Մեծ տրամա մըն է, որ աւելի քան ամիսէ մը ի վեր համաշխարհային ուշադրութեան առարկայ է, բազմահազար կռուող դերակատարներով, ողջ ու անկենդան, բազմաթիւ արարներով ու 468 միլիոն արաբ եւ անհաշիւ միլիոնաւոր միջազգային հանդիսատեսներով: Նախերգանքը անակնկալ էր եւ հերոսական, ընթացքը դադար չունեցող բախումներով՝ ոչ հերոսական, իսկ վերջերգը բնաւ յայտնի չէ, սակայն վստահ՝ ողբերգական պիտի ըլլայ:
Գ. Աշխարհամարտ, Արար Բ.- Պաղեստին-Իսրայէլեան պատերազմ, որ մոռցնել տուաւ Ռուս-Ուքրաինական պատերազմը: Աշխարհի ամենաուժեղ, ամենաարդիական զինուժով համալրուած, մօտ կէս միլիոն անձնակազմով իսրայելական բանակը աշխարհի փոքր մէկ ազգային-ազատագրական, քառասունհազարնոց ռազմիկ կազմակերպութեան դէմ պատերազմի մէջ է: Ի՞նչ պատերազմ. տեղի ունեցածը պատերազմ չէ, աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ջարդ, կամ կոտորած անուանել, երբ Իսրայէլ անկարող է ապստամբ կազմակերպութիւնը արմատախիլ ընելու, յուսահատ կը դիմէ ամենավայրագ միջոցին՝ ջարդելով խաղաղ բնակիչները, առանց տարբերութիւն դնելու իր ԱԹՍ-ներով ու կործանիչ օդանաւերով թիրախաւորուածները, ըլլան անոնք կին, երախայ, թէ ծերունիներ ու ցարդ 10000-է աւելին մարդ սպանելով, որոնցմէ մօտ 4000-ը երեխաներ են… էին:
Իսրայէլ, ռազմատենչ իր ղեկավարով որոշած է արմատախիլ ընել Համաս կազմակերպութիւնը, որ տասմաեակներէ ի վեր կը պայքարի յանուն պաղեստինցիներու իրաւունքներուն՝ իրենց հողերուն վրայ ազատ ու անկախ ապրելու համար: Իսրայէլ չընդունիր անոնց պահանջքը ու ամէն անգամ անհաշիւ զոհեր պատճառելով կը հեռանայ, յուսալով որ Համաս մէյ մըն ալ չի համարձակիր առիւծին պոչին կոխել: Սակայն այս անգամ տարբեր էր, շատ տարբեր, նախայարձակները պատժելու միակ ձեւը բռնագաղթն ու բնաջնջումն էր:
Այսպէս կը վարուէին հազարաւոր տարիներ առաջ արիւնարբու միապետները, որոնք իրենց թշնամին սպանելով չբաւարարուելով, սուրէ կ՛անցընէին անոր գերդաստանը ամբողջութեամբ: Այսպէս վարուած է նաեւ Իսրայէլի պաշտպան «խաղաղասէր» Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, երբ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, Ճափոնի կողմէ քարուքանդ եղած իր ռազմական նաւատորմիղին վրէժը լուծելու համար հիւլէական առաջին ռումբերը նետեց Հիրոշիմայի եւ Նակազագիի վրայ, սպանելով աւելի քան հարիւրհազար խաղաղ բնակիչ:
Ցաւալին այն է, որ ամբողջ աշխարհը կը տեսնէ եղածը ու չի միջամտեր, դատապարտումով կը բաւարարուի, յետոյ դատապարտումը ցոյցերու կը վերածուի, յետոյ որոշ դեսպաններու տուն կանչ, քիչ մըն ալ ուտելիքի ու խմելիքի օգնութիւն, քանի որ Իսրայէլը որոշած է անօթութեամբ ու ծարաւով սպանել, սնունդէ, ջուրէ եւ վառելանիւթէ զրկելով պաղեստինցիները: Իսկ անդին Ամերիկան անդադար նորանոր զինամթերք կ՛ուղարկէ Իսրայէլ ու միլիոններ ու միլիառներ…:
Իսրայէլ կը սպառնայ՝ կամ կը յանձնուիք,-կ՛ըսէ,- կամ կը մեռնիք: Ու կը մեռնին պաղեստինցիները իրենց արաբ եղբայրներուն աչքերուն առջեւ, կը մեռնին ու չեն յանձնուիր:
Համաշխարհային երրորդ պատերազմ… Համաշխարհային նոր ծրագիր, նոր դասաւորում… միաբեւե՞ռ, թէ՞ երբեւեռ, թէ՞ բազմաբեւեռ, թէ՞ անբեւեռ…
Առաջ կը կ՛ըսէին, թէ Աստուած ծրագիրներ ունի աշխարհի ու մարդկութեան համար, մէջտեղ ելաւ որ «աստուած» ըսուածը մարդկային ճիւաղներ են, չես գիտեր ո՞ւր եւ ի՞նչ դիմակների տակ թաքնուած: Ի՞նչ կ՛ուզեն աշխարհէն, ի՞նչ կ՛ուզեն մարդոցմէ, ինչո՞ւ խաղաղութեան մասին կը քարոզեն, տեմոքրասի կը հոլովեն ու հակառակը կը գործեն: Ինչո՞ւ անդադար պատերազմներ կը հրահրեն ու մարդիկ կը սպաննեն: Չե՞ն մտածեր, որ զէնքերու համար մսխուած միլիառներով ամբողջ աշխարհի անօթեւան ու անօթի միլիոնաւոր մարդոց տուն եւ սնունդ կրնան ապահովել ու խաղաղութիւն սերմանել:
Ըսողներ եղան, որ այս պատերազմը ծրագրուած սենարիոյի մը հետեւանքն էր: Ծրագրուած, այսինքն յարձակում արդարացնող պատճառ յօրինել, ինչպէս 11-9- 2001-ին Նիւ Եորքի երկու երկնաքեռներու պայթում-փլուզումը, որ դրդապատճառ դարձաւ հակաահաբեկչական յարձակումներու ու ներխուժումներու եւ ԱՄՆ-ին՝ արշաւելու Աֆղանիստան եւ Իրաք: Նոյնանման սենարիօ մը գործի դրուեցաւ Լիբանանի մէջ վարչապեր Հարիրին ահաբեկելու, որուն հետեւանքով սուրիական ոյժերը պարտադրուեցան Լիբանանէն դուրս գալ:
Այս պատերազմն ալ նոյնն է, Համասը նախայարձակ եղաւ, որպէսզի Իսրայէլ բնաջնջէ զայն… Ո՜վ գիտէ, թերեւս, ինչ-որ տեղ մը կը ծրագրուի աշխարհի վերջը բերելու նոր սենարիօ մը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ