Սուրիա, 1963-էն ետք, իշխող կուսակցութեան որոշումով դպրոցական վերի կարգի աշակերտութեան պարտադրուեցաւ զինուորական տարազ կրել եւ այդ տարազով ալ դպրոց յաճախել: Սկիզբը, այս տարօրինակ կացութեան առջեւ անհանգիստ եւ անյարմար զգացինք, թէեւ միատարր մեր տարազները որոշ նպատակ կը հետապնդէին: Դպրոցներուն մէջ զինուորական դաստիարակութիւն պիտի ջամբուէր, քանի որ երկիրը պէտք է պատրաստուէր դիմակայելու թշնամական որեւէ յարձակում, իսկ երկսեռ երիտասարդութիւնն ալ պէտք է անպայման մասնակից դառնար երկրի պաշտպանութեան: Միանուագ տարազը նաեւ օգտակար եղաւ ծնողներուն, որոնք ձերբազատուեցան ամէնօրեայ հագուստ-կապուստի տաղտուկէն:
Շաբաթը մէկ օր բանակային սպայ մը կու գար, տեսական զինուորական գիտելիքներ կը փոխանցէր, ատենը անգամ մըն ալ գործնական դասեր կ՛անցնէինք, զէնքի գործածութեան, նշանառութեան եւ այլն:
Աւարտական դասարանի նախօրէին, ընդհանուր բանակում մը տեղի կ՛ունենար տղոց համար, վրաններու տակ. երկու շաբաթ դպրոցականները զինուորի կեանքով կ՛ապրէին: Իսկ աղջիկները կը հետեւէին շտապօգնութեան երկշաբաթեայ դասընթացքի:
(Այստեղ անհրաժեշտաբար ըսեմ, որ սուրիահպատակ երիտասարդը զինակոչի ենթակայ չէ եթէ ուսումը կը շարունակէ, նոյնիսկ մինչեւ դոկտորական, ոչ թէ Հայաստանի նման, որ 12-րդ կարգէն շրջանաւարտը արդէն զինակոչի ենթակայ է: Սուրիոյ մէջ նաեւ զինծառայութեան չեն կանչուիր ընտանիքին միակ արու զաւակները):
Զինուորական այս դաստիարակութենէն առաջ արդէն սփուռքի մեր ակումբներուն մէջ կը գործէին սկաուտական շարժումներ, նոր սերունդին յաւելեալ օգտակար դաստիարակութիւն ջամբելու համար: Ակումբներու մէջ սկաուտական շարժումները եւ անոնց ծրագիր-կանոնագրին համաձայն՝ պարման-պարմանուհիները ուղղել դէպի գիտակից, ազնիւ, բարեգործութեան նուիրուած, զոհաբերութեան ոգիով տոգորպուած, ինքնավստահ սերունդ մը պատրաստելու ճիգերը պէտք է երեւային անոնց առօրեայ կենսակերպին, անոնց նիստուկացին մէջ, թէ չէ ի՞նչ իմաստ ունէր տրուած դաստիարակութիւնը: Ասոր կու գար միանալու զինուորական դաստիարակութիւնն ալ եւ կ՛ակնկալուէր, որ երկուստեք յաջողէին որոշ արեւելում մը տալ նոր սերունդին ի փառս Սուրիոյ եւ անշուշտ անոր ժողովուրդին:
Այստեղ, ի Հայաստան, խորհրդային տարիներուն կուսակցական պարտադրանքով եղած են պիոներական շարժումներ, վերեւը յիշուած բարեմասնութեանց կողքին առաւել եւ ամենակարեւոր նպատակով ապագայի կուսակցականներ պատրաստելու հեռանկարով:
Հայաստանի մէջ ալ կրթական ծրագիրի մէջ ներառուած է զինուորական դաստիարակութիւնը, անշուշտ պարզ է նպատակը՝ թշնամի երկու պետութիւններով աքցանուած երկիր մը կարիքն ունի ինքնապաշտպանութեան համար կռուող երիտասարդութեան:
Ես, որ կրթական ասպարէզի ծառայող մըն եմ, այստեղ չեմ տեսած ու չեմ զգացած որ մեր պատանիները զինուորական դաստիարակութեան կը հետեւին եւ չեմ ալ գիտեր, թէ ի՞նչ լրջութեամբ եւ խստութեամբ, որովհետեւ կը տեսնեմ մեր պատանիներուն վարած արտադպրոցական կեանքը, քիչ մը սանձարձակ, անպատասխանատու, գրպանի հեռախօսով ժամեր սպաննող, ծխող, աղջիկներու հետ մտերմական պահեր որսացող… Անշուշտ ոչ բոլորը, սակայն ոչ արհամարհելի թիւ մը կայ ըսածներս հաստատող: Զինուորական դաստիարակութիւն ստացող պատանիէն պէտք չէ՞ ակնկալել, որ իր վարքուբարքով տարբեր ըլլայ անդաստիարակներէն:
Եթէ հաւատացողներ կան, որ ներկայ խաղաղութեան գործընթացի յաջողութեան պարագային այլեւս ո՛չ թշնամի պիտի մնայ, ո՛չ մեր հանգիստը խանգարող, թող շատ չտարուին երազանքներով, թշնամին անկուշտ է, երախն ալ միչտ բաց է լափելու պատրաստ, գիտնանք ինչ «լափ» պիտի կերցնենք անոր, երբ «խաղաղութեան» մեղրամիսը վերջանայ. յիշեցէք Վարդան Այգեկցիին առակը ոչխարներու եւ գայլերու մասին:
Երբեմն սրտցաւ քաղաքացիներու կողմէ անհատական կոչեր կ՛ըլլան զինավարժութեան, նոյնիսկ մասնաւոր կազմակերպութիւններ սկսած են մարզել պատանիները, ինչ որ օգտակար է, եթէ անշուշտ լաւ ծրագրուած է, այն ատեն երկիրը կը սկսի լրջօրէն ապրիլ ինքնապաշտպանութեան ոգիով, պատրաստակամութեան, որ յոյսով կը լեցնէ սրտերը եւ նաեւ հպարտութեամբ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ