Շատ ուշացաւ, ամբողջ 12 տարի, սակայն փապուղիին ծայրէն լոյսը երեւաց: Ամբողջ տասներկու տարի Սուրիոյ պատերազմը եւ անոր թողած անմարդկային հետքերը վերանալու աւետիսը պիտի տան կարծես վերջերս իրար յաջորդող երեւոյթները: Սուրիոյ դէմ դիրք բռնած կարգ մը արաբական պետութիւններու աղետեալ գօտիներու օգնութեան փութալու աշխատանքներն ու օժանդակութեանց ընկերացող պետական անձնաւորութիւնները, որոնց այցը թէեւ երկրաշարժին հետեւանքներուն հետ կապուեցան, սակայն խորքին մէջ երկրաշարժը շարժառիթ դարձաւ, որ վերջապէս վերանային իրենց բռնած ոչ բարեկամական կեցուածքներն ու նոր էջ բանան Սուրիոյ հետ:
Արեւմուտքի «Յանուն տեմոքրասիի» շղթայազերծած պատերազմը, արաբական երկիրներու կրաւորական կեցուածքով թէ ուղղակի մեղսակցութեամբ, դրախտանման Սուրիան վերածեց աւերակ դժոխքի: Մարդ հարց տայ՝ «Ի՞նչ տեմոքրասիի մասին է ձեր լոզունգը, ձեւակա՞ն, թէ՞ արդար: Դուք գիտէ՞ք, որ ըստ ձեր կարծիքին «դժբախտ» Սուրիան լրիւ ինքնաբաւ երկիր էր, ուր կար կեանքի ապահովութիւն, առատ եւ մատչելի սննդեղէն , ուր գրեթէ անգործ մարդ չկար, ուր մուրացկանութիւնը արգիլուած էր, ուր ուսումը պետական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առաջին դասարանէն մինչեւ համալսարան եւ դոկտորական ձրի էր, ուր յարգուած էին փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, յատկապէս հայկական համայնքը իր բազմաթիւ եկեղեցիներով, դպրոցներով, միութիւններով, ակումբներով եւ հասարակական կառոյցներով:
Ի՞նչ ըրիք այդպիսի երկիր մը քար ու քանդ կ՛ընե՞ն, հարիւր հազարաւոր կեանքեր կը խլե՞ն, միլիոններ արտագաղթելու ստիպողութեան տակ կը դնե՞ն ու օր-ցերեկով երկրին բարիքները՝ նաֆթ, ցորեն, ձէթ, գործարաններու նոր տեղադրուած մեքենաներ կը գողնան ու կը տանի՞ն: Նայեցէք քարտէսին, քանի տեղէ ներխուժուած ու գրաւուած է երկիրը, ինչ-ինչ պատրուակներով կը մտնեն երկիրդ ու մէյ մըն ալ չեն ելլեր ու յատուկ աշխատանք կը տանին գրաւուած տարածքներուն ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը փոխելու: Տոլարը 50 լիրա էր, եղաւ 6000, այսինքն 120-պատիկ: Խօսքով դիւրին է, դուք պաշտօնեային հարցուցէք, որուն ամսականը պատերազմէն առաջ եթէ 400 տոլարին հաւասար էր, այսօր 40 տոլարէն ալ պակաս է. ինչպէ՞ս ապրի: Ելեկտրականութեան, վառելանիւթի՝ կազի, մազութի ահաւոր տագնապ. քաղաքացին ինչպէ՞ս տաքցնէ տունը կամ ճաշ պատրաստէ:
Յանուն ի՞նչի, ձեր կառքին լծելո՞ւ, իր անկախութիւնն ու ազատութիւնը բռնաբարելո՞ւ, որպէսզի սեփական քաղաքականութիւն չունենայ: Իշխանութիւն մը կը քննադատուի ու իշխանափոխութեան կոչեր կ՛ըլլան ու ցոյցեր կը կազմակերպուին, երբ դժգոհ է ժողովուրդը: Սակայն Սուրիոյ մէջ այդպէս չէր. կարելի է որոշ հաւաքականութիւններ, որոշ մարդիկ գանգատներ ու դժգոհութիւններ ունենան, ինչպէս որեւէ երկիր աշխարհի մէջ, սակայն անոնց պատճառաբանութիւնը կազմակերպուած հակապետական շարժումի վերածելը պարզապէս օտար խոհանոցներու մէջ եփած թունաւոր ճաշն էր:
Այս բոլոր զրկանքներով հանդերձ, Սուրիան տոկաց, դիմացաւ, տանջուեցաւ, բայց գլուխը բարձր պահեց, ամբողջ տասներկու տարի…
Այս բոլորը բաւարար չէին, վրան եկաւ ահաւոր երկրաշարժը՝ աղ-պղպեղ… Հիմա կ՛աշխատին աղէտաբեր երկրաշարժին հետեւանքները բուժելու: Ըսինք կարգ մը երկիրներ օրեր ետք որոշեցին վերականգնել իրենց յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ՝ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելով: Ուրիշներ տեղերնէն չշարժեցան: Եղան օգնութիւններ ընդդիմադիրներով բնակեցուած շրջաններուն, նոյնը զլանալով պետականամէտ շրջաններուն: Այս բոլորը կը գրանցուին, բան չի փախիր կառավարութեան աչքէն: Սուրիան կրկին կը վերադառնայ գրաւելու իրեն զլացուած աթոռը Արաբական Լիկային մէջ, սակայն 12 տարի երկրին կռնակ դարձուցած արաբական պետութիւնները ի՞նչ երեսով պիտի նային Սուրիոյ աթոռակալին երեսին:
Մենք անձի պաշտամունք չունինք, մեր կշռաչափը ժողովուրդին բարօրութիւնն է: Տեմոքրասի՞ է, թէ՞ մենատիրութիւն, հանրապետութի՞ւն է, թէ՞ թագաւորութիւն, Էմիրութի՞ւն, թէ չեմգիտերինչութիւն. կարեւորը ժողովուրդն է, երկրին սահմանները ապահո՞վ են, ժողովուրդը ուրա՞խ է, ա՛յս է կարեւորը, «մնացեալն ամբողջ պատրանք է, հոգի՛ս» պիտի ըսէր Թէքէեանը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ