտասահմանեան երկրների հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապերի հայկական ընկերութիւն (ԱՕՔՍ), Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ, ՀՀ-ի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստեղծուած մարմիններ, Սփիւռքի նախարարութիւն, 2019-ի մայիսէն՝ ՀՀ-ի վարչապետի աշխատակազմին մէջ՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ: Ան կ անդրադառնայ նաեւ Խորհրդային Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան եւ Պետութիւն-Եկեղեցի յարաբերութիւններուն: Թերզեան Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն մէջ կ առանձնացնէ երկու փուլ. 1920-1938՝ «արտերկրի հայութեան հետ բոլոր կապերը խզելու յատուկ ճիգ», իսկ 1944-էն մինչ օրս՝ «ամէն կարելի միջոցներով Սփիւռքը հայրենիքին կապելու նուիրական աշխատանք» (էջ 54): Ապա ան մանրամասնութիւններ եւ օրինակներ կը ներկայացնէ ԱՕՔՍ-ի եւ Սփիւռքի կոմիտէի գործունէութիւններէն (էջ 56-61, այս մանրամասները կարելի էր զեղչել շարադրանքէն): Այնուհետ հեղինակը կը ներկայացնէ Հայաստան-Սփիւռք վեց համաժողովներուն ցանկը՝ ըստ ժամանակագրութեան (էջ 62):
Պերճ Թերզեան յայտնապէս հիացած է Զ. համաժողովի բացման նիստին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի արտասանած խօսքով (էջ 66-70), մասնաւորաբար անոր երկու շեշտադրումներով՝ «Հայաստանը կը պարպուի, իսկ Սփիւռքը կը մաշի» (էջ 67) եւ «Հզօր Հայաստան, ամուր Արցախ, ու կազմակերպ Սփիւռք» (էջ 67, այս նշանախօսքին բոլոր տառերը գլխագրուած են): Արամ Ա. կը պահանջէ այս նպատակը դարձնել «մեր ազգային քաղաքականութեան ռազմա[վար]ական եւ մարտավարական ուղեցոյցը» (էջ 67): Վեհափառ հայրապետը նաեւ կը պահանջէ սփիւռքահայ փորձագէտները գործնապէս մասնակից դարձնել ՀՀ-ի կառավարման կառոյցներուն, եւ «անյետաձգելի հրամայական» կը նկատէ Համազգային խորհուրդի մը ստեղծումը (էջ 70):
Արամ Ա.ի խօսքին կը հետեւի առանձին ենթագլուխով անոր՝ Պերճ Թերզեանի մեկնաբանութիւնն ու արժեւորումը: Գրքոյկին հեղինակը զայն «պատմական վաւերագիր» կը յայտարարէ (էջ 72): Ան հոս եւ գրքոյկի ուրիշ էջերու մէջ չի թաքցներ իր խոր մտահոգութիւնը՝ իր բառերով՝ հայրենալքումի աղէտին ու անոր շարունակութեան ի տես: Թերզեան կը նշէ, որ մինչ համաժողովի միւս բոլոր մասնակիցները շրջանցեցին ՀՀ-ի ու առհասարակ հայութեան անվտանգութեան սպառնացող այս երեւոյթը, Արամ Ա. «միակը եղաւ, որ արտայայտուեցաւ մերօրեայ ազգային ամենամեծ աղէտին՝ հայրենալքումին մասին» (էջ 73):
Երկրորդ անձը որու ելոյթին ամբողջական շարադրանքը իր գրքոյկը ներառած է Պերճ Թերզեան՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի ղեկավար, տնտեսագէտ Պետրոս Թերզեանն է: Հայաստան-Սփիւռք համահայկական Գ. համաժողովին (20 սեպտեմբեր 2006) վերջինիս խօսքը (էջ 75-79) համեմուած է վիճակագրական կարեւոր տուեալներով: Ըստ Պետրոս Թերզեանի՝ սփիւռքահայութեան տարեկան եկամուտը կը կազմէ 80-100 միլիար տոլար, որու ընդամէնը 0,5 տոկոսը կը մտնէ ՀՀ՝ բարեգործութեան կամ ներդրումի տեսքով: Ան համոզուած է, որ ՀՀ եւ Սփիւռք իրենց դէմ ցցուած դժուարութիւնները չեն կրնար առանձինն յաղթահարել, հետեւաբար հարկաւոր է ճիգերը համատեղել: Ան կոչ կ ընէ սփիւռքահայ երիտասարդութեան՝ խորապէս ընդգրկուիլ իրենց բնակած երկիրներու քաղաքական կազմակերպութեանց եւ պետական կառոյցներուն մէջ՝ հոն հայանպաստ աշխատանքներ տանելու համար: «Հայաստանը պէտք է որ ամէն հայու համար ըլլայ հպարտութեան աղբիւր»,- կը յայտարարէ ան, ինչը, իր համոզումով, կ ըլլայ՝ եթէ հայրենի պետութեան մէջ արդարութիւնը տիրէ, կաշառակերութիւնը վերանայ եւ իսկական ժողովրդավարութիւն հաստատուի (էջ 78): Ան կը շարունակէ. «Տուէ՛ք մեզի Հայաստան մը որով կրնանք հպարտանալ: Անիկա ձեր երկիրն է, բայց՝ մեր հայրենիքը» (էջ 79):
Պերճ Թերզեան հարկ համարած է առանձին ենթագլուխով անդրադառնալ իր մականուանակիցի այս ելոյթին եւս (էջ 80-81): Սակայն անոր մեկնաբանութիւնները յաճախ կրկնութիւններն են Պետրոս Թերզեանի դրոյթներուն:
Գրքոյկին փաստական վերջին գլուխն է Պերճ Թերզեանի 23 յունիս 2017-ի «խորհրդապահական» նամակը ՀՀ-ի Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանին՝ Զ. համաժողովէն քանի մը ամիս առաջ (էջ 85-92): Թերզեան կը խոստովանի, որ թէ՛ Ա. համաժողովը, թէ՛ անոր յաջորդած չորս համաժողովները «իրենց գումարումէն յետոյ որեւէ արդիւնք չտուին» (էջ 86): Թերզեան անթաքոյց վրդովումքով կը նշէ, որ նախորդ համաժողովներուն նման, Զ. համաժողովի օրակարգին մէջ ալ չկայ «հայրենալքումի ահաւոր աղէտը» (էջ 86), առանց որու ընդգրկումին՝ միւս «բոլոր նիւթերը … իմաստազուրկ կը դառնան» (էջ 86): Թերզեան նաեւ կը պահանջէ քննարկել արտագաղթին տուն տուող պատճառները՝ կաշառակերութիւնը, դատարաններու անարդար վճիռները եւ այլն (էջ 87-88): Միամի՜տ պահանջ, երբ նամակին հասցէատէր, կուսակցութենէ կուսակցութիւն ցատկած տիկինը այդ նոյն փտած համակարգի կարկառուն դէմքերէն էր առնուազն … 20 տարի: Գայլի գլխուն Աւետարա՜ն կարդալ…
Արտագաղթի կասեցման համար Թերզեան նաեւ կ առաջարկէ բարելաւել հայրենահայութեան տնտեսական վիճակը: Այս նպատակին համար, ան խորհուրդ կու տայ ստեղծել Հայաստանի տնտեսական զարգացման գործակալութիւն (ՀՏԶԳ) մը՝ յար եւ նման Արցախի Հանրապետութեան մէջ գործող եւ հիմնականին մէջ լիբանանահայ ազգայիններու ներդրումներով գոյառած ARI կառոյցին, որուն ներդրումներուն երաշխաւորը Արցախի Հանրապետութիւնն էր: Եթէ ՀՏԶԳ-ի ներդրումներուն երաշխաւոր կանգնի ՀՀ-ի պետութիւնը, ապա, Թերզեանի համոզումով, ներդրողները շատ կ ըլլան: Ապա Թերզեան Հրանոյշ Յակոբեանին կը ներկայացնէ ՀՏԶԳ-ի կառոյցին իր պատկերացումը (էջ 91):
Վերջին՝ «Դէպի վերականգնում» վերնագրուած գլուխը (էջ 93-97) ձեւով մը ամփոփումն է գրքոյկի նախորդ էջերուն մէջ շարադրուած միտքերուն, դրոյթներուն, դատողութիւններուն եւ դիտողութիւններուն: Թերզեան կը շեշտէ հայրենական պետութեան մէջ բարոյա-հոգեբանական վիճակը կտրուկ բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը՝ արդարութեան պարտադրումովը բոլորին անխտիր: Կը կարեւորէ նաեւ տնտեսութեան արագ վերականգնումը: Ան կը զգուշացնէ. «Հայրենիքը կարիք ունի սովորականէն դուրս վերականգնման համապարփակ ծրագրի մը, որուն ուշացումը կրնայ ճակատագրական ըլլալ» (էջ 96): Իբրեւ ՀՀ-ին օժանդակելու յաւելեալ ծրագիր, ան կ առաջարկէ 16 տարին լրացուցած իւրաքանչիւր սփիւռքահայէ ամիսը գանձել 1 տոլար: Թերզեան անգամ մը եւս կը պահանջէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները համադրող կառոյցներու պաշտօնէութեան մէջ սփիւռքահայոց 50 առ հարիւր մասնակցութիւնը՝ գործերուն ճիշդ եւ արդիւնաւէտ ընթացք տալու մտահոգութեամբ (էջ 96):
Գրքոյկի աւարտին բերուած են հեղինակին հրատարակած գիրքերուեւ եւ անոր հասարակական գործունէութեան համար ստացած պարգեւներուն ցանկերը (էջ 98-99):
Գրքոյկին մէջ առկայ սխալներն ու թերութիւնները բաւական քիչ են: Ակնբախ է ԼՈՒՐՋ եւ ԲԾԱԽՆԴԻՐ մօտեցումը թէ՛ նիւթին, թէ՛ անոր խմբագրումին ու սրբագրումին: Այդուհանդերձ, նշենք զանոնք.
– Տեղ-տեղ կը հանդիպին կրկնութիւններ, երբեմն՝ նոյնութեամբ, մինչդեռ կարելի էր խուսափիլ անոնցմէ:
– Կան մուտքագրման եւ լեզուական վրէպներ, որոնք կը գտնուին ընդունելիի սահմաններուն մէջ: Առանձին կ ուզենք նշել հայերէնի լեզուամտածողութեան անյարիր «որոշում առնել» արտայայտութիւնը (էջ 97): Ճիշդն է՝ «որոշում տալ» կամ «որոշում կայացնել»:
– Բնաւ կարիքը չկար առանձին ցուցակով ներկայացնելու 27 հոկտեմբերի ոճրագործներուն անունները եւ անոնց առնչուած ուրիշ մանրամասներ: Այդ յաւերժ նզովեալները պէտք չէ Հերոստրատի վերածել…
– Ամբողջովին աւելորդ էր երեք էջ յատկացնել ներկայացնելու համար Պետրոս Թերզեանի կենսագրութիւնը, որ հեռաւոր աղերս իսկ չունի գրքոյկի նիւթին հետ:
– Հայկական Եռագոյնի երրորդ գոյնը ներկայացուած է իբր ծիրանագոյն (էջ 46): ՀՀ-ի Սահմանադրութեան (20-րդ յօդուած) եւ «Դրօշի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ շատ յստակ գրուած է՝ նարնջագոյն:
– Կան պատմական տեղեկութիւններու քանի մը սխալներ:
– Հեղինակը գրած է, որ Ռոպերթ Քոչարեան նախագահ ընտրուած է 1998-ի փետրուարին (էջ 12՝ 3 տարբեր տեղեր): Նախագահի ընտրութիւնները կայացան 1999-ի մարտ ամսուն՝ երկու փուլով՝ ամսուն 16-ին եւ 30-ին: Բացի ատկէ, հեղինակին իսկ վկայութեամբ, հայրենի ժողովուրդը, ուրիշ ընտրութեանց շարքին, այդ երկու փուլերուն արդիւնքներն ալ կը նկատէ խարդախուած (էջ 13), ուստի Քոչարեանը իբր ընտրուած նախագահ պէտք չէ ներկայացուէր, առնուազն՝ «ընտրուած» բառը պէտք է առնուէր չակերտներու մէջ:
– Առաջին հանրապետութեան համար գրուած է, թէ կառավարութիւնը պէտք է զբաղէր երկրին մէջ ապաստանած «տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ»ու հարցերով (էջ 45): Գաղթականներուն թիւը հարիւր հազարներով կը հաշուըուէր:
– Կը կարդանք, թէ խորհրդային կարգերու հաստատման յաջորդած երկու տասնամեակներուն, «Ս. Էջմիածինին արգիլուած էր կապեր ունենալ սփիւռքի հետ» (էջ 49): Սա չափազանցութիւն է: Այդ կապերը կային, թէկուզ նամակագրութեան տեսքով, ինչպէս նաեւ 1934-ին Գարեգին արք. Յովսէփեանցի՝ իբրեւ հայրապետական լիազօր պատուիրակ սփիւռքահայ գաղութներ առաքելու եւ անոնց մէջ գործունէութիւն ծաւալելու փաստով, Կիլիկիոյ դպրեվանքի տեսուչ Շահէ արք. Գասպարեանի 1935-ի նոյեմբերին Մայր Հայրենիք այցով եւ ամսուն 24-ին հոն վաճխանումով, եւ այլն: Ճիշդ է սակայն, որ այդ յարաբերութիւնները ամէն կերպ կը խոչընդոտուէին:
– Սփիւռքի Կոմիտէի գոյութեան դադրեցման թուական կը նշուի 1998 թուականը (էջ 54 եւ էջ 60), մէկ ուրիշ տեղ՝ 1992-ը (էջ 61): Երկու թուականներն ալ սխալ են: Կոմիտէն վերացաւ 1994-ին՝ երեք տարի իր գոյութիւնը առանց պետական նեցուկի քաշքշելէ ետք:
– Շատ տեղեր, հայոց հայրենիքին համար՝ «հայրենիք» բառը գրուած է փոքրագիր, մինչդեռ գրեթէ բոլոր տեղերը «սփիւռք»ը գլխագրուած է: Եթէ հակառակն ըլլար՝ կրնայինք հասկնալ: Ամէն պարագայի, Հայաստանի համար գործածուող «հայրենիք» հոմանիշը պէտք է ՄԻՇՏ գրուի գլխագիրով:
– Գրքոյկի 21-րդ էջին մէջ տպուած են եգիպտահայ պատուիրակներուն լուսանկարները: Եօթը մասնակիցներուն մէջ չկայ իգական սեռէն ոչ մէկ հոգի, ինչպէս նաեւ 60-էն պակաս տարիք ունեցող որեւէ պատուիրակ: Եթէ պատուիրակները անընդունելի կը գտնեն Սփիւռքի համար որոշումներու կայացումը առանց սփիւռքահայ ներկայացուցիչներու մասնակցութեան, նոյն տրամաբանութեամբ իրաւունք ունինք հարցադրելու՝ մի՞թէ արդար է հայ հասարակութեան առնուազն կէսը կազմող իգական սեռին եւ նոյն հասարակութեան զգալի տոկոսը կազմող երիտասարդութեան մասին որոշումներ կայացնել եւ զանոնք ներկայացնել յաւակնիլ՝ առանց եգիպտահայ հասարակութեան այդ երկու շերտերէն թէկուզ մէկական պատուիրակի մասնակցութեան:
– Գրքոյկին մէջ շատ քիչ գրուած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց այսօրուան՝ մեղմօրէն արտայայտած՝ ցած մակարդակի փաստին մէջ սփիւռքահայ գաղութներու եւ կազմակերպութիւններու մեղքի բաժինին մասին: Գրեթէ ամէն ինչ ակնկալուած է ՀՀ-ի իշխանութիւններէն: Անշուշտ, վերջիններս շատ պարագաներու թերացած են, սակայն արդար պէտք է ըլլանք ըսելու, թէ այս վիճակի յառաջացման համար պատասխանատուութեան իրենց կարեւոր բաժինն ունին նաեւ սփիւռքահայ կառոյցները:
Վստահ եմ, որ Պերճ Թերզեան եթէ այս գրքոյկը հեղինակէր հայ-ատրպէյճանական շարունակուող պատերազմի 2020-ի աշնանային պարտութենէն ետք, որոշ երեւոյթներ ու փաստեր նորովի կը մեկնաբանէր:
Ամէն պարագայի, գրախօսուող գրքոյկը շատ օգտակար ձեռնարկ մըն է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ուսումնասիրողներուն եւ անոնցմով զբաղող գործադիր կառոյցներու աշխատակիցներուն համար: Հոն ներկայացուած՝ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան մեքենայի ուրուագիծը, դատողութիւններն ու դիտողութիւնները էական նպաստ են բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտին ճիշդ հունի մէջ դնելու այդ յարաբերութիւնները՝ յօգուտ հանուր հայութեան:
Երեւան, 4 սեպտեմբեր 2023
ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (Եազըճեան)