Երբ հարցի մը միայն մէկ երեսը տեսնելով եզրակացութիւն կը կազմես, կրնաս սխալած ըլլալ, քանի որ հարցին միւս երեսը այլ բան կրնայ թելադրել. այնպէս որ, ամէն անգամ հարց մը քննելու ատեն, անպայման անոր միւս երեսին ալ նայելու է:
Դրուագ առաջին.- Ինչպէս եղաւ, չեմ յիշեր, թաքսիի վարորդին հետ սկսանք խօսիլ բարձունքի մը վրայ տեղադրուելիք Յիսուսի արձանին մասին: Ես ըսի, որ մեր եկեղեցին դէմ է արձաններու, այսքան գումար մսխել արձանի մը վրայ անտեղի է, ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ մենք առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն ենք, այնպէս որ այդ արձանը այդքան ալ անհրաժեշտ բան մը չէ: Մարդը մտիկ ըրաւ ու իմ ամբողջ «փաստաբանութիւնս» ի թերեւ հանեց, երբ ամենայն պարզութեամբ ըսաւ, որ այդ արձանին համար ճոպանուղի կը կառուցեն, աշխարհի չորս կողմէն զբօսաշրջիկներ կու գան եւ ԳՈՐԾ կ՛ըլլայ, այդ շրջանի գիւղերն ու գիւղացիները կ՛օգտուին, գործ կ՛ունենան: Ահա՛ քեզի երկրորդ երես:
Ճիշդ ես ըսի ու լռեցի: Հարցին այդ երեսը բնաւ մտքովս չէր անցած: Անմիջապէս մտաբերեցի Լիբանանի «Հարիսայի» Աստուածածնի բարձրադիր արձանը եւ ճոպանուղիով ու այլ միջոցներով ամէն օր այցելող բազմահարիւրաւոր ուխտաւորներն ու զբօսաշրջիկները եւ մոմերու ու յուշանուէրներու վաճառքէն գոյացած հսկայ եկամուտը:
Դրուագ երկրորդ.- Ձեռքի հեռախօսէս կը կարդայի Ուքրանիոյ պատերազմին ռուսական բանակին կրած վնասներուն մասին, ըստ լրատուին՝ 200 ռազմական օդանաւ, 650 հրասայլ 3.000 զրահամեքենայ, քանի հազար զինուոր: Վայրկեաններ ետք, այլ աղբիւրէ մը կը կարդայի, որ Ռուսիան այնպիսի խաղ մը խաղցեր է Արեւմուտքի գլխուն, որ շշմեցուցած է բոլորը, որոնք ցարդ կուլ տալով խաղը, ձայն չեն հաներ: Կը յիշենք ինչպէս յայտարարուեցաւ, թէ ռուսական ամենամեծ կազի ընկերութիւնները ահաւոր վնասներու մէջ են, այս լուրին որպէս անդրադարձ, արեւմտեան երկիրներու բաժնետոմս ունեցողները աժան գինով վաճառած են իրենց բաժնետոմսերը, ռուսական ընկերութիւնները գնած են զանոնք, ու երբ Ռուսիան յայտարարեց, որ այդուհետեւ Արեւմուտքը ռուսական կազին դիմաց ռուբլիով պէտք վճարէ, 48 ժամերու ընթացքին ռուսական ընկերութիւնները 20 մլիառ տոլար շահ մը ապահոված են: Գրողը կ՛ըսէ, որ Ուաթըրլուի պատերազմէն մինչեւ օրս այսպիսի խաղ չէր խաղցուած: Ահա՛ հարցին երկրորդ երեսը:
Յամենայնդէպս, Ռուս-ուքրաինական մօտ երեք ամիս տեւած պատերազմն ալ երկու երես ունի. դեռ չէ աւարտած ու կարծես դեռ անակնկալներ կան առջեւը: Բայց, խօսելով այս պատերազմին մասին, որուն համար ըսուեցաւ, թէ երրորդ համաշխարհային պատերազմի նախերգանքն է, մեր աչքին առջեւ ունենալով նախորդ երկու պատերազմները եւ անոնց ենթահողին վրայ կը փորձէենք պատկերացնել այս նորը, սակայն օրերը ցոյց տուին, որ երկրորդ համաշխարհայինէն 77 տարի ետք երեւոյթով շատ բան չէ փոխուած:
Կը կարծուէր, որ լրիւ տարբեր պիտի ըլլային ոչ միայն զինատեսակները, այլ նաեւ պատերազմի տեւողութիւնը (ոչ առաջինին նման՝ 4 տարի, ոչ ալ երկրորդին նման՝ 6 տարի, այլ՝ կայծակնայի՛ն, օրերու հարց, նոյնիսկ ժամերու), ինչպէս նաեւ տարբեր պիտի ըլլար ամէն ինչ, ինչպէս կու տան հոլիվուտեան ֆիլմերը՝ աստղային, էլեկտրոնիկ, ռոպոթներով, անհպելի զինուորներով…:
Բոլոր մասնագէտներուն նախատեսութիւնները սխալ դուրս եկան. Բացի ԱԹՍ-ներէն, միեւնոյն աւանդական զէնքերն են, քիչ մը աւելի զարգացած: Միեւնոյն զինուորներն են, քիչ մը աւելի զրահաւորուած, բայց ոչ անմահ, անհպելի: Կը կարծուէր, որ 77 տարի ետք այնքան մը պիտի փոխուէին կռուի եղանակները, որ իրար պիտի ոչնչացնէին տեղերնին նստած: Կոճակ մը սեղմելով, հազարաւոր քիլոմեթր հեռուէն պիտի հարուածէին ու բնաջնջէին: Այդպէս բան չեղաւ: (Թէեւ Փութինը կը սպառնար այդպէս ընել): 77 տարի ետք կը պատկերացնէինք, որ քարտէսին վրայէն երկիրներ պիտի ջնջուին, այդպէս բան ալ չեղաւ:
Թափուած զինամթերքն ու զոհուած զինուորները մէկ կողմ, այս պատերազմին գերակշռող բաժինը եղաւ տնտեսականը. Արեւմուտքը հարիւրաւոր տնտեսական պատժամիջոցներով սկսաւ «կռուիլ», սակայն պատժամիջոցներուն հետեւանքները երկու հակամարտ կողմերուն ալ վնաս պատճառեցին: Արեւմուտքը շահեցաւ իր միասնականութիւնը ամրապնդելով: Ռուսիան շահեցաւ իր ազդեցութեան սահմանները պաշտպանուած պահելով:
Ամէն ինչի նման այս պատերազմն ալ երկու երես ունի, որոնք իրար չեն հակասեր, իրար կ՛ամբողջացնեն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ