Լիբանանը խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանը, համացանցերու վրայ տարածուած տեսանիւթերու մէջ հայ զինուորականներու նկատմամբ ատրպէյճանական կողմի անմարդկային վերաբերմունքին համար: Պատերազմական գերիներու հանդէպ ի գործ դրուածը 1949 թուականին Ժընեւի մէջ որդեգրուած բանաձեւին կոպտագոյն խախտումներն են:
Այս մասին յայտարարած է Լիբանանի արտգործնախարարութիւնը:
«Կ՛ողջունենք Ատրպէյճանի դատախազութեան որոշումը տեսագրութեան առթիւ հետաքննութիւն կայացնելու վերաբերեալ: Միաժամանակ՝ Լիբանանը կը վերահաստատէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած իր պահանջը՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները, մասնաւորապէս Լիբանանի քաղաքացի, ազգութեամբ հայ Վիգէն Էօլչեքճանը», – նշած է երկրի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:
Նշենք, որ թուականես մօտ ամիս մը առաջ, Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Աղա Սալիմ Շոքորով կանչուած էր արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ ընդունուած նախարարութեան քաղաքական եւ հիւպատոսական հարցերու տնօրէն Ղատի Խուրիի կողմէ:
Ազրպէյճանի դեսպանին փոխանցուած էր արտաքին գործոց նախարարութեան դժգոհութիւնը Պաքուի մէջ գերեվարուած լիբանանահպատակ Վիգէն Իւլճեքեանի հարցին գծով Ազրպէյճանի պետութեան ձգձգումներուն եւ Լիբանանի դիմումները անպատասխան ձգելու պատճառով:
«Զարթօնք», Բէյրութ