Հիմա, եթէ ես ըսեմ որ չսիրեցի սա տեմոքրասի ըսուածը, սխալ ըրած կ՛ըլլամ: Տեմոքրասին կարգ մը առաւելութիւններ ունի, որոնց ամենացայտունը խօսքի ազատութիւնն է: Ես ալ ճիշդ այդ ազատութեան վրայ մատս պիտի կոխեմ ու միւս մատս վեր բարձրացնելով պիտի յայտարարեմ՝ «Կը հրաժարիմ խօսքի ազատութենէն ու անոր հետեւանքներէն…»:
Խօսքը «Բան»ն է, որ ըստ Աստուածաշունչին «Ի սկզբանէ էր Բանը եւ Բանն էր Ասուած»… Այսինքն «բան»-է, կամ խօսքէ հրաժարիլը Աստուծմէ հրաժարի՞լ կը նշանակէ: Ուշադի՛ր-, ես խօսքէ չեմ հրաժարիր, ես խօսքի ազատութենէն կամ ազատ խօսքէն կը հրաժարիմ: «Հրաժարիմք ի սատանայէ» կ՛ըսենք, բայց «հրաժարիմք Արարիչէն» չենք ըսեր, թէեւ ըսողներ կան, ան ալ այստեղ, Հայաստանի մէջ: Սովետական տիրակալութենէն ժառանգուած ահագին աթէիստներ կան, ան ալ բարձր ոլորտներուն մէջ, վկայ՝ չաղօթող, չխաչակնքող ղեկավարները, վկայ՝ հեթանոսական կրօնին վերադարձող արեւորդիները, վկայ՝ սատանայապաշտները եւ այլք:
Թէեւ «Բան»-ի մեկնաբանութիւնները շատ են ըստ աստուածաբանութեան, սակայն կրօնական բաւիղին մէջ չմտած, սահմանենք, թէ ինչ բանի մասին պիտի խօսինք:
Խօսինք մարդկային սովորական խօսքի եւ անոր ազատութեան մասին: Ազատ խօսքը որքան որ ցանակալի է, նոյնքան ալ ատելի է, ըստ պարունակութեան եւ ըստ ընկալողին: Խօսքի ազատութիւն կը տրուի խօսքի սահմանները ճանչցողին: Հիմա պիտի ըսէք, թէ այդ ի՞նչ տեսակ ազատութիւն է, որ սահմաններ ունի: Այո՛, աշխարհի վրայ ամէն ինչ սահման ունի, անսահման բան չկայ: Ձեր մտքէն ինչեր որ անցընէք, միեւնոյնն է. երբ խորքը թափանցէք, պիտի տեսնէք որ սահման ու սահմաններ կան: Սէ՞ր, հաւատարմութի՞ւն, զոհողութի՞ւն, ուրախութի՞ւն, զուարճա՞նք, բարութի՞ւն, չարութի՞ւն, ոճի՞ր, որկրամոլութի՞ւն, առողջութի՞ւն, հիւանդութի՞ւն, գողութի՞ւն, դաւաճանութի՞ւն, աթոռամոլութի՞ւն, պատերա՞զմ, խաղաղութի՞ւն… Աւելի չերկարեմ, ամէն ինչ սահման ունի: Եթէ յանկարծ այդ սահմանները բացուին, ոտնակոխ ըլլան ու վերացուին… անիշխանութիւնը գլուխը կ՛առնէ, կ՛երթայ: Օրէնք-մօրենք չի մնար, ահաւոր իրարանցում մը կը տիրէ, ուր «շունը տիրոջը չի ճանչնար», ինչպէս կ՛ըսեն:
Այո՛, այնքան գովերգուած խօսքի ազատութիւնը իր ժխտական կողմերն ալ ունի, յատկապէս շարքային հասարակութեան մօտ, որ մեծամասնութիւնը կը կազմէ մարդկութեան եւ իր ազդեցութիւնը ունի ընդհանուրին վրայ: Տուեալ նիւթին մասին ասկէ առաջ ալ անդրադարձած եմ մէկ կամ երկու անգամ, սակայն միշտ ալ ըսելիք կայ այս անընդունելի երեւոյթին մասին, որուն աւերները վերջ չունին եւ երբեմն հակակրանքի կողքին՝ նողկանք ալ կը պատճառեն, մասնաւորաբար երբ յանուն ազատութեան ի՜նչ ահաւոր լեզու մը կ՛օգտագործուի, ի՜նչ անընդունելի ու նողկալի բառապաշարով, ի՜նչ սանձարձակ ամբաստանութիւններ կ՛ըլլան, ի՜նչ վարկաբեկիչ, հայհոյալից որակումներ ու անէծքներ:
Բոլոր այն երկիրները, որոնք կը պարծենան տեմոքրասիի դրօշակակիրները ըլլալնուն համար, յատկապէս ԱՄՆ, որ նոյնիսկ ներխուժումներով ու ռազմական միջոցներով տեմոքրասի կ՛ուզէ սփռել, այդ երկիրներուն մէջ նոյնիսկ անհատներու կողմէ ղեկավարութիւնը խայտառակելը, ծաղր ու ծանակի ենթարկելը, քաւութեան նոխազ դարձնելը սովորական երեւոյթներ են եւ ենթական անպատիժ կը մնայ յանուն խօսքի ազատութեան:
Ըսենք, որ հասարակութիւնը չի սանձեր իր լեզուն եւ հրապարակաւ ըսելիքը կ՛ըսէ, ինչպէս բակին մէջ իր դրացիին հետ բախուելու ատեն, բայց երբ հարցը կը վերաբերի վերիններուն, որոնք ի պաշտօնէ զուսպ լեզու մը գործածելու փոխարէն դիմացինին կը պատասխանեն օգտագործելով սանձարձակ լեզու մը, նոյնիսկ երբ զինք «նեղի դնողը» յատուկ ռազմավարութեամբ մօտեցաղ ըլլայ եւ ուրախանայ, երբ տեսնէ իր խօսքին ազդեցութիւնը, երբ պատասխանատուն անճռկի պատասխանել, սակայն երբ ան ալ նոյն զէնքերով կը պատասխանէ եղած յարձակումին, այն ատեն արդէն քաոսային վիճակ կը տիրէ, եւ դիւանագիտութիւն ըսուածը կը մերկանայ իր զսպաշապիկէն, դիմացինին «յաղթանակ» շնորհելով:
Ապացոյց՝ այս օրերուն Երեւանի փողոցներուն ու բակերուն մէջ, ինչպէս նաեւ դիմատետրի էջերուն ծաւալող նախընտրական արշաւին մասնակցողներու լեզուն…
Ուշադի՛ր, խօսքը փամփուշտի պէս է, մէյ մը որ արձակուեցաւ, ալ ետ չի դառնար: Խօսքը երկսայրի սուր է, գիտցիր՝ ո՞ր կողմէն պիտի բռնես, որ դուն քեզ չվիրաւորես:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ