Շահան Շահնուր պատգամած է հայ ժողովուրդին, որ եթէ կը սպառի ամէն միջոց` պէտք է պայքարիլ մեր նահատակներով. այո, մեր նահատակները տակաւին 107 տարի վերջ կը շարունակեն պայքարիլ թուրքին դէմ. սակայն աւելի` թուրքն է որ կը պայքարի մեր նահատակներուն դէմ եւ կը զարմանայ որ այսքան տասնամեակներէ վերջ ոչ միայն չի դադրիր այդ պայքարը, այլեւ աւելի կը սաստկանայ եւ նոր ծաւալ կը ստանայ:*)
Պարտուողական ոգիի դրսեւորում է ոմանց մօտ, երբ անօգուտ եւ անտեղի կը նկատեն ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը. ուրիշներ կը յանձնարարեն ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի փոխարէն` կեդրոնանալ այլ մարզի վրայ. օրինակ` հատուցման պահանջին կամ Հայաստանը զօրացնելու պայքարին վրայ:
Սակայն, ընդհակառակն, այդ բոլորը ընելով հանդերձ պէտք է շարունակել ճանաչման պայքարը անդուլ կերպով, պարզ այն պատճառով, որ թէ՛ հատուցումը, թէ՛ միջազգային օրէնքի հասնելու հանգրուանը կ՛արժեւորուին միայն ցեղասպանութ»ան ճանաչման պայքարով:
Միայն այն փաստը, որ այսօրուան Թուրքիան այնքան կը վախնայ միջազգային հանրութեան կողմէ ցեղասպանութ»ան ճանաչումէն` բաւարար փաստ է որ արժէքաւոր է այդ պայքարը, ինչպէս որ են անով ձեռք ձգուելիք արդիւնքները:
107 տարիներու ընթացքին գոյացան լեռնակուտակ փաստագրութիւններ եւ պատմագիտական հատորներ, որքան հայ պատմաբաններու` նոյնքան նաեւ օտար պատմաբաններու կողմէ, ի շարս որոնց` թուրք պատմաբաններու կողմէ: Որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը քաղաքակրթութեան յառաջացման ճամբուն վրայ կը հանդիսանայ ընկերային զարգացման արտասովոր շեղում մը, հետեւաբար` ան կը հանդիսանայ ընկերաբաններու համար ուսումնասերտելի տիեզերական խնդիր մը:
Այսուհանդերձ Թուրքիոյ նախագահը հրապարակ կ՛իջնէ յայտարարելու, որ թող հայերը մէկ հատիկ փաստ մը ներկայացնեն, որ թուրքերը ցեղասպանութիւն գործած են: Այդպիսի արտայայտութիւններով Թուրքիոյ նախագահը ինքզինք եւ իր երկիրը ծիծաղելի կը դարձնէ յաչս միջազգային հանրութեան: Բնականաբար աւելի ծիծաղելի կը դառնայ ան, երբ Ապրիլ 24ին թրքահայոց պատրիարքին ուղղուած իր պատգամին մէջ վշտակցութիւն կը յայտնէ 1915ի «տխուր դէպքերու զոհերու զաւակներուն ու թոռներուն»: Բայց Թուրքիան կը շարունակէ պայքարը միեւնոյն ատեն եւ հսկայ գումարներ կը վատնէ այդ պայքարին մէջ:
Մինչ Թուրքիան կը փճացնէ հայութեան կերտած քաղաքակրթութեան հետքերը իր գրաւած տարածքներուն վրայ, միւս կողմէ աշխարհով մէկ պայքար կը մղէ ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ, որովհետեւ այդ ճանաչման տարածումն ու ամբողջացումը կրնան խախտել այսօրուան Թուրքիոյ հիմերը:
Տակաւին 1930ական թուականներուն Թուրքիան յաջողեցաւ կանխել ֆիլմի վերածումը Ֆրանց Վերֆէլի` «Մուսա լերան քառասուն օրերը» դիւցազնավէպին:
Եւ այդ պայքարը կը շարունակուի տարբեր ճակատներու վրայ: Լաւ ճանչնալով Թուրքիոյ հետաքրքրութիւնը ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ եւ իմանալով, որ մինչեւ ի՞նչ աստիճանի կրնան թուրքերը դիմել այդ ուղղութեամբ` պիտի անդրադառնանք կարգ մը երեւոյթներու, մինչեւ անգամ եթէ չբերենք փաստական տուեալները:
Առաջինը` ցեղասպանութեան թանգարանի ծրագրին ձախողութիւնն էր Ուաշինկթընի մէջ եւ երկրորդը` «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի մէջ կրկնուող յօդուածաշարերն են:
Ուրեմն, խումբ մը բարերարներու յատկացումով կարեւոր կալուած մը գնուած էր Սպիտակ տան հանդիպակաց կողմը: Պատմական նշանակութիւն ունեցող հին դրամատան մը շէնքն էր, նաեւ ճարտարապետական արժէքով:
Երեւակայեցէք ինչպիսի շռնդալից ապտակ մը կը նշանակէր Սպիտակ տան դիմաց տեսնել Հայկական ցեղասպանութ»ան թանգարան մը:
Դաւադրական տեսութիւններ հանելու ամբաստանութեամբ (conspiring theory) իսկ պիտի պնդենք, որ թանգարանի ծրագրի ձախողութիւնը առաջին հերթին բխած էր Թուրքիոյ շահերէն: Բազմաթիւ ենթադրութիւններ կատարուեցան եւ մինչեւ անգամ միամիտ տեսութիւն մը ներկայացուեցաւ, որ ձախողութեան պատճառը երկու մեծահարուստ ծերունիներու պայքարն էր: (Ակնարկը վերաբերում է Ժերայր Գաֆեսչյանի եւ Հրայր Հովնանյանի հակամարտությանը: «Ազգ»): Մենք մեր հերթին քանիցս անդրադարձած ենք այդ ծրագրի ձախողութեան, եւ պահուած լռութիւնը եկաւ հաստատելու ենթադրութիւնը, որ քաղաքական դաւադրութիւններու հետեւանքով է որ ձախողած էր այդ ծրագիրը: Պարզապէս անընդունելի պիտի ըլլար այդպիսի քաղաքական եւ պատմական ծրագրի մը իրագործումը Թուրքիոյ հանրապետութեան համար:
Եթէ կան ասկէ աւելի իրական պատճառներ, դեռ ուշ չէ կողմերուն համար բացայայտել իրականութիւնը: Ապրիլ ամսուան նախօրէին, մարտ 23ին, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթին մէջ հրապարակուած զգայացունց յօդուած մը դարձեալ կը բխի կասկածելի աղբիւրներէ. մանաւանդ որ միեւնոյն յօդուածը միեւնոյն թերթին մէջ հրատարակուած էր տասնամեակ մը տարիներ առաջ: Հարց է, թէ ինչո՞ւ «Լոս Անճելըս Թայմզ» հարկ տեսած է կրկին հրապարակ գալու միեւնոյն նիւթին շուրջ գայթակղալի յօդուածով մը: Որո՞ւն շահին կը ծառայէ նման գայթակղութեան մը կրկին անդրադարձը:
Պէտք է ընդգծել, որ յօդուածը այն մասին է, թէ կարգ մը փաստաբաններ Լոս Անճելըսի մէջ դատ բացած էին New York Life ամերիկեան եւ Axa ֆրանսական ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ եւ այդ երկուքէն գանձած համագումար 37 միլիոն տոլարի հատուցում մը:
New York Life-ը ապահովագրական այն ընկերութիւնն է, որ խօսակցութեան նիւթ դարձած էր Թալէաթ փաշայի եւ ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկընթոյի միջեւ: Թալէաթ խնդրած էր ամերիկեան դեսպանէն, որ իրեն տրամադրէ Օսմանեան կայսրութեան այն հայ քաղաքացիներուն ցանկը, որոնք ապահովագրուած էին՝ վստահեցնելով դեսպանը, որ այդ ապահովագրութեանց շահառուներուն յետնորդները բոլորն ալ անհետացած էին, եւ հետեւաբար անոնց իրաւունքը պէտք էր փոխանցուեր օսմանեան պետութեան:
Բնականաբար Մորկընթօ ընթացք չէր տուած Թալէաթի այդ շնական (ցինիկ) առաջարկին:
Հետեւաբար հայ փաստաբաններու բացած դատերով յիշեալ ընկերութիւնները յատկացուցին վերեւը նշուած գումարը: Սակայն, այդ գումարին բաշխումը եւ այդ առիթով իրարու դէմ բացուած դատերը խայտառակեցին թէ՛ նահատակները եւ թէ ալ ամերիկեան իրաւական դրութիւնը: Այդ խայտառակութիւնը մեծ պարգեւ մըն էր թուրք կառավարութեան, որ յետագային որպէս վահան ու պատնէշ գործածէր ուրիշ որեւէ դատական հարցի դէմ:
Պարզ է որ գանձուած գումարը կու գար այդ ընկերութիւններէն եւ ոչ թուրքական կառավարութենէն: Սակայն խնդրոյ առարկայ փաստաբանները ազգային ամօթանքի ահաւոր յանցանքի մը մէջ են, եւ արդէն քոնկրէս մէն Ատամ Շիֆ կը պահանջէ, որ դատական իշխանութիւնները վերստին քննեն հարցը. ինչ որ նոր պարգեւ մը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ:
Բացի վերեւը բեմադրուած խայտառակութենէն, կարգ մը ընտանիքներ, որոնք կալուածաթուղթ ունէին իրենց ձեռքին, յատկապէս Ինճիրլիքի ամերիկեան ռազմակայանի հողին, դիմած էին, որ, ըստ տրուած տեղեկութեանց, ամերիկեան կողմէն գանձեն այն վարձավճարները, որոնք կը տրուին Թուրքիոյ:
Եւ ամերիկեան դատարանը այդ շրջանին անվաւեր նկատած էր դատը, որովհետեւ Ամերիկան չէր ճանչցած հայկական ցեղասպանութիւնը:
Սակայն, երբ նախագահ Ճօ Պայտըն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, թուրքերը անդրադարձան, որ կրնայ ճամբան բացուած ըլլալ նոր դատերու. հետեւաբար անհաւանական չէ, որ նահատակներու արեան հատուցման խայտառակութիւնը կրկին հրապարակայնացնելը ազդու զէնք մըն է ընդդէմ նոր փորձերու եւ նախաձեռնութիւններու:
Թուրքերը այսօր կը շարունակեն պայքարիլ մեր նահատակներուն դէմ, եւ նահատակներուն յիշատակն ալ` թուրքերու դէմ:
Յիշողութիւնը, նահատակներու ոգեկոչումը ողջունելի արարքներ են. իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն պիտի հաստատէ պատմական ճշմարտութիւնը, այլեւ իբրեւ պատնէշ պիտի կանգնի այսօրուան Հայաստանի սահմանին վրայ՝ թուրքերու եւ ազերիներու ախորժակներուն դէմ:
Խմբագրական՝ «Պայքար» շաբաթաթերթի, 25.04.2022 թ.
*) Այստեղ խմբագրությունս ավելորդ չի համարում ամբողջությամբ մեջբերել Շահնուրի՝ ակնարկված խոսքը հեղինակի «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը» հոդվածից.
Ազգ,
Կռուէ՛ ամբողջութեամբը քու միսերուդ:
Եթէ միսերդ ինկան պատառ-պատառ, կռուէ դնդերներո՛վդ, ջիղերո՛վդ, երակներո՛վդ:
Եթէ պայքարը զանոնք լափեց՝ կռուէ ոսկորներո՛վդ:
Եթէ ոսկորներդ փշրուեցան, կռուէ ծուծո՛վդ:
Եթէ ծուծ չմնաց, կռուէ աճիւններո՛վդ:
Եթէ ասոնք ալ տարտղնուեցան, կորսուեցան, չքացան, այն ատեն կռուէ՛, ազգ, Հերոսո՛վդ:
ԵՐՎԱՆԴ ԱԶԱՏՅԱՆ
Դետրոյթ, ԱՄՆ