Իսրայէլ յաճախ կը հրթիռակոծէ պաղեստինեան Կազա ծովեզրեայ քաղաքը, որ «Համաս» կազմակերպութեան կեդրոնն է, որպէս պատիժ անոնց ոտնձգութիւններուն, կամ՝ ապօրինի նոր բնակավայրերու կառուցման դէմ քարերով կռուող երիտասարդութեան ցոյցերուն ի պատասխան: «Համասը» զոհեր կու տայ, որոնք տարերային կանչերով ու կոչերով վերամբարձ՝ որպէս մարտիրոսներ կը թաղուին: «Համաս» երբեմն կը պատասխանէ ինքնաշէն հրթիռներ արձակելով Իսրայէլի վրայ, որոնք, ընդհանրապէս կ՛իյնան անբնակ վայրերու վրայ. չես հասկնար՝ չե՞ն կրնար ճիշդ թիրախաւորել:
Իսրայէլեան օդուժը յաճախ թռիչքներ կը կը կատարէ Լիբանանի վրայ, արգիլող չկայ. կը հրթիռակոծէ սուրիական տարածքներ, ուր, ըստ իրեն, կուտակումներ կան իրանեան զինաթերքի, զոհեր կ՛իյնան, աւերներ կը գործուին: Սուրիան կը սպառնայ պատասխանել «Յարմար պահուն, յարմար ձեւով»… Սակայն սպառնալիքներ ընդհանրապէս անհետեւանք կը մնան: Երբեմն սուրիական հակաօդային համակարգը դէմ կը դնէ, սակայն ոչ ՄԱԿ-ը, ո՛չ ալ արեւմտեան երկիրներ կը դատապարտեն Իսրայէլը: Սուրիա տեղակայուած իրանեան ուժերը չեն պատասխաներ հակահարուած տալով, ոչ ալ Իրանի ենթակայ «Հըզպ ալլա»-ն կը պատասխանէ Լիբանանի մէջ իր ամբարած բազմահազար հրթիռները գործի լծելով: Բայց չէ՞ որ «դիմադրողական» կազմակերպութիւն է, ինչո՞ւ չի դիմադրեր:
Թուրքիան յաճախակի յարձակումներ կը գործէ ու կը ներխուժէ Իրաքեան սահմաններէն ներս, քրտական շրջանները, Իրաք չի պատասխաներ, կը բողոքէ ու կը դատապարտէ: Թուրքիան անկաշկանդ ներխուժեց սուրիական սահմաններէն ներս, գրաւեց ու թրքացուց, սակայն լուրջ արգելքի չհանդիպեցաւ:
Ատրպէյճան յաճախ կը հարուածէ Հայաստանի սահմանային շրջանները, կը ներխուժէ ու կը գրաւէ, մարդկային զոհեր պատճառելով. անոնց հակահայ թշնամական կոչերը մինչեւ իսկ դպրոցական դասագիրքերու մէջ մտած են: Մերինները երբեմն կը պատասխանեն առանց նշանակալի վնասներ հասցնելու, սակայն մեր պետութիւնը բողոքի հսկայ աղմուկ կը բարձրացնէ, մեր բողոքները բաժնող արեւմտեան բարեկամներ կը շահի, սակայն ոչինչ կը փոխուի ճակատին վրայ, թշնամին կը շարունակէ իր յարձակումներն ու սպանութիւնները, առանց դոյզն ականջ կախելու Արեւմուտքի «քաղաքավար» կոչերուն, մինչ Բերձոր-Լաչինի անցքը երրորդ ամիսը ըլլալով կը շարունակէ փակ մնալ , իսկ Արցախի ապագան՝ կախ կը մնայ մազաթելէ մը:
Հանելո՞ւկ է, ի՞նչ է… Ինչո՞ւ է այսպէս:
Զօրաւորը ինքզինք պիտի պարտադրէ, ուզած ապօրինութիւնները գործէ, իսկ տկարը պիտի բողոքէ, եւ միայն այսքան: Այսինքն փոքր ու տկար պետութիւններուն ճակատագի՞րն է այս, թէ՞ կարելի է դուրս գալ այս ստորնացուցիչ վիճակէն:
Աշխարհի մէջ կան շարք մը շատ փոքր պետութիւններ, մէկ քաղաքի չափ, որոնք բանակ ալ չունին, այդ պետութիւնները ի՞նչպէս կը գոյատեւեն. երեւի յենած կ՛ըլլան հովանաւոր մեծ պետութեան մը, ինչպէս Վատիկանը՝ Իտալիոյ, Մոնաքոն՝ Ֆրանսայի, Անտորրան, Լիխթենշթեյնը, Սան Մարինօն, Մալթան: Իսկ հնարաւո՞ր է, որ փոքր, ազատ ու անկախ պետութիւն մը հանգիստ ապրի եւ վախ չունենայ որեւէ թշնամիի կողմէ յարձակումի ենթարկուելէ: Թերեւս կարելի է, երբ շատ զօրաւոր է եւ բազմաթիւ ու բազմատեսակ յենակներ ունի: Իսկ այս անարդար վիճակը կանխելու համար եւ խաղաղ ապրելու համար չի՞ կրնար գոյատեւել առանց զօրաւոր բանակի , կամ առանց զօրաւոր յենարան-հովանաւորի:
Անարդարութեան դէմ հիմնական կեցուածք ունենալու է ՄԱԿ-ը, որպէս գլխաւոր դատաւոր եւ պաշտպան տկար պետութեանց, սակայն ակնկալուածը ուրիշ բան է, իրականութիւնը՝ ուրիշ:
Երբ յարձակողին ձեռքը բռնող չկայ, ուրեմն խաղաղ ապրելու իրաւունք չունի ոչ մէկ փոքր պետութիւն: Իսկ մեր պատմական անսահման տարածքներով երկիրը ո՞վ ու որո՞նք այսօրուան կծկուած վիճակին հասցուցին: Դարձեալ յանցանքը ուրիշներու վրայ չբարդենք, մե՛նք ենք յանցաւորը. քաջութիւն ունենանք ու խոստովանինք: Արդարութիւն-մարդարութիւն չկայ. «Սահման քաջաց, զէնն իւրեանց»:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ