Այս երկրորդ շաբաթն է, որ մեր շէնքին յարակից մայթին վրայ տարեց կին մը կ՛ապրի: Կ՛ապրի ըսի, բայց ի՞նչ ապրիլ, բրդեայ վերմակի մը մէջ փաթթուած գիշեր- ցերեկ հոն է: Այս ցուրտին ինչպէ՞ս կը դիմանայ անոր ազազուն մարմինը: Անցորդները դրամ, ուտելիք ու խմելիք կու տան, սակայն բնակելու տեղ մը, գլխուն վրայ տանիք մը տուող չեղաւ:Ո՞վ պիտի տայ, ասիկա հեքիաթ չէ, որ բարի պարիկը զինք գրկէ ու ապահով տեղ մը տանի: Ուրեմն ո՞վ: Մտքէս անցած այդ հեքիաթային պարիկը կայ-չկայ մեր քաղաքապետարանը ըլլալու է, որ անտուն մնացած այս ութսունամեայ խեղճ կնոջ հարցով զբաղի, ծերանոց, կամ անկելանոց տանի:
Ցարդ ոչ ալ ոստիկանութիւնը երեւցաւ այս կողմերը, որ անհրաժեշտ կարգադրութիւն մը ընէ ու զինք փողոց նետողն ալ պատասխանատուութեան կանչէ: Չեմ գիտեր, օրը քանի մը անգամ կ՛անցնիմ մօտէն, ամէն անգամուն ալ բարկութիւնս գլխուս կը զարնէ, բայց կրակի վրայ դրուած կաթին պէս, դուրս չթափած, կրակը կը մարեմ, զայրոյթս կը զսպեմ ու բարկութիւնս կուլ կու տամ:
Բնաւորութեամբ, երբ սխալ մը տեսնեմ, կը խօսիմ, կը մատնանշեմ, երբեմն ալ կը քննադատեմ: Ասիկա, ըստ իս եւ հաւանաբար ըստ շատերու՝ դրական վերաբերմունք է, կառուցողական, սակայն որոշ վայրերու եւ որոշ պարագաներու՝ շատ ալ ընդունելի չէ:
Փորձած եմ քանիցս սխալը մատնանշել, բայց վազ անցած եմ, քանի որ երբ ըրած եմ, հակազդեցութիւնը շատ ալ փափուկ չէ եղած, նոյնիսկ՝ կոշտ եղած է, երբեմն բանաւոր, երբեմն ալ քօղարկուած աչքերու եւ յօնքերու շարժումներու ետին: Չեն հանդուրժեր, չեն հասկնար, կամ չեն ուզեր հասկնալ, որ ըրածդ երկրին ու հանրութեան օգտակար է, բարի նպատակով:
Սա նոր փոխադրակառքերը (աւտոբուսները) օրինակ վերցնենք. յստակ կերպով գրուած է դռներուն վրայ՝ «մուտք» եւ «ելք». առջեւի դռնէն մուտք, ետեւի դռնէն՝ ելք. օրէնքը լաւ բան է: Կը պատահի, որ նստողներէն մէկը առաջնանայ իջնելու համար, ես անմիջապէս կը պատրաստուիմ ուղղելու, ըսելով որ իջնելը ետեւի դռնէն է: Կը պատահի նաեւ, որ մէկը վեր բարձրանայ ու գանձանակին մէջ դրամ չնետէ, անմիջապէս կ՛ուզեմ ըսել, որ, տիկին, կամ պարոն, գանձարկղին մէջ դրամ չդրիր… Երբեմն ծուռ նայուածք, երբեմն ալ լրիւ անտարբերութիւն: Մէկ-երկու անգամ մատնանշելէս ետք, վազ անցայ, ըսելիքս լեզուիս ծայրը կու գայ ու կը կլլեմ: Կ՛անհանգստանամ, բայց ինքզինքս կը համոզեմ՝ ինչո՞ւս պէտք, վարորդը թող աչքերը բանայ եւ նկատողութիւն ընէ, ի՞մ գործս է:
Նոր, բաւական գեղեցիկ եւ յարմարաւէտ փոխադրակառքեր են, սակայն արդէն փոշոտած ապակիներով, որոնք ե՞րբ կը մաքրուին, կամ՝ ընդհանրապէս կը մաքրուի՞ն, չեմ գիտեր: Կ՛ուզեմ վարորդին հարցնել, թէ ինչո՞ւ չեն լուացուիր մեքենաները: Ուրիշ երկիրներու մէջ տեսեր եմ, որ գիշերը, աշխատանքը աւարտելէն ետք, մեքենաները ուղղակի լուացարան կը տարուին, յետոյ՝ կարաժ:
Անցեալ օր այդ աւտոբուսերէն մէկուն մէջ տարօրինակ ազդ մը տեսայ փակցուած քանի մը տեղ, որուն վրայ խոշոր տառերով գրուած էր «Չ՛ՋԱՐԴԵԼ» «Չ՛ՓՇՐԵԼ» «ԽՈԶԻ ՊԷՍ Չ՛ԹԱՓԵԼ»…
Ասիկա քաղաքապետարանին պատկանող փոխադրակառքի մէջ դրուելիք ազդագի՞ր է: Ամօթ չէ՞: Վազ անցանք ուղղագրական սխալներէն, սակայն ի՞նչ տպաւորութիւն կը գործէ ընթերցողին վրայ: Լուսանկարեցի, շուրջիններս զարմացած ինծի նայեցան ու անտարբեր մնացին գրութիւնը կարդալով:
Օրը քանի անգամ, որոշ ժամերու կարգ մը փողոցներ կը խցանուին. փրոփքա… վարորդներուն սիրած բառը, որուն կը հետեւի նստելավարձը բարձրացնելը, փրոփքա… Ո՞ւր են մեր ճանապարհային ոստիկանները, ինչո՞ւ մէջտեղները չեն, որ կարգ ու կանոն հաստատելով մեքենաներու խցանումը կարգաւորեն: Անոնք մէկ-մէկ կը ծագին, բայց ոչ միշտ, իսկ խցանումը՝ մի՛շտ:
Կը համարձակի՞մ դիմացէս եկող երիտասարդը խայտառակել աչքիս առջեւ գետնին թքնելուն համար: Կը զզուիմ, բայց, ինծի ի՞նչ, կեցած տեղս տգեղ պատասխան մը ստանալու միտք չունիմ:
Դո՛ւք, այգիի նստարանին վրայ զիրար գրկած սիրաբանող զոյգդ, չէ՞ք տեսներ դպրոցական երեխաները, որ ձեր դիմացէն կ՛անցնին, ճի՞շդ է ըրածնիդ: Կ՛ուզեմ ըսել, բայց կը կլլեմ: Ե՞ս մնացի այդ եւ նման տեսարանները սրբագրող:
Այսպէս՝ շատոնց վազ անցեր եմ խօսելէն, դիտողութիւն ընելէն: Սորվեր եմ «ինծի ինչ» ըսել ու հանգստանալ: Բայց, ասիկա ուղղամիտ, յանձնառու քաղաքացիի վարմո՞ւնք է: Հապա՞ տուներու վարձքերը, հապա՞ կեանքի սղութիւնը, չխօսիմ, պիտի պայթիմ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ