Դարերու հոլովոյթին հետ, տգիտութիւնը սկսաւ նկատելի նահանջ արձանագրել, մինչ զարգացումը անդադար յառաջդիմութեան մէջ է: Մարդիկ որքան զարգանան, երթալով աւելի անկախ կը դառնան եւ դիւրին-դիւրին չեն ենթարկուիր այլոց գաղափարներուն, չեն ենթարկուիր հրահանգներուն, միշտ պատրաստ կ՛ըլլան պայքարելու յանուն իրենց համոզումներուն: Հասկնալի է, որ խօսքս բանակներու մասին չէ, ոչ ալ սկաուտական շարքերու եւ նման կազմակերպութիւններու, ուր հրահանգին ենթարկուիլը պարտադիր է:
Ժամանակին պայքարը բախումով կ՛ըլլար, կռիւով, հիմա, ընդհանրապէս բախումները խօսքի սահմանները չեն անցնիր, շատ-շատ մրցակցութեան ոյժ կու տան եւ հնարքներու կը դիմեն յաղթանակ տանելու համար:
Յետամնաց հասարակութեանց մէջ դեռ կը շարունակուի հարցերն ու տարակարծութիւնները կռիւով լուծելու ձեւը, սակայն զարգացած ժողովուրդներու մէջ, արդէն շատոնց զինեալ կամ ֆիզիքական կռիւը շրջանցուած է ու տեղ տուած մտաւոր ու գիտակից պայքարի:
Այս երեւոյթը յստակ կ՛երեւի զարգացած հաւաքականութիւններու մէջ. ներկայի կուսակցութիւններուն մէջ, որքան զարգացած տարրեր ունի կուսակցութիւն մը եւ անշուշտ՝ զարգացած ղեկավարութիւն, այնքան քաղաքավարական սահմանները չեն ոտնակոխուիր հակառակորդի հետ բախումներու ժամանակ: Անոնց զէնքը խօսքն է, տրամաբանութիւնը, նոյնիսկ եթէ հայհոյանքի աստիճանի հասնին, ձեռքերը գործի չեն անցնիր: Հակառակն ալ՝ որքան տգէտ տարրեր ունին իրենց ղեկավարութեան եւ շարքերուն մէջ, այնտեղ խօսքերը գործ չեն տեսներ, բախումները կ՛ըլլան մարմնական, նոյնիսկ զինեալ: Ըսեմ, որ կրօնամոլ հասարակութեան մէջ տգիտութիւնն է որ կ՛իշխէ, նոյնիսկ եթէ համալսարանականներ են ղեկավարները: Այո՛, տգիտութիւնը, որովհետեւ կրօնամոլը անկախ կեցուածք եւ խօսք ունենալու իրաւունք չունի, քանի կրօնապետն է ղեկավարը եւ կրօնական օրէնքներն են արեւելում տուողները (ինչպէս Իսլամութեան պարագային՝ շարիաթը):
Պայքարող կուսակցութիւններու համար շատ աւելի նպաստաւոր են տգէտ հետեւորդներն ու համակիրները, քանի որ անոնք միշտ հրահանգի կ՛ենթարկուին: Անշուշտ բացառութիւններ կան, սակայն ընդհանուր վիճակը այս է:
Հայերուս համար այնքան կրկնուած են «Անհամերաշխ, անմիաբան, անտիրասէր» եւ նման ածականներ, որ հաւատացած ենք եւ ցաւած, որ մեր ազգը անփառունակ վիճակ մը ունի, յատկապէս տագնապի ու վտանգի պահերուն: Ես կը կարծեմ, որ մեր այդ «բացասական» նկարագիրը մեր զարգացած ըլլալուն պատճառով է: Սփիւռքի մէջ ըլլայ թէ Հայաստանի, տգէտ դասակարգը չնչին տոկոս մը կը կազմէ, եւ քանի որ զարգացումը անկախ մտածելու եւ գիտակցութիւնը խթանելու կը նպաստէ, ապա ուրեմն բոլորս ալ անհատ-անհատ խելացի ենք, իսկ հաւաքականօրէն մեր խելացութիւնը անմիաբանութեան առաջնորդած է: Պատմութեան մէջ ոեւէ ղեկավար չէ պատահած որ բոլորին կողմէ սիրուած ըլլայ, միշտ եղածէն աւելի լաւը ուզած են եւ այդ փափաքը հատուածականութեան առաջնորդած է: Շատ բնական երեւոյթ է այս, սակայն օրհասի պահերուն եթէ շարունակուի՝ տուժողը կ՛ըլլայ երկիրը:
Մեր աւանդական բոլոր կուսակցութիւնները ժողովուրդին քանի՞ տոկոսը որպէս անդամ ու համակիր ունեցած են, շատ քիչ: Մարդիկ չեն ուզած հրահանգի ենթարկուիլ, ազատ խօսքի իրաւունքով չեն ուզած կաշկանդուիլ, եւ ասիկա անյաջողութեան տարած է ազգը, մինչ տգէտ ու յետամնաց ազգերու պարագային, մէկդի ձգելով ներքին տարակարծութիւնները, կոչ-հրահանգին անմիջապէս ենթարկուած են ու հասած յաղթանակի:
Ասիկա զուտ իմ անձնական տեսակէտն է, կրնաք չհաւնիլ, իրաւունք ունիք, կրնաք ձեր տեսակէտը արտայայտել, խնդրե՛մ, սակայն առանց վիրաւորանքի:
Անշուշտ հակառակ օրինակներ տուողներ պիտի ըլլան, հակասական դէպքեր պիտի յիշեն, արդէն ատոր համար ալ նախօրօք ըսի, որ բացառութիւններ կան անպայման, միշտ եւ ամէն տեղ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ