Նախորդիվ խոստացել էինք մեր թերթում լույս ընծայել «Զօրավար Անդրանիկ կը խօսի» գրքույկը, որը հրատարակվել է 1974 թ.ին Լոս Անջելեսում, ՌԱԿ «Նոր օր» թերթի տպարանում: Գրքույկում Զօրավարը ամենախիստ բառերով է քննադատում ՀՅԴաշնակցության 1907-1921 թթ.ի ղեկավարության ու ղեկավարների գործունեությունը: Սակայն մեր նպատակը, արտատպելով գրքույկը, մեկդարյա վաղեմությամբ արված այդ քննադատությունները վերաթարմացնելը չէ, ամենեւին, այլ ցույց տալը, որ շուրջ մեկ դար հետո, ներկա օրերին, հակոտնյա մեկ այլ իշխանություն գործում է աններելի նույն սխալները, հատկապես ինչ վերաբերում է Թուրքիայի ու թրքության հետ բարեկամության դաշն կնքելուն: Որքան էլ որ ծակ գլուխներ պնդեն, թե փոխվել է դարը, նոր ժամանակներ են եկել, Զորավարի խոսքը շարունակում է ճշմարտություն մնալ. Թուրքը չի փոխվել: Կարիք կա՞ նոր ապացույցների:
Խմբ.
Ա.
Կ. Պոլսոյ «Ճակատամարտ» թերթին 15 փետրուարի թիւին մէջ կարդացի իմ մասին գրուած յօդուած մը: Գրողը վարժապետ մըն է, որ զինուորական գործերու վրայ ալ կը ճառէ: Այդ յօդուածին պարունակութիւնը պարբերաբար յեղյեղուած է դաշնակցական մամուլէն, որ միամիտները մոլորեցնելու համար անձերը եւ դէպքերը կը ներկայացնէ խեղաթիւրուած կերպով: Ուրեմն ես չեմ գրեր իմ զրպարտիչներուս համար, որոնք պատասխանի արժանի չեն. բայց կը գրեմ պատմութեան համար, որ պիտի դատէ թէ՛ զիս եւ թէ անազնիւ հաառակորդներս:
Դաշնակցութիւնը միայն զիս չէ որ հալածած է: Ան հալածեց Եփրեմը, Սագօն, Բժշ. Աթապէկեանը, Շահումեանը եւ բոլոր անոնք, որ չենթարկուեցան իր քմահաճոյքին եւ գործիք չեղան իր ձեռքը: Դաշնակցութիւնը հալածեց մինչեւ [իսկ] Հայրիկը, Իզմիրլեանը, մինչեւ ներկայ Ամենայն Հայոց Ս. Հայրապետը, որ աթռոին վրայ այսօր կը մնայ հակառակ ամէն վտանգի եւ չի խորհիր փախչիլ շատերու նման:
Ինձ համար կ ըսեն, թէ «Դաշնակցութեան շփացած զաւակը» եղած եմ:
Բարեբախտաբար 1889ին իմ յեղափոխական վարժապետս Դաշնակցութիւնը չէ եղած: Այն ժամանակուան յեղափոխական ուսուցիչներս, ուրախ եմ ըսելու, որ կ ապրին այսօր:
Չեմ կրնար հասկնալ, թէ կուսակցութիւն մը ո՞ր աստիճան իրաւունք ունի սեփականացնելու իր անցեալի հետեւորդները, երբ ներկան բոլորովին կը հակասէ իր անցեալի քարոզած վարդապետութեանց ու ազգայնական ոգիին:
Ուրախալի կ ըլլար հարկաւ, որ Դաշնակցութիւնը ունեցած ըլլար յայտնի ու անյայտ հերոսներ, որոնց դաստիարակը իրեն պատկանող ինտելիգենտիան եղած ըլլար: Իմ այն անզուգական ընկերներս, որոնք չկան այսօր եւ զորս Դաշնակցութիւնը կը կարծէ սնուցած ըլլալ իր ծոցին մէջ եւ որոնց անունով այս կուսակցութիւնը ուզած է միշտ հիւսել իր գոծունէութեան դափնեպսակը, ինձ նման Դաշնակցութեան շփացած զաւակները պիտի համարուէի՞ն, անոնք ալ, եթէ միեւնոյն պայմաններու տակ ստիպուած ըլլային մեկուսանալ եւ քաշուիլ Եւրոպայի մէկ անկիւնը «Սալոններու նիստ ու կացին մէջ հանգիստ փնտռելու համար», ինչպէս կը սիրեն ըսել հակառակորդներս:
Տասնեակ տարիներ զիս ու ինձ նման զինուորները սնուցած են իրենց ծոցին մէջ սասունցին, մշեցին, ախլաթցին ու առհասարակ հայ ժողովուրդը, որո՛ւն միայն զինուորներեն էինք եւ ոչ թէ Դաշնակցութեան եւ կամ որեւէ կուսակցութեան:
Հայ ժողովուրդի ծոցը սնած այս հարազատ զինուորները երբ կը կռուէին մայր երկրի վրայ, ներկայ պայմաններէն հարիւր անգամ աւելի դժոխային պայմաններու տակ, Դաշնակցութիւնը իր արտասահմանի մամուլին մէջ կուսակցական պայքար կը մղէր, շահագործելով կռուող անզուգական ընկերներու անունները: Կարելի չէ հասկնալ ուրեմն, թէ մենք կռուողնե՞րս եղած ենք Դաշնակցութիւնը սնուցանողներն ու շփացնողները, թէ՞ ան մեզ:
Դաշնակցութիւնը այսօր հերոսաբար ինկողներու անունով խօսելու իրաւունքէն զուրկ է:
Ես չեմ կրնար երեւակայել, թէ անհատ մը կրնայ ըլլալ որեւէ կուսակցութեան սեփական ապրանքը, զոր ուզածին պէս կարենայ ծախել ուզած գինովը ու շահագործել զայն:
Բ.
Ես Դաշնակցութենէն քաշուած եմ 1907 թուականին: 1917ին «Հայաստան» թերթի մէջ հրատարակուածը երկրորդ հրաժարականս էր:
1907ին Վիեննայի համաժողովին մէջ Դաշնակցութիւնը կ ընդունէր կովկասեան նախագիծը, այսինքն կը հրաժարէր իր բուն նպատակէն, որ էր թրքահայ ժողովուրդին ազատագրութիւնը, հետապնդելու համար համամարդկայի՜ն նպատակներ:
Ասիկա կը նշանակէր կիսով չափ թաղել Թրքահայոց դատը:
Այս երեք օրուան ընթացքին, որ տեւեց կովկասեան նախագծի վիճաբանութիւնը, ամբողջ հոգիովս դէմ դրի: Մալումեան (Ակնունի), համաժողովին մէջ օրուան նախագահը, բողոքեց, ըսելով թէ ես եւ հետս քանի մը հոգի պատճառ կը դառնանք ժողովի երկարաձգման:
Այն ատեն ես պատսախանեցի.
– Արիւն ձեր ի գլուխ ձեր: Ըրէք ինչ որ կ ուզէք: Բայց Ռուսիոյ դռները մեզի դէմ մի՛ փակէք: Մենք շատ թշնամի ունինք արդէն, Ռուսիան ալ թշնամի մի՛ ընէք մեզի, եւ պատճառ մի՛ տաք, որ Կովկասի հայութիւնն ալ թրքահայոց վիճակին ենթարկուի:
Նոյն համաժողովին երկարօրէն վիճաբանուած ուրիշ խնդիր մըն է Վասպուրականի մէջ գտնուող զէնքերն ու ռազմամթերքը: Իմ տասնեակ տարիներու փորձառութեամբ համոզուած էի, թէ այդ զէնքերը թշնամիին ձեռքը պիտի անցնէին: Արամ Մանուկեան (բաշա) հակառակը կը պնդէր: Ինձ չլսեցին եւ հաւանեցան Արամին, որ ոչ մէկ փորձառութիւն ունէր: Չորս ամիս ետք այդ զէնքերը անցան թշնամիին ձեռքը եւ Արամ ձերբակալուեցաւ իր թաքստոցին մէջ:
Այս լուրը առնելուս այլեւս աւելորդ համարեցի մնալ Դաշնակցութեան մէջ եւ Վառնայէն հրաժարականս գրելով ղրկեցի Ժընեւ, որպէսզի հրատարակուի «Դրօշակ»ի մէջ: Ժընեւի «Բիւրօ»ն իր անդամներէն Սարգիս Մինասեանը փութացուց քովս զիս համոզելու համար: Թիֆլիսի «Արեւելեան Բիւրօ»ն եւս կեղծ անունով հեռագիր մը կուտար, որ չառնեմ այսպիսի քայլ մը:
Այս թուականէն սկսեալ Դաշնակցութեան ըրածները տեսնելով` ես աւելի ու աւելի ամրապնդուեցայ հրաժարականս առաջ բերող համոզումներուս մէջ:
Արդարեւ, անկէ ետք կը տեսնէի Դաշնակցոթւիւնը, որ իր բանը-գործը կ ընէր հալածել հայ «պուրժուաները», իբր թէ բանուորներու շահը պաշտպանելու համար գործադուլներ առաջ կը բերէր Պաքուի եւ Պաթումի մէջ: Այս գործադուլներէն տուժեցին միայն նաֆթային հաստատութեանց հայ գործատէրերը, որոնցմէ յաճախ դրամ մուրացած էր նոյն կուսակցութիւնը: Ասոնցմէ շատեր փակեցին իրենց գործարանները ի մեծ ուրախութիւն թաթար գործատէրերու: Տասնեակ հազարաւոր հայ գործաւորներ մնացին փողոցը եւ թափառեցան անգործ: «Օսմանեան սահմանադրութենէն» յետոյ, Դաշնակցութիւնը իր գործադուլները տարածեց Պոլսոյ շրջականերէն մինչեւ Խարբերդի եւ Սեբաստիոյ գորգի գործատեղիները:
Դաշնակցութիւնը անկէ ի վեր հաւատարիմ մնաց իր ընկերվարական նպատակներուն: Երբ ունեցանք Անկախ Հայաստան, անոնք ընկերվարութիւն քարոզեցին Ղարաբաղէն մինչեւ Սարը Գամիշ հայ ժողովուրդին, որուն 80 տոկոսը այբուբենը չէր գիտեր դեռ: Կ ուզէին թուրքերու եւ թաթարներու ալ սորվեցնել ընկերվարութիւնը եւ իրենց օրգաններուն մէջ կը պոռային. «Աշխատաւորնե՜ր, միացէ՜ք առանց ազգի խտրութեան»:
Երանի թէ Դաշնակցութիւնը այս «միացէք»ի յորդորը կարդար հայ ժողովուրդին եւ փոխանակ յիսուն տարի ներքին կուսակցական կռիւ մղելու, միութիւն առաջ բերելու աշխատէր:
1907էն սկսեալ մինչեւ 1914 ապրած եմ Վառնայէն մէկ ժամ հեռու Կալաթա կոչուած գիւղը, ուր 120 տուն պուլկար եւ տասը տուն ալ թուրք կար: Վառնայի հայերը եւ նոյնիսկ պուլկարները կը վկայեն, թէ ինչպէս ապրեցայ այս եօթը տարուան շրջանին:
Գ.
1908ին թուրքերը կեղծ սահմնադրութիւն մը հռչակելով յաջողեցան խաբել Եւրոպան եւ որսալ յեղափոխականները:
Իբրեւ «իտէալիստ յեղափոխական» հռչակուած մարդիկ աշխարհի չորս անկիւններէն թափուեցան Պոլիս, համբուրուեցան ոճրագործներուն հետ, ընկեր դարձան անոնց, մոռնալով մեր հարիւր հազարաւոր զոհերը: Բեմերէն պոռացին թէ իրենք այլեւս «օսմանցիներ» են:
«Սահմանադրութեան» հռչակման առաջին օրերուն տեսայ Մալումեանը (Ակնունի), որ Պուլկարիա կը գտնուէր, Ռ. Զարդարեանը եւ Վահագնը, որ ետքէն Կիլիկիոյ մէջ կախաղան հանուեցաւ: Շատ խնդրեցի իրենցմէ, որ չերթան Պոլիս, ըսի թէ թուրքերը մեծ թակարդ մը կը լարեն զիրենք մէջը ձգելու համար: Չլսեցին ու գացին:
Անկէ ետք սկսաւ կռիւ մը թրքական խորհրդարանի աթոռները խլելու համար: Քանի մը վարժապետներ, որոնք ամիսը երկու ոսկի առնելով պիտի գոհանային, ստացան 50 ոսկի ամսական: Թոքաթլեանի, կամ կղզիներու մէջ կերուխումներ սարքուեցան «ընկեր» Թալէաթներու եւ «ընկեր» Էնվէրներու հետ, որոնց [առջեւ] բացին ինչ գաղտնիք որ ունէին:
Ատանայի ջարդէն մօտ յիսուն օր առաջ կեղծ անցագիրով մը Պոլիս հանդիպեցայ, Ակնունի, Վարդգէս, Զարդարեան եւ Դաշնակցութեան շէֆերէն դեռ ուրիշներ ամբողջ հինգ ժամ ուզեցին զիս համոզել, թէ Ժէօն Թիւրքերը [երիտասարդ թուրքյր] այլեւս թոյլ չեն տար ոչ մէկ կոտորած: Ես հակառակը կը պնդէի եւ կ ըսէի.
– Չեմ հաւատար. այս գազանները մեզ դարձեալ կը կոտորեն. ըրածնին դարձեալ կեղծիք է, դուք կը խաբուիք եւ կը խաբէք մեր ժողովուրդը: Ինքնապաշտպանութեան գաղափարը երբեք մի՛ լքանէք եւ պաստրատեցէք ժողովուրդն ալ այդ ուղղութեամբ: Տիգրանակերտէն սկսելով մինչեւ պարսից սահմանը 160 հազար զինուած քիւրտ կայ: Ժէօն Թիւրքերը զինաթափ չեն ըներ զանոնք եւ կը պահեն մեզ յարմար առթիւ կոտորել տալու համար:
Մալումեան այն ատեն դարձաւ ինձ եւ ըսաւ.
– Ի՞նչ յոռետես մարդ ես դուն, երբեք չտեսայ, որ քիչ մըն ալ լաւատես ըլլայիր:
Նոյն պահուն Վարդգէս ինձ կ առաջարկէր, որ ծանօթանամ Ալի փաշայի հետ, որ այն միջոցին ոստիկանութեան տնօրէնն էր Կ. Պոլսոյ մէջ:
Հարցուցի, փնտռեցի եւ հասկցայ, թէ այս այն Ալի փաշան է, որ Սասունի Տալւորիկի «Զբօսանք» թաղի բնակչութիւնը կոտորել տուաւ եկեղեցիին մէջ եւ յետոյ այրել տուաւ զայն: Ալի փաշան ինձ դէմ կռուած էր երեք անգամ: Հիմա կ ուզէին որ իմ ձեռքս դնեմ անոր արիւնոտ ձեռքերուն մէջ եւ ըսեմ. «Երէկ կռիւ կ ընէինք, այսօր ընկեր ըլլանք»:
Իմ սովորական զայրոյթովս պատասխանեցի այս բոլորին եւ ըսի.
– Խերը տեսնաք. բայց գոնէ ժողովուրդը մի՛ խաբէք:
Եւ «մնաք բարով» ըսելով մեկնեցայ Եգիպտոս:
45 օր չէր անցեր, երբ իմացայ, թէ Թալէաթ եւ իր նմանները կոտորել կուտան Ատանայի հայութիւնը:
Այն ատեն բուռն ոճով նամակ մը գրեցի Ակնունիին, ըսելով, թէ ո՞վ իրաւունք ունէր, ե՞ս` իմ յոռետեսութեամբս, թէ՞ ինք` լաւատեսութեամբ. «Լաւ գիտցէք որ, աւելցուցի, երբ առիթը գտնեն՝ ընկեր Թալէադներ ձեզ ալ կոտորել պիտի տան»:
Այս տողերը գրելու ատենս երբեք միտքէս չէի կրնար անցնիլ, թէ Դաշնակցութիւնը նոյն միջոցին Սելանիկի մէջ համաձայնութիւն մը կը կնքէր Իթթիհատի հետ:
Անկէ ետք այլեւս Դաշնակցութիւնը չափ ու սահման չճանչցաւ: Պայքարը սկսաւ Պատրիարքարանի իրաւունքներուն դէմ երեսփոխանական ընտրութիւններու առթիւ. եկեղեցիին ու կղերին դէմ «բաց ու գոցի» վէճերով. հայ ընտանեկան սրբութեան դէմ` «ազատ սէր» քարոզելով. հայ տնտեսութեան դէմ, «պուրժուաները» հալածելով:
Դաշնակցութեան պերճախօս երեսփոխանները արդէն քրիստոնէից զինուորագրութիւնը ընդունիլ տալով ապացուցած էին, թէ «հաւատարիմ օսմանցիներ» են:
Կ. Պոլիսէն յարձակումի ազդանշան մը տրուեցաւ «Ցարիզմի դէմ»: Դաշնակցական թերթերը կը պոռային «Անկցի՛ Ռուսաստան, կեցցէ՛ ազատ եւ յեղափոխական Թուրքիա»:
Անոնք չէին բաւականանար կռիւ յայտարարելով Ռուսիոյ դէմ. կ ուզէին տապալել պարսկական կառավարութիւնն ալ… 50էն 100 զինուոր ղրկելով Դաւրէժ ու Թեհրան: Այս անմիտ ու աննպատակ կռիւներն ալ արգիլելու համար խօսեցայ շէֆերուն, բայց անօգուտ:
Եկաւ պալքանեան պատերազմը, որուն մասնակցեցայ առանց հարցնելու Դաշնակցութեան: Ես կռուեցայ իմ ցեղիս դարաւոր թշնամիին դէմ:
Ես մէկ իտէալ եւ մէկ նպատակ ունէի. հարուածել մեր դարաւոր թշնամին: Ասկէ դուրս որեւէ պետութեան կամ կառավարութեան դէմ շարժումի մը հակառակ մնացի մինչեւ վերջ:
Իսկ Դաշնակցութիւնը փոխուեցաւ հազար ուղղութեան: Օր մը ռուսասէր էր, միւս օր ռուսատեաց. օր մը թուրքերու թշնամին էր, միւս օր անոնց բարեկամ. օր մը անգլիասէր էր, միւս օր կը պոռար` «Անկցի՛ Անգլիան». օր մը Պարսկաստանի բարեկամն էր, միւս օր կը կռուէր անոր դէմ:
Այս հանգամանքը միայն ցոյց կուտայ, թէ Դաշնակցութիւնը զուրկ էր այն հեռատեսութենէն եւ իմաստութենէն, զոր անպայման պէտք է ունենայ ժողովուրդի մը ճակատագրին հետ խաղացող որեւէ անհատ կամ կազմակերպութիւն:
Ղեկը կորսնցուցած մարմին մը ի՞նչպէս պիտի կրնար ղեկավարել ազգ մը:
Ահա թէ ինչո՞ւ համար մեր ազգը առաջնորդուեցաւ աղէտէ աղէտ եւ դժբախտութենէ դժբախտութիւն:
(Շար. 1)