Եթէ Աշխարհի քարտէսին վրայ այսօրուան պատերազմական թէժ կէտերը կարմիրով ներկենք, կարմրագոյն քարտէս մը կ՛ունենանք, ուր ծովերուն կապոյտը, դաշտավայրերուն եւ անտառներուն կանաչը, առաւել՝ անապատներուն դեղինն ու ձիւնածածկ լեռներուն սպիտակը կորսուած պիտի ըլլան կարմիրին տակ:
Եթէ ձեր տուներուն մէջ համատարած քարտէս ունիք, փորձեցէք ներկել. արդիւնքէն դուք պիտի սարսափիք, երբ հասկնաք, որ կ՛ապրինք առնածածկ Երկիր մոլորակին վրայ, որ գիտականօրէն «Կապոյտ» մոլորակ անուանած են անջրպետի մէջ կապտագոյն իր մթնոլորտով: Հրատին «Կարմիր մոլորակ» անունը պիտի տուժէ ու չափազանցուած պիտի նկատուի, բաղդատած մեր կարմիրին հետ, որ արեան գոյն է, ոչ թէ Հրատին հողի գոյնը, որ այնքան ալ կարմիր չէ:
Պատերազմները հրաբուխներու կը նմանին, ոմանք «կենդանի», գործօն, ոմանք՝ հանգչած ժամանակաւորապէս, իսկ ոմանք՝ լրիւ մարածներ, անկենդան հրաբուխներ:
Սկսինք թուարկել. ամենաթարմը ռուս-ուքրաինական պատերազմն է. երեւութապէս երկու երկիրներու միջեւ, սակայն իրականութեան մէջ՝ բազմակողմանի մասնակիցներով, բազմահազար սպանուածներով ու աւերուած կառոյցներով:
Սուրիան տակաւին բորբոք է, քանի որ անոր խառնարանին մէջ տասնեակներով անթրոցներ կան, որոնք անդադար կը խառնեն՝ Ռուսիան, Իրանը, Թուրքիան, Իսրայէլը եւ ընդդիմադիր կոչուած ծայրայեղականները, քիւրտերն ու անոնց բարեկամ ԱՄՆ-ն, որ նաֆթի գողութիւնները կը հովանաւորէ, երբ սուրիացի ժողովուրդը կը սառի վառելանիւթի չգոյութենէն: Երկրին կէսը աւերակ, բնակչութեան կէսը գաղթական:
Հին հաշիւները նորոգած, նոր հրաբուխներ կը խմորուին: Չինաստան, ԱՄՆ եւ Թայուան: Թուրքիա, Յունաստան եւ Կիպրոս: Իրան, ԱՄՆ, Իսրայէլ: Հիւսիսային Քորիա, հարաւային Քորիա եւ ԱՄՆ ու Ճափոն: Ալճերիա, Մարոք, Սահարա:
Բայց ո՞ւր մնաց Հայաստանը… Քառակողմանի իր թնճուկով՝ Հայաստան, Ռուսիա, Ատրպէյճան, Թուրքիա… եւ անշուշտ ամբողջ աշխարհը իր լռութեամբ, կամ լուռ մեղսակցութեամբ:
Նկատեցիք, չէ՞, այս բոլորին մէջ ՄԱԿ-ը չյիշեցի: Սովորաբար կռուողներու պարագային անպայման միջնորդ-հաշտարարի մը անունն ալ կը յիշուի, որուն դերը վտանգաւոր ըլլալով հանդերձ, կարեւոր է կռիւը դադրեցնելու համար: ՄԱԿ-ը ինչո՞ւ յիշեմ, երբ ան գրեթէ գոյութիւն չունի: Գոյութիւն ունի, բայց ձայն չունի, ձայն ունի, բայց խօսքէն անդին չ անցնիր, ազդեցութիւն չունի, ձայն բարբառոյ յանապատի..:
Աշխարհի վերջը նախատեսող Հոլիւուտի ֆիլմերը, որքան որ երեւակայական ըլլան, պարզապէս մեծ թիւով հանդիսատես գրաւելու եւ միլիոններ շահելու համար, անոնց ետին պահուած, վաղուան անորոշութիւնը կայ, բնութեան աղէտներու եւ մարդկային հակամարտութեանց պատճառով պատերազմներու արհաւիրքը կայ եւ մեր մոլորակին կործանումին սպառնալիքը կայ: Դիտեցէք այդ ֆիլմերը, եւ ձեր մաշկը թող չփշաքաղուի, որքան ալ որ վստահ ըլլաք, թէ ձեր տեսածը յերիւրանք է, շինծու, անիրական:
Անդադար սպառնալիք, մէյ մը այլմոլորակայիններու կողմէ, մէյ մը Խենթ մեծահարուստ գիտնականի մը կողմէ, որ կ՛ուզէ աշխարհը փոխել, նոյնիսկ մարդկութենէն վշտացած ու քէն պահած անհաւասարակշիռի մը կողմէ, որ կ՛ուզէ վրէժ լուծել: Պատճառներն ու հեղինակները շատ են, սակայն նպատակը մէկ է՝ քանդել եղածը: Աշխարհի ղեկավարներուն բոլորն ալ խելացի չեն, անոնց մէջ կը բաւէ որ խենթ մը ըլլայ ու կոճակը սեղմէ…
Բայց հակառակը բնաւ չի պատահիր,- ոչ ֆիլմերու մէջ, ոչ ալ իրականութեան մէջ: Այսինքն, գտնուի խելացի կամ խենթ նախագահ մը, որ իր երկրին բոլոր զէնքերն ու զինամթերքը ծովը թափէ, փճացնէ ու կոչ ընէ միւս երկիրներուն հետեւելու իրեն: Ի՞նչ կ՛ըսէք, կը յաջողի՞, թէ կը սպաննեն զինք: Երանի յաջողի: Ինչ լաւ կ՛ըլլայ մեր բազմատանջ Երկիրը թօթափէ կարմիրը ու վերստին իր կապոյտ պատմուճանը հագնի:
Այս ալ իմ ցանկատեսութեանց շարքին հաշուեցէք: Երբեմն ինքնախաբէութիւնը ժամանակաւոր հոգեկան հանգստութիւն կը պարգեւէ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ