Անցեալ ակնարկիս մէջ գրեցի ռոպոթներուն մասին եւ ըսի, թէ որքան յառաջընթաց արձանագրած է Արհեստական բանականութեան ոլորտը, մինչեւ իսկ մարդամեքենային մէջ սովորական գիտելիքներու կողքին աշխատանք կը տարուի անոր մէջ զգացական աշխարհ մըն ալ աւելցնելու: Ցարդ այդ գծով յաջողութիւնները գիտաերեւակայական ֆիլմերու սահմանին մէջ են, սակայն երբ անդադար փորձարկութիխններ կ՛ըլլան, կրնայ օր մը այդ ալ իրականութիւն դառնալ:
Ես կրօնները յարգող եմ, սակայն գիտեմ զատորոշել կրօնքը հաւատքէն, հաւատքն ալ՝ սնահաւատութենէն: Կրօնները ստեղծուած են մարդոց մէջ հաւատք սերմանելու համար, մարդոց բարօրութեան համար, անոնց կեանքն ու հոգեկան աշխարհը դասաւորելու, հաւասարակշռելու եւ մարդուն մէջի չարը բարիով փոխարինելու համար: Սակայն դարերու ընթացքին կրօնապետները, ժողովուրդը իրենց ենթարկելու համար, օրէնքներ սահմանած են, իբրեւ կրօնքի պահանջք եւ տարբեր տեսակի ծիսակատարութիւններ հնարած են, որոնք ոչ մէկ կապ ունին հաւատքին հետ, ոչ մէկ տրամաբանական ու գիտական հիմք:
Իսրայէլեան բանակը ութը ամիսէ ի վեր կը ՀՐԹԻՌակոծէ Կազան, անդին՝ զոհին ազգակից եւ կրօնակից մէկուկէս միլիոն «հաւատացեալներ» Ալ Ատհա տօնին առթիւ, Մեքքայի մէջ կը ՔԱՐկոծեն «սատանան» մեծ ջանասիրութեամբ՝ քարաշէն պատի մը քարեր նետելով… Իսլամական Ալ Ատհա (Զոհաբերութեան) մեծ տօնին առթիւ Մեքքա հաճի գացողները հետեւելով այս տօնին առթիւ կրօնքին պարտադրած զանազան ծիսակատարութիւններուն, պէտք է ամբողջացնեն զանոնք, որպէսզի ուխտը կատարեալ ըլլայ. Սատանան քարկոծելը այդ ծէսերէն մէկն է: Դարերէ ի վեր կը քարկոծեն ու կը քարկոծեն, սակայն սատանան դեռ կ՛ապրի ու պիտի շարունակէ ապրիլ, այնքան ատեն որ սնահաւատութիւնը կ՛ապրի:
Երկրորդ ծէս մըն ալ՝ ոչխարի զենումն է, շարունակելով հեթանոսական սովորոյթ մը՝ աստուածներուն զոհեր մատուցանելու, բան մը՝ որ տակաւին կը շարունակուի զանազան կրօններու մէջ: Իսլամական կրօնքին պահանջած զենումին համար միլիոնաւոր ոչխարներ դրուած են ուխտաւորներու տրանադրութեան տակ, մէկ ոչխարը ներկրուած է հատը 60 տինարով, բայց ուխտաւորներուն վաճառուած է հատը 200-250 տինարով… Պիզնէս… (Ոչխարներէն ալ նաֆթի հոտ կու գայ…)
Ըմբռնեցի՞ք ողբերգա-կատակերգութիւնը… հրթիռ եւ քար… Ու տակաւին անտուն, անտէր, անօթի ու ծարաւ Կազայի բնակիչները, թշնամիին «աչքը ծակելով» փլատակներուն մէջ ուրբաթ օրերը կարպետներ, կամ քուրչի կտորներ գետինը փռելով կ՛աղօթեն ամենաողորմած Աստծուն… Եթէ սատանային փոխարէն այդ միլիոնաւոր քարերը Իսրայէլի վրայ նետէին, ի՞նչ կ՛ըլլար արդեօք:
Մեր ծնողներն ու անոնց ծնողները, մէկուկէս միլիոն նահատակ տալով ու աշխարհի մէջ չտենսնուած դժոխքէն անցնելով, կիսամերկ, կիսակուշտ, կիսաառողջ, ի՞նչ ըրին, երբ կայք հաստատեցին Հալէպի հիւղաւանին մէջ, դեռ պատսպարուելու երդիք մը հազիւ քաշած իրենց գլխուն՝ հաւաքուեցան ու եկեղեցի շինեցին, աղօթարան, փայտով ու ցեխով, որպէսզի աղօթեն եւ փառք տան Աստուծոյ, որ միայն մէկուկէս միլիոն ջարդուած է…
Իսրայէլացի հրեան որ գիտութեան ռահվիրայ է եւ զինատեսակներու ամենաարդիականները կը պատրաստէ, թէ՛ սեփական գործածութեան համար, թէ՛ ալ վաճառքի, այս եւ այլ գիւտերու եւ զանազան ոլորտներու մէջ գերզարգացման զուգահեռ՝ չի մոռնար իրենց տօնն առթիւ գլուխը «լացի պատին» զարնել, աղօթելով եւ անդադար օրօրուելով:
Տակաւին նոր աւարտեցի Նոպէլեան մրցանակակիր գրող Տարիօ Ֆօ-ի «Պապի դուստրը» վէպը Լուքրեցիա Պորճիայի մասին, որ Ե դարասկիզբի Վատիկանի Պապերու եւ Իտալիոյ քաղաք-պետութիւններու տիրակալներու քստմնելի պատմութիւնն է, ուր Պապերը արտօնուած էին սիրուհի պահել ու զաւակներ ունենալ, եւ ուր ինչ-ինչ դաւեր կը լարուէին, ոճիռներ կը գործադրուէին, եւ ուր Վատիկանի պապական գանձատունը հարստացնելու համար կ՛որոշէին Դրախտէն տարածքներ վաճառել հարուստներուն… Այնպիսի ամօթալի էնթրիկներ, որոնց մասին կարդալն իսկ ցնցիչ է:
Ըսի՝ հաւատքը լաւ բան է, աղօթելը՝ նոյնպէս, եկեղեցի յաճախելը՝ առաւել եւս, հոգեկան անդորրութեան սիրոյն, բան մը, որ որեւէ այլ տեղ, կամ այլ ձեւ նոյնը չի կրնար պարգեւել, սակայն հաւատքի անունը օգտագործել եւ ուղեղի լուացումով սնահաւատութեան մղել մարդիկ այս լուսաւոր դարուն, չափազանց դատապարտելի է:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ