Անոնք որ կը կարծեն Սուրիան արդէն դրախտի վերածուեցաւ, քիչ մը թող համբերեն, ժամանակ թող անցնի, մշուշը թող փարատի, որպէսզի իրականութիւնը երեւի: Ճիշդ է որ ճնշուած վիճակէն յանկարծ դուրս գալն ու մաքուր օդ շնչելը ամէն ճնշուած էակի երազն է, սակայն ճիշդ է նաեւ, որ նեխած օդը մէկ անգամէն չի մաքրուիր:
Ամբողջ աշխարհը կը հետեւի Սուրիոյ յեղաշրջուած վիճակին, հեռուստակայանները այնքան լեցուն են ընդհանրապէս դրական մեկնաբանութիւններով ու նոր իրադարձութիւններու ներկայացումով, որ քաոսային չըսելու համար՝ գոնէ պղտոր մթնոլորտին պայծառացումը կարծես հեռու չէ, բայց շատ մօտ ալ չէ: Հակառակ որ գրոհայիններու ղեկավար Ճոլանին շատ հանգիստ կ՛երեւի իր բոլոր ընդունելութիւններուն եւ ելոյթներուն ընթացքին ինքզինք զուսպ պահելով, նոյնիսկ ժպիտը դէմքին, սակայն Սուրիոյ անցնող տարիներուն վիճակին ծանօթ մարդիկ գիտեն, թէ այս խառնարանն ու խառնաշփոթ վիճակը կարգի բերելն ու դասաւորելը ոչ թէ ամիսներ, այլ տարիներ կը պահանջէ:
Անհամբեր մարդիկ արդէն ծայրայեղ յայտարարութիւններով հանդէս կու գան, համբերատար մարդիկ դեռ կը սպասեն իրերու պարզաբանման: Քրիստոնեաներով բնակեցուած սուրիական գիւղաքաղաքի մը հրապարակին մէջ տեղացիք խանդավառ այս մթնոլորտէն՝ շատ գեղեցիկ տօնածառ մը կը զետեղեն. յաջորդ օր կը տեսնուի, որ ծառը կրակի տուած են: Դէպքը հպանցիկ չանցնիր, խնդիրը կը մեծնայ, տեղացի քրիստոնեաները արդարութիւն կը պահանջեն ծայրայեղ իսլամ կրօնամոլ երկրի նոր ղեկավարութենէն: Ես մէկ օրինակ յիշեմ, դուք յիշածս հարիւրապատկեցէք՝ մօտաւոր պատկերացում մը ունենալու համար նոր ղեկավարութեան առջեւ ծառացած ու ծառանալիք խնդիրներէն:
Արդէն հազիւ երկու շաբաթ անցած, խաղաղած ընդհանուր իրավիճակին մէջ մէկ կողմէն իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը քարուքանդ ըրին սուրիական հարիւրաւոր ռազմակեդրոններ, գրաւեցին Կոլանի երկու երկիրներու շփման գիծի վրայ ոչ-ոքի տարածքը, որ կը հովանաւորուէր ՄԱԿ-ի դէտերուն կողմէ, ապա սկսան յառաջանալ սուրիական սահմանակից Գունայթրա քաղաքը գրաւելու: Միւս կողմէ, ամերիկեան հովանաւորութեամբ գործող քրտական «Սուրիական տեմոքրաթիք ոյժեր» ը, արդէն կռուի բռնուած է Թուրքիոյ, կամ ըստ իրենց՝ թրքամէտ զինուորական կազմակերպութիւններու հետ: Թուրքիոյ հետ առճակատուիլը վտանգաւոր նկատելով, անոնք համաձայն գտնուեցան նոր կազմուելիք սուրիական ազգային բանակին մաս կազմելու:
Ասոնք գլխաւոր հարցերն են, որոնց կից կան անհաշիւ կողմնակի հարցեր: Հալէպը լաւատես է, սակայն օրեր ամբողջ ջուրէ զրկուած էր, ելեկտրականութիւնն ալ դեռ ելեկտրածին սարքերու վաճառած ամփէրներուն շնորհիւ է, նոյնիսկ եթէ ժամանակաւոր կառավարութիւնը նոր սակացոյցով կը փորձէ զսպել չարաշահողներու ախորժակը:
Այս վիճակին մէջ Սուրիայէն դուրս ապրող կարգ մը գրիչներ զարմանք կը յայտնեն, թէ ո՞ւր են հալէպահայ գրողները, ինչո՞ւ լուռ են:
Հալէպահայերը իրենց իմաստուն քաղաքականութեան շնորհիվ երկրի իրարայաջորդ բոլոր իշխանութեանց հետ միշտ ալ լեզու գտած են ու ապահոված համայնքին բարօր վիճակը, որուն շնորհիւ մեր ազգային բոլոր կառոյցները՝ եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները եւ բոլոր ձեռնարկները շարունակած են սահուն գործել: Հիմա այդ կոչ ընողները այս բոլորը չե՞ն գիտեր, թէ՞ տակաւին իրերը չհանդարտած կ՛ուզեն, որ մարդիկ անտեղի յայտարարութիւններով հրապարակ իջնեն, հինը դատափետտեն ու նորը գովաբանեն: Հալէպի երեք համայնքապետերն ու գլխաւոր կազմակերպութիւնները շատ լաւ գիտեն ինչպէս շարժիլ, որ կացութեան հաւասարակշռութիւնը պահպանուի:
Նոր տարի է, լաւատեսութեամբ զինուինք, բարին մաղթենք Սուրիոյ եւ աշխարհին ալ խաղաղութիւն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ