Ի՞նչ գրել, ինչպէ՞ս գրել, երբ ուղեղդ իսկ չի յաջողիր նուազագոյն կեդրոնացումն իսկ ապահովել՝ հեղինակելու յիշատակի խօսք մը Ժիրայր Դանիէլեանի նման բազմատաղանդ մարդուն մասին:
Շատեր արդէն գրեցին, ուրիշներ այս ու գալիք օրերուն, տարիներուն, տասնամեակներուն եւ դարերուն պիտի գրեն Ժիրայր Դանիէլեան ԵՐԵՒՈՅԹին մասին: Ես պիտի բաւարարուիմ հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութեան մէջ Ժիրայրի ունեցած վաստակին ներկայացումով, շատ փոքր ըլլալով այդ վաստակը լիարժէք գնահատելու համար:
Լիբանանահայ գաղութը բախտաւոր եղաւ, որ միաժամանակ երկու հմուտ մասնագէտ ունեցաւ այս մարզին մէջ՝ արժանայիշատակ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանն ու Ժիրայր Դանիէլեանը. երկուքին համար՝ հայ պարբերական մամուլին մատենագիտութիւնը իրենց տարերքն էր, էութեան առա՛նցքը՝ մանկավարժութեան, խմբագրութեան, հասարակական գործունէութեան եւ իրենց միւս աշխատանքներու ընդհանուր ծիրին մէջ: Հայրենիքին մէջ ալ 20-րդ դարուն եղան հմուտ մատենագէտներ: Այսօր սակայն, Ժիրայրին հեռացումով, հայ մամուլի մատենագիտութիւնը համապարփակ իմացող այլեւս գոյութիւն չունի ամբողջ աշխարհի մէջ (գոնէ ես այդպիսիք չեմ գիտեր): Կան մատենագիտութիւն կազմողներ միայն, բայց մատենագիտութիւն իմանալը անհրաժեշտաբար կը պահանջէ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ, այն ալ ՍԵՐՏ առնչութիւն տպագիր մամուլին հետ: Այդ իսկ բաւարար չէ. պէտք է հայ մամուլը նաեւ ՍԻՐԵ՛Լ, պարբերականներուն թուղթը շօշափել այնպէս, ինչպէս պատարագիչ քահանան խոր երկիւղածութեամբ եւ սրբութեամբ կը ձեռնէ Տիրոջ Մարմինն ու Արիւնը պարունակող սկիհը:
Պարոն Արտաշէսն ու պարոն Ժիրայրը եղան հայ մամուլի մատենագիտութեան ա՛յդ տեսակի պատարագիչ քահանաները: Անոնք հայ մամուլի քալող հանրագիտարաններ էին: Երկուքէն ալ շատ բան սորված եմ: Լիբանան գտնուած օրերուս, անպայման երկուքին ալ կ այցելէի: Մինչեւ 2-3 ժամ տեւող այդ հանդիպումները աւելի շատ մենախօսութեան կը վերածուէին: Անգամ մը Ժիրայրը այդ նկատեց եւ ինք էր որ ըսաւ. «Գէո՛րգ, կարծես թէ մենախօսութիւն ըրի»: Անշուշտ չըսի, թէ ճիշդ ա՛յդ էր իմ ուզածը՝ զինք լսել, սորվիլ իրմէ հայ մամուլի պատմաբանի ու մատենագէտի մասնագիտութեան որոշ գաղտնիքներ, նաեւ՝ ստանալ տեղեկութիւններ քուլիսներու ետին տեղի ունեցող… խաղերու մասին:
Մինչ Լիբանանի մէջ կ ընթանար քաղաքացիական դաժան պատերազմը եւ Ժիրայրի թէ՛ բնակարանը եւ թէ՛ ծառայած Հայկազեան Գոլէճի գրադարանը կռիւներու անմիջական գօտիին մէջ կը գտնուէին, ան բանասիրական որոնումներով կը վերանար շրջապատի անդոհանքէն: Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութեան առնչուած դանիէլեանական հրատարակութիւններուն մեծագոյն մասը տպուած է 1980-ականներու առաջին կէսին, երբ Լիբանանը բառին իսկական առումով կ այրէր քաղաքացիական պատերազմի եւ իսրայէլական ներխուժման կրակներուն մէջ: Ահաւասիկ այդ աշխատութիւններուն ցանկը.
– «Հայ մամուլի հաւաքածոյ» (Ծովակ Ալթունեանի հետ, Ա. տպագրութիւն՝ Պէյրութ, 1974, Բ.՝ լրամշակուած տպագրութիւն՝ 1981),
– «Սփիւռքահայ նոր պարբերական մամուլը 1967-1980 թուականներուն. Մատենագիտութեան փորձ» (Պէյրութ, 1980),
– «Ռամկավար ազատական մամուլը» (Պէյրութ, 1982),
– « «Հասկ» ամսագիրին 50 տարին. Մատենագիտական ակնարկ» (Պէյրութ, 1982),
– «Հայ նոր պարբերական մամուլը, 1967-1981» (տպարան «Ալթափրես», Պէյրութ, 1984):
Հինգ տարուան ընթացքին՝ նոյնքան հրատարակութիւն: Սա սոսկական թիւ չէ, այլ պատկառելի՜ պտղաբերում:
Հայ մամուլի մատենագիտութեան վերաբերող հարուստ տեղեկութիւններ եւ ճշդումներ կան նաեւ Ժիրայրի խմբագրած կամ խմբագրութեան մաս կազմած «Շիրակ» եւ «Կամար» գրական ամսագիրներուն, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս» տարեգիրքի հատորներուն եւ ուրիշ պարբերականներու, նաեւ դանիէլեանական հետեւեալ հատորներուն մէջ. «Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն, 1975-1984» (Պէյրութ, 1986), «Բանասիրական որոնումներ» («Սիփան» հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 1996), «Գրական որոնումներ» (Վաչէ Ղազարեանի հեղինակակցութեամբ, Անթիլիաս, 2007), «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» (խմբագիր՝ Երուանդ Տէր Խաչատրեան, «Մուղնի» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011), «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրումի…» (Անթիլիաս, 2018) ու անոր յաւելուածը (Անթիլիաս, 2021), նաեւ զանազան ուրիշ հրապարակումներու մէջ:
Հայրենի պատմաբան, արժանայիշատակ Պետրոս Յովհաննիսեանին եւ մշտական ուսուցիչիս՝ Յակոբ Չոլաքեանին հետ, Ժիրայր Դանիէլեան եղաւ մատենագիտական առաջին լուրջ քայլերս խրախուսողներէն, երբ իմ խմբագրած «Սփիւռք» պարբերականի սեպտեմբեր 1990 – ապրիլ 1991-ի թիւերուն մէջ հրատարակեցի «Խորհրդահայ մամուլն այսօր» մատենագիտական շարքը: Հետեւեցան հայրենական մամուլի նոր անուններու մատենագիտութեան գրքոյկ մը եւ գիրք մը: Երէց ընկերներուս քաջալերանքը պիտի յանգէր «Հայաստանի 1985-1991 թուականներու պարբերական մամուլը» պատմական-մատենագիտական թեկնածուական ատենախօսութեան հեղինակման եւ անոր պաշտպանութեանը ՀՀ ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկին մէջ 2001-ին: Նոյնքան արժանայիշատակ մտաւորականներ Պէպօ Սիմոնեանի եւ Գէորգ Գանտահարեանի հետ, Ժիրայր Դանիէլեան եղաւ անոնցմէ, որոնք երաշխաւորեցին այդ մենագրութեան հրատարակումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի ծիրին մէջ (հետագային Պէպօ Սիմոնեանէն պիտի իմանայի, թէ գիրքիս տպագրութիւնը երաշխաւորելու համար, եռեակը թուք ու մուր ստացած է, իսկ գիրքին տպաքանակը փրկուած է … ծրագրեալ հրկիզումէ՝ շնորհիւ եռեակի ջանքերուն): Աւելին, յաջորդ տարուան նոյեմբերին, Դանիէլեան իր տնօրինած Հ. Բ. Ը. Մ.ի Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանի վերտառութեամբ կազմակերպեց իմ «Հայաստանի նորագոյն մամուլը 1987-2002» դասախօսութիւն-ցուցահանդէսը Հ. Բ. Ը. Մ. – Հ. Ե. Ը.ի «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնի սրահին մէջ: Ի տես շուրջ հազար անուն ցուցանմուշներուն, Ժիրայրը ինծի յորդորեց անպայման կազմել անոնց մատենագիտութիւնը՝ խոստանալով օգնել անոր լոյս աշխարհ գալուն: Կը յիշեմ, թէ դասախօսութեան սկիզբի իր խօսքին մէջ, Ժիրայրը ինչ հպարտութեամբ զիս կը ներկայացնէր հանդիսականներուն իբրեւ դպրոցի լաւագոյն շրջանաւարտներէն մէկը: Ժիրայրին խորհուրդով, շարունակեցի հայրենական, աւելի ստոյգ՝ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու հայկական մամուլի մատենագրումը, որ ստիպուած էի դադրեցնել 2014-ին՝ կեանքի պայմաններուն պարտադրանքով:
Ժիրայր Դանիէլեանի մեզմէ մարմնապէս հեռացման ցաւը կը բազմապատկուի այն իրողութեամբ, որ այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ չկայ իր էութեամբ հայ պարբերական մամուլի պատմութեան ու մատենագիտութեան նուիրուած նոյնիսկ մէկ հոգի: Հայրենիքին եւ սփիւռքի մէջ, ինծի նման ուրիշներ ալ սկսան, սակայն կա՛մ կէս ձգեցին, կա՛մ բաւարարուեցան հայ պարբերական մամուլի որոշակի հատուածի մը ուսումնասիրական աշխատանքներով ու անոնց հրատարակումով:
Ահա այս իմաստով ալ Ժիրայր Դանիէլեանը կը մնայ անփոխարինելի: Երանի՜ սխալած ըլլամ: Վստահ եմ, այդ պարագային, Ժիրայրի հոգին պիտի հրճուի անդենականին մէջ:
Շնորհակալութի՛ւն քեզի, Ժիրա՛յր:
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Երեւան, 28 նոյեմբեր 2022