Երկուշաբթի, 27 Հուլիս, 2026

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

755 Mount Auburn Street

Watertown, MA 02472 USA

12 Սեպտեմբեր 2023

Տիար Սամուէլ Շահրամանեան

Նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան

ՍտեփանակերտԱՀ

 Յանուն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլի  համախմբումին  սրտանց կը շնորհաւորենք  Ձեզ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ ընտրուելուն հպարտառիթ պատեհութեան համար: Առ այդ Ձեզի կը մաղթենք ուժ, կարողութիւն եւ կամք՝ յաղթահարելու համար իր նորագոյն պատմութեան այս շրջանին հերոսական Արցախի դիմագրաւած ճգնաժամային մարտահրաւէրները:

Նոյն առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը եւ բովանդակ արցախահայութիւնը, իմաստութեամբ, պետականամէտ պահուածքով եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ տնօրինելու ինքնաղեկավարման, ինքնիշխանութեան եւ ինքնապահպանման դժուարագոյն, սակայն մարդկային արդարացի իրաւունքները հետապնդելը:

Զօրակցութիւն յայտնելով Ձեր գլխաւորութեամբ գործող Արցախի իշխանութեան եւ հերոսական արցախահայութեան՝ կը վստահեցնենք Ձեզի, Պարոն Նախագահ, որ Ռամկավար Ազատական աշխարհասփիւռ   մամուլի մեր օրգանները, իրենց խմբագրակազմերով, աշխատակիցներով եւ բազմահազար ընթերցողներու լայն շրջանակներով շարունակական թափով յառաջ պիտի մղեն  իրենց զօրակցական-քարոզչական աշխատանքները, ի խնդիր Արցախի պետականութեան ամրապնդումին ու իր քաջարի ժողովուրդին պաշտպանութեան եւ բարեյաջող գոյերթին:

Յաջողութիւն մաղթելով Ձեր ազգանուէր դժուարին առաքելութեան՝ կը խնդրենք ընդունիլ մեր յարգանաց հաւաստիքն ու ամբողջական նեցուկի երաշխիքը:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ  ՄԱՄՈՒԼԻ  ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ