Օրերէ ի վեր աչքս հեռատեսիլին է, կը նայիմ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւած Համաս-Իսրայէլեան պատերազմի շարժանկարներուն: Վայրկեան մը այն խաբկանքը կ՛ունենամ որ այս տեսարանները քանի անգամ տեսած եմ ասկէ առաջ. ո՞ւր, ե՞րբ, բայց, ո՛չ, տարբեր են, տարբեր դէմքերով նոյնանման մարդկային կերպարներ կը տողանցեն փլատակներու մէջէն, ապահովութեան յոյսով, անորոշ ուղղութիւն մը բռնած, լացակումած, կամ աւելի վատ, լացը զսպած անփայլ աչքերով: Գլուխներու վրայ, թեւերու տակ կապոցներ, պայուսակներ, իսկ ձեռքերուն ու գիրկերուն՝ երեխաներ:
Տեսարանները կը կրկնուին, պայթումներ, անոնցմէ յառաջացած ծուխ ու մուխ, գորշ երկինք, աւելի գորշ տրամադրութիւններ: Փլատակներուն մէջ ննջասենեակի մը մնացորդները, ճաշասենեակի մը կքած ճաշասեղան, կոտրտած աթոռներ, երեսի վրայ ինկած հեռատեսիլ մը, անդին լուացքի մեքենայ մը՝ բաց դռնով, մէջէն կախուած անլուայ լուացք: Հոտ չեմ առներ, դեռ հոտերն ալ սփռող հեռատեսիլներ չյայտնաբերուեցան, սակայն կը զգամ սեւ ծուխին ու վառօդին հոտը: Կը լսեմ շան մը կաղկանձը, երեւի տէրը կը փնտռէ, անդին կատու մը գետնի արիւնը կը լզէ:
Այս բոլորը միշտ ալ կը տեսնենք, բոլոր պատերազմներուն, ըլլայ Աֆղանիստանի, Իրաքի, Ուքրանիոյ, Արցախի, թէ Պաղեստինի մէջ: Միեւնոյն «ֆիլմն» է, որ կը կրկնուի, քանի գլխաւոր բեմադրիչը միշտ նոյնն է:
Սակայն այս կրկնուող տեսարաններէն աւելի սարսափելին պատերազմի մանուկներն են: Դեռ նոր թոթոված, ծծակը բերնին, մօր փէշէն կախուած, միւս ձեռքով լաթէ պուպրիկը գրկած, կը նայի չորս կողմը ու մտքին մէջ չի տեղաւորուիր տեսածը: Անդիէն ուրիշ մը՛ չորս-հինգ տարեկան, հացի կտոր մը ձեռքին, ոտաբոպիկ, գզգզուած մազերով խելակորոյս կը վազէ «մամա, մամա» պոռալով: Ինչ մամա, ինչ պապա, ինչ երեխայ, ամէն ինչ իրար անցած է, ոչ մէկ յստակութիւն, նորօրեայ Սոդոմ-Գոմոր:
Պատերազմներու ընթացքին ամենաշատը կ՛ազդուին երեխաները, որոնք իրենց կեանքի առաջին հինգամեակին, կամ նոյնիսկ տասնամեակին, տեսնելու, սորվելու ըմբռնելու եւ անոնց հիման վրայ կամաց-կամաց նկարագիր կերտելու փոխարէն, լրիւ շեղում մը կ՛ունենան բարիէն ու ազնիւէն, կը լեցուին սարսափով, անօգնականութեամբ, շուար ու մոլոր, յաճախ մարմնական վնասներով, շատ յաճախ որբանալով, հոս-հոն պատսպարուելով, դպրոցէ ու դաստիարակութենէ զրկուելով, ու իրենց ամբարած պատերազմի տեսարանները, փլատակներն ու հրդէհները, վիրաւորեալներն ու մեռելները, պատճառ կը դառնան, որ լեցուին ատելութեամբ, ապա վրէժով ու թշնամանքով: Ամերիկայի մէջ պաղեստինեան արմատներով վեց տարեկան երեխայ մը սպանուած է, սպանողը 71 տարեկան մարդ մըն է… ԱՄՆ նախագահը կ՛ըսէ՝ «Մեր երկիրը այսպիսի վայրագ արարքներու տեղ չէ»… Ո՞վ սպանեց, ինչո՞ւ սպանեց… Ատելութիւն սերմանողները թող պատասխանեն:
Մարդկութիւնը որքան կը զարգանայ ու կը յառաջդիմէ դրականօրէն, անոր զուգահեռ կը զարգանայ նաեւ բացասականը, ատելին, վատը, գէշը, նախանձը, թշնամանքը, ընչաքաղցութիւնը, մրցակցութիւնը աւելի՛ն ունենալու, կոռզելու, կռփելու, գրաւելու, վիրաւորելու, սպանելու…
Պատերազմներու ընթացքին բոլոր սպանութիւնները պատճառաբանուած են եւ ներելի, նոյնիսկ գովելի եւ հերոսական… Չեմ կրնար ըմբռնել, որ մէկ հոգի սպանողը մահուան կը դատապարտուի, իսկ բազմհազարներ սպանողը հերոս կը դառնայ: Երկիրներ իրենց սպանածները արդարացնելու համար օրէնք հնարած են, ուր բանաձեւ կայ, թէ ո՞ր պարագաներուն կ՛արդարացուի սպանութիւնը եւ ո՞ր պարագաներուն ոճիր կը նկատուի, եւ կազմակերպողը պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուի: ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարը կոչ կ՛ընէ իսրայէլեան բանակին, որ չշրջանցեն պատերազմի օրէնքը, այսինքն մարդիկը ուտելիքէ ու խմելիքէ զրկելով պէտք չէ սովամահ ընեն… (պէտք է քնքշօրէ՞ն սպանեն, կապարով, հրթիռով, ռումբով, ոչ թէ զանոնք անօթութեան մատնելով, թող կո՞ւշտ մեռնին):
Վաղը այս երեխաները կը մեծնան, պատանի ու երիտասարդ կը դառնան, կ՛ուսանին, կը մասնագիտանան, հազարումէկ տեսակի կեանքի պայմաններէն կ՛անցնին, մեծահասակ ու տարեց կը դառնան, ամէն ինչ փոխուած կ՛ըլլայ իրենց մէջ, բացի մանկութեան ճաշակած սարսափի յիշողութիւնը, որ հոգու պաստառին վրայ անջնջելի կը մնայ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱԷՅԼԵԱՆ