Նոր աւարտեցի Գուրգէն Մահարիի «Այրուող այգեստաններ» վէպի երկրորդ ընթերցումս. 620 էջը մէկ շաբաթուան ընթացքին… ինծի համար մարաթոնեան վազք մըն էր, քանի որ արագ ընթերցող չեմ եւ յաճախ լրիւ պարբերութիւն մը կրկին կը կարդամ: Երիտասարդ տարիքիս կարդացած էի ու հիմա կրկին կը կարդամ Մահարիի բոլոր գործերը:
Անշուշտ ամբողջ գիրքը Վանի մասին է, այնքան մանրամասնօրէն նկարագրուած, որ գիրքը աւարտելէդ ետք կը կարծես, որ Վանը աչքերովդ տեսած ես, քեզի ծանօթ քաղաք մըն է իր եդեմական այգիներով, հայ վարպետ արհեստաւորներու խանութներով, հարուստ շուկաներով, փողոցներով եւ անպայման Վանայ ծովով ու անոր կղզիներով:
Ինչեւիցէ, հարցը այս չէ, այլ՝ գիրքին ողբերգական աւարտը, ուր վանեցիները երկու օրերու ընթացքին կը լքեն իրենց ծննդավայրը, ենթարկուելով հրահանգի մը, որ կու գայ երեւի ռուսական բանակէն, որ օգնութեան հասած էր վանեցիներուն ինքնապաշտպանական կռիւներուն ընթացքին օսմանեան բանակին դէմ, զիրենք եւ քաղաքը փրկելու թրքական ծանր լուծէն: Տեղացիներուն ուրախութիւնը երկար չի տեւեր, քանի կը հասնի տեղահանութեան ու գաղթի հրահանգը: Կը տիրէ ահաւոր իրարանցում, լաց ու կոծ, ունեցուածքի կորուստ, փախուստ, փախուստ… հայերը զոհ կ՛երթան ռուս-թրքական համաձայնութեան:
Հիմա կը տարուիմ մտածելու. այս քանի-քանի՜ անգամներ հայը ստիպուած եղած է իր բնակավայրէն դուրս գալու, գաղթելու ու նոր կեանք մը սկսելու նոր կայքի մը մէջ: Միշտ շիներ է, շէնցուցեր, յետոյ ձգեր ու փախեր: 1045-ին, երբ Անին «ծախուեցաւ», հայերը Ռուբէն իշխանի առաջնորդութեամբ լքեցին երկիրն ու արեւմուտք ուղղուելով հասան Կիլիկիա, գրաւեցին ու հիմնեցին Ռուբինեան իշխանութիւնը, իմա՝ Կիլիկեան թագաւորութիւնը: 300 տարի ետք ինկաւ Կիլիկիան, եւ հայերը դարձեա՛լ գաղթեցին: 19-րդ դարավերջին 1895-96-ի ջարդերը, Յետոյ եկաւ 20-րդ դարն ու տեղահանութեանց նոր պատմութիւնները՝ 1909-ի Ատանայի կոտորած, 1915 Մեծ եղեռն, յետոյ Վանի պարպում, Կարսի պարպում, գաղթ ու գաղթ, մինչեւ հասան մեր օրերն ու բոլորս ականատես եղանք նոր գաղթերու՝ անկախացած Հայաստանէն գաղթ դէպի Ամերիկաներ ու այլուր: Շուշիի յարակից բնակավայրերու գրաւում, պարպում ու գաղթ, մինչեւ հասաւ Արցախի ամբողջական պարպումն ու գաղթը դէպի Հայաստանի հանրապետութիւն, անկէ ալ դէպի… Իսկ այս օրերուն՝ Տաւուշի գիւղերուն պարպումի ու թշնամիին յանձնումի հերթը…
Բարեկամներ, կը հասկնա՞ք այս ողբերգութեան ահռելիութիւնը: Անկասկած, հայը շինարար ժողովուրդ է, սակայն շինածը պահել չի՞ գիտեր արդեօք, թէ՞ չի կրնար: Խաղաղասէր է, սակայն չի՞ գիտեր, որ խաղաղութիւնը շահելու եւ պահելու համար ոյժի պէտք ունի, զէնքի ու զօրաւոր բանակի պէտք ունի: Ամէն օր աղօթելով, ամէն կիրակի եկեղեցի երթալով, մոմ վառելով զէնք ու զրահ մէջտեղ չի գար, երկիրը չամրանար: Շինածդ, ունեցածդ պահպանել պէտք է գիտնաս: Եւ ատիկա քու սեփական ջանքերովդ պիտի ըլլայ, ոչ ուրիշը օգնութեան կանչելով:
Կարծես հայը ծնած է գաղթականի ցուպը ձեռքին, ատենը անգամ մը տունն ու տեղը լքելու եւ օտար ափեր դիմելու պարտադրանքի տակ:
Ինչքան փորձենք չքմեղանալ, թէ բախտերնիս այդպէս բերած է, աշխարհագրական դիրքերնիս վտանգաւոր եղած է, երկիրնիս թշնամիներով շրջապատուած է… անօգուտ է: Ռազմիկ չե՞նք: Սխա՛լ, շատ ալ լաւ ռազմիկներ ունեցած ենք եւ ունինք: Զէ՞նք, զրահ… գիտնականներ ունինք, զէնքի ու զրահի նոր տեսականիներ փորձարկող ու ստեղծող: Խաղաղասէր ենք եւ ուրիշի ունեցուածքին վրայ աչք չունի՞նք. Շատ բարի, բայց ուրիշը մեր ունեցածին վրայ աչք ունի, ուրե՞մն…
Ուրեմն ունեցածնիս պաշտպանելու այնպիսի միջոցներ ձեռք առնելու ենք, որ թշնամիին ախորժակին վրայ քացախ լեցնենք: Բռներ ենք մեր հին, պատմական քարտէսն ու կը բաղդատենք այսօրուան պատառ մը Հայաստանին հետ. հիմա նստիլ եւ անցեալի սխալները վերլուծե՞լ, թէ՞ այս մնացածը վերջնականապէս ապահով ու ամրակուռ պահելու միջոցներ որոնել ու գտնել, որ,- Աստուած մի՛ արասցէ,- այս կտորն ալ ձեռքէ չերթայ:
Համաձայնութիւններ, դաշինքներ, խաղաղութեան կոչեր… ես հաւատացողը չեմ. Ժամանակները կը փոխուին, իշխանութիւնները կը փոխուին ու դաշինք-մաշինք օդը կը ցնդին: Մնայունը ոյժն է. ոյժ ունի՞ս, խաղաղութիւնդ ապահոված կ՛ըլլաս:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ