Աղէտէ տուժածներու օգնութեան փութալուն մէջ բացառիկ ենք մե՛նք, մարդիկս, սակայն տուեալ աղէտին առաջքը առնելուն մէջ անփոյթ ենք եւ անտարբեր:
Արցախի պարպումին պատճառած վէրքը դեռ կ՛արիւնի, դեռ կը կոտտայ, սակայն Հայաստանի եւ համայն աշխարհի հայութեան, անհատ, թէ կազմակերպութիւն, հասցուցած օգնութիւնները յոյժ գնահատելի են: Գնահատելի օժանդակութիւն, բայց…
Ոչ միայն հայերը, երեւի մարդասիրական մղումներու տէր բոլոր ժողովուրդներուն մօտ ալ կայ այս երեւոյթը: Յիշեցէք Մեծ եղեռնի զոհերը, հրաշքով փրկուածներուն օգնութեան փութացող բարեսիրական կազմակերպութիւնները, հայ թէ օտար, յատկապէս օտար, անոնց հիմնած հիւղաւանները, որբանոցները, դպրոցները, այրիանոցները, անոնց արհեստ սորվեցնողները, որպէսզի հայրենազրկված հայերը մուրալու փոխարէն դրամ շահին եւ ինքնաբաւ ըլլան: Անգնահատելի են այդ բոլորը, ապրի՛ն բարերարները, սակայն…
Ինչո՞ւ արհեստական շնչառութեամբ վերակենդանացնել մահամերձը եւ չփորձել անոր կեանքին սպառնացող վտանգին առաջքը առնել: Ինչո՞ւ չփորձուեցաւ ամենաազդեցիկ կերպով կանխել Հայոց ցեղասպանութիւնը, աղէտէն ետք անոնց խլեակները փրկելու աշխատանքին փոխարէն:
Ինչո՞ւ այս օրերուն աշխարհի լրատուամիջոցներուն կիզակէտը դարձած Պաղեստինի արհաւիրքը լրջօրէն եւ ազդեցիկ կերպով չկանխուեցաւ, փոխանակ քարուքանդ եղած այդ երկրամասին տարտղնուած բնակիչներուն կենարար օգնութիւն հասցնելու ջանքերուն: Հապա՞ Ուքրաինան. Արեւմուտքէն հասած օգնութեամբ երկիրը զինանոցի վերածուեցաւ, հացի փոխարէն հրթիռ, դեղորայքի փոխարէն թնդանօթ, դպրոցներու փոխարէն զինագործական գործարաններ ու աւերակ երկիր մը յանուն ոյժի ցուցադրութեան:
Ո՞րը յիշես: Բարի են մարդիկ, կը վազեն տուժածին օգնութեան, սակայն վտանգի սպառնալիքին կա՛մ լրջօրէն չեն հակազդեր, կա՛մ կը կարծեն թէ անցողիկ է ու տագնապիլը աւելորդ, կա՛մ ալ կարելիութիւն չունին եւ կ՛աղօթեն, որ յոռեգոյնը չպատահի:
Նոյնը չէ՞, երբ մարդ կը հիւանդանայ, բայց չի փորձեր առաջքը առնել, հաւատալով որ անցողիկ է, իսկ երբ հիւանդութիւնը կը լրջանայ ու կը սպառնայ կեանքին, այն ատեն ի՜նչ միջոցներու կը դիմէ որ մահուան դուռը չհասնի:
Այս օրինակները բազմապատկեցէք, եւ մարդիկ թող կարդան. բոլորն ալ անխտիր պիտի ըսեն, որ ճիշդը՝ դանակը ոսկորին չհասած առաջքը առնելն է: Կ՛ըսեն, համաձայն կ՛ըլլան, եւ այդքան միայն: Որովհետեւ երբ նոր աղէտ մը ահազանգէ, դարձեալ պիտի չմիջամտեն եւ աղէտը պատահելէ ետք, ինքնախարազանումի փոխարէն, յանցանքը մէկուն վրայ բարդելու պիտի աշխատին, պարզապէս պատասխանատուութենէ խուսափելու համար:
Եղա՞ւ, կ՛ըլլա՛յ: Եղա՛ծ է, դարձեալ կ՛ըլլայ ու չի սրբագրուիր այս մահացու սխալը, այս կրաւորականութիւնը, այս «չխառնուիլը աւելի լաւ է, գլխացաւէ հեռու» վախկոտութիւնը, մորթապաշտութիւնը:
Դժոխքի կրակները տեսած մարդուն գաւաթ մը ջուրն իսկ փրկութիւն է: Ան այդ բաժակ մը ջուրին համար տուողին շնորհակալ կ՛ըլլայ, երախտապարտ կ՛ըլլայ, փրկարարին շուքին մէջ կ՛ապրի ու անոր խոնարհ նպաստընկալը կը դառնայ: Այսպէս եղան մեր փրկուած նախնիները, սիրեցին իրենց փրկիչները: Որբանոցներուն հազարաւոր որբերը անհայր ու անմայր մեծցան, շատեր վրէժխնդրութեան մղումով չարութեանց հետեւեցան, ուրիշներ՝ ընդհակառակը՝ հովհարեցին իրենց մէջի արկայծ ստեղծարար ոգին ու գրող, արուեստագէտ, արհեստաւոր ու ազգային ղեկավարներ դարձան: Սերունդ մը ամբողջ լրիւ նոր կեանք առաւ, լրիւ տարբեր միջավայրի մէջ, տարբեր բարքերով ու սովորութիւններով մարդոց շուքին տակ, շնորհակալ եղաւ անոնց ու ցկեանս չմոռցաւ անոնց բարութիւնը: Ի՞նչ կ՛ըլլար այդ սերունդը, եթէ իր հայրենական օճախին մէջ հասակ առնէր:
Տեղ մը հասած է, որ սկսանք հաւատալ, որ աղէտներէն փրկութիւն չկայ, ոչ միայն բնութեան աղէտներէն, այլ պատերազմներէն ու արհեստական աղէտներէն, որոնք նախածրագրուած մահ ու աւեր կը սփռեն ինչ-ինչ նպատակներու համար: Թող ոչ աղէտ ու պատերազմ ըլլայ, ոչ ալ բարեգործութիւնը հետեւի անոր:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ