Հանգրուան 1– Եղեռնէն եւ տեղահանութենէն հրաշքով փրկուած ծնողներէս «Հայաստան» անունը լսած եմ մանկութեանս, երբ երեք տարեկանիս Հալէպի կայարանին մէջ որպէս շոգեշարժավար աշխատող հայրս զիս կանգնեցուց դալար ճիւղերով զարդարուած շոգեկառքի մը առջեւ եւ խնդրեց իր գործակիցէն որ լուսանկարէ զիս: Այդ շոգեկառքը պիտի փոխադրէր Հայաստան ներգաղթողները, մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստը, որմէ ետք պիտի բարձրանային շոգենաւ ու երթային Հայաստան: Անոնց մէջ էր հօրաքոյրս, որ կորսուած էր ու վերագտնուած Ճեզիրէի Թէլ Պրաք գիւղէն, գիւղապետ՝ զէյթունցի Բառնակ Շիշիկեանի ջանքերով, որ հարիւրաւոր տղաք ու աղջիկներ փրկած էր ու հայութեան վերադարձուցած: Հօրաքոյրս կ՛երթար իր ամուսինին հետ, իր կորսնցուցած հարազատներուն վրէժը լուծելու հայրենի հողին վրայ վեց զաւակներ աշխարհ բերելով ու ապագային ալ թոռներով ու ծոռներով համալրելով գերդաստանը: Քանի մը տարի ետք, Հայաստանէն մանուշակագոյն մելանով ու մահացած ազգականներուն բարեւներով ծանրաբեռնուած նամակներ սկսան գալ…
Հանգրուան 2– Յետոյ մեծցայ ու սկսայ դպրոց յաճախել: Նախակրթարանը խանդավառութեամբ ազգասիրական երգեր կ երգէինք: Դասընկեր մը ինծի կրծքանշան մը տուաւ եռագոյն դրօշակով, ուրախութեամբ կը կրէի, մինչեւ որ օր մը, ամրան արձակուրդին, փողոցը հայրենակից տղեկ մը, կուրծքէս քաշեց հանեց, ու տեղը կարմիր-կապոյտ-կարմիր դրօշակով զինանշան մը ամրացուց, ըսի,- ասի ի՞նչ է, ըսաւ,- Հայաստանի դրօշակը ասիկա է, հապա միւսը ի՞նչ է, հարցուցի, անիկա Հայաստանի դրօշակը չէ,- ըսաւ:
Վերամուտին դասընկերս քաշեց-հանեց կուրծքինս ու հարցուց, թէ ո՞ւր է իր տուածը, ըսի գրպանս է, ատիկա կուրծքդ դիր ու ասիկա գրպանդ դիր, ըսաւ. եղաւ. բայց չհասկցայ դրօշակներուն տարբերութեան պատճառը: Երեկոյեան հօրս հարցուցի: Սակաւախօս հայրս գլուխը երերցուց ու ըսաւ, հարց չէ, դրօշակները կը փոխուին, բայց Հայաստանը տեղը կը մնայ:
Հանգրուան 3- Քիչ մը աւելի մեծցայ, երկրորդական վարժարանի աշակերտ էի, երբ մեր պատմութեան ուսաուցիչն ու դասագիրքերու հեղինակ պարոն Ֆիրուզ Խանզատեանը Հայոց պատմութեան դասապահերուն, իւրօրինակ մօտեցումներով տակնուվրայ ըրաւ մեր պատմութիւնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին «Խաւարիչ» անուանեց, քանի որ փճացուցած էր մեր հեթանոսական գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ Վասակ Սիւնին պաշտպանեց, անոր անուան վրայէն «դաւաճան» բառը վերցնելով, քանի իրեն համար Վասակը քաղաքագէտ զինուորական մըն էր:
Հանգրուան 4– Անցան տարիներ, ծանօթացանք մեր ամենասիրած երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանին, որուն երգիծանկարներու հերոս «Խռֆունին» հեծանիւով Հայաստանը գրաւելու կ՛երթար: Կը զգայի, թէ ինչպէս Հայաստանը, որ դեռ չէր մարմին առած մեր ուղեղներուն մէջ, որպէս հոգեկան հայրենիք, սիրողներ ունի եւ չսիրողներ: Շուտով սրբագրեցի, Հայաստանը բոլորն ալ կը սիրեն, սակայն կան մարդիկ, որոնք անոր առջեւի պիտակը չեն սիրեր, պիտակաւոր Հայաստանը չեն սիրեր:
Հանգրուան 5– Դպրոցը չաւարտած, արդէն զանազան թերթերու սկսայ ծանօթանալ, Լիբանանէն «Նայիրին» եւ «Սփիւռքը», Հալէպէն «Արեւելքն» ու «Սուրիան» եւ նաեւ ուրիշներ: Երկու շաբաթաթերթերուն հայկական ու հայաստանեան հարցերու մօտեցումները թէեւ քիչ մը տարբեր էին, սակայն անոնց ջուրերը նոյն ծովուն մէջ կը թափէին: Որքան ալ որ հակառակ բեւեռներու շրջուն թերթավաճառները թերթերուն անունները ծաղրանքի կը վերածէին, փողոցի տղաքը պոռալով «Սուրիա թերթը մէկ ֆրանկ», կամ Հայաստանէն հասնող «Հայրենիքի Ձայն» թերթին անունը բառախաղի ենթարկելով ու «Ձայնի հայրենիք» որակելով, այդ թերթերը իրենց ընթերցողները ունէին ու իւրաքանչիւրը իր շրջապատին մէջ տպաւորութիւն գործելու աշխատանք կը տանէր:
Հանգրուան 6- Դպրոց ու համալսարան աւարտեցի, կեանքի ասպարէզ մտայ, ընկերներու հետ ձեռքով-ոտքով նետուեցանք միութիւններու մէջ ու աշխատեցանք: Որքան կ՛երկարէր Սովետական Հայաստանի գոյութիւնը իր բազմատեսակ յառաջդիմութիւններով, միեւնոյնն էր, խրամատը, որ կար, նոյնիսկ եթէ չէր ընդարձակուէր, չէր ալ նեղնար, որուն պատճառով ալ Սփիւռքին ազգային, հասարակական կեանքին մէջ հարցերը մնացին նոյն կրակին վրայ. եթէ շատ տաք չէր, չէր ալ պաղեր:
Հանգրուան 7- Եկաւ այնքան սպասուած անկախացումը, կամ վերանկախացումը: Կուտակուած հանգրուանները անցան պատմութեան, հիմա հասած ենք գլխաւոր կայարանն ու կը սպասենք բեռնաթափումի, որպէսզի տուներնիս երթանք. բեռնաթափում՝ գժտութեանց, տարակարծութեանց, անհամաձայնութեանց, թշնամանքի ու կռիւի: Բեռնաթափուինք, մաքրուինք եւ իրարու ձեռք բռնած՝ բռնենք մեր տան ճամբան, միակ տունը, միակ հասցէով, ուր պիտի հանգրուանին աշխարհի բոլոր հայերը ու ստեղծեն անառիկ ամրոցը մեր գոյութեան Հայաստան:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ