Առակագիր Վարդան Այգեկցիի առակներէն մէկուն մէջ կ՛ըսուի, որ Թագաւոր մը օձ մը կը պահէր, որուն հետ այնքան մտերմացեր էր, որ անոր յատուկ հոգ կը տանէր եւ ընտանիքի անդամի մը պէս թոյլ կու տար որ իր երախան անոր հետ խաղայ: Օրին մէկը, խաղի ժամանակ, երախան օձին պոչը կը կտրէ, իսկ օձն ալ իր բնոյթին հնազանդ՝ երախային կը խայթէ ու պալատը ձգելով կ՛անհետանայ:
Թագաւորը կ՛ահաբեկի իր երախային անշնչացած մարմինը տեսնելով, սակայն երբ կը նկատէ օձին կտրուած պոչը, կը հասկնայ եղելութիւնը ու սուգ կը պահէ, թելադրելով իր զինուորներուն փնտռել եւ օձը գտնել: Սակայն ապարդիւն, օձը չի գտնուիր: Երկար ժամանակ կ՛անցնի, թագաւորին բարկութիւնը կը մեղմանայ ու կը սկսի կարօտնալ օձը ու դարձեալ կը դիմէ իր զինուորներուն որ փնտռեն եւ անպայման գտնեն եւ անոր ըսեն, թէ թագաւորը մոռցած է վրէժխնդիր ըլլալը եւ բարեկամաբար կը հրաւիրէ օձը որ ետ գայ ու շարունակէ մնալ պալատին մէջ, որպէս իր ընկերակիցը:
Օձը կը պատասխանէ թագաւորի հրաւէրին ըսելով՝ այնքան ատեն, որ ես իմ կտրուած պոչիս պիտի նայիմ, իսկ դուն ալ քու զաւկիդ գերեզմանին, անկարելի է, որ մենք հաշտուինք:
Հիմա մեր կացութիւնն ալ այս առակին նման է. այնքան ատեն որ Թուրքիան պիտի յիշէ Նեմեսիսին զոհ գացած իր անցեալի փաշաները, իսկ այնքան ատեն որ հայերն ալ անդադար պիտի յիշեն մէկուկէս միլիոնը, անկարելի է, որ հաշտութիւն գոյանայ երկուքին միջեւ:
Որքան ալ Էրտողանը թոյլատու գտնուեցաւ, որ Թուրքիա ապրող հայերը վերյիշեն իրենց նահատակները, որքան ատեն որ թոյլատու գտնուեցաւ, որ գիրքեր տպուին ու ցոյցեր կազմակերպուին, ինք չի հրաժարիր հերոսացնելէ Հայկական ցեղասպանութեան կազմակերպիչներն ու գործադրողները եւ ամէն տարի անոնց գերեզմաններուն վրայ ծաղկեպսակ զետեղելէ, իսկ այնքան ատեն որ Հայերն ալ ամէն Ապրիլ 24-ի Ծիծեռնակաբերդ բարձրանան ու Նեմեսիսի հերոսներուն ի յարգանս յուշակոթողներ բարձրացնեն, անհնար է որ հաշտութիւն գոյանայ հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ:
Ո՛չ թուրքը օրին մէկը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու կը փորձէ հատուցանել, ո՛չ ալ վազ կ՛անցնի իր մարդասպան «հերոսները» պատուելէ, ո՛չ ալ հայերը վազ կ՛անցնին յիշելէ եւ պահանջելէ:
Այնպէս որ, հաշտութեան եւ «կարծեցեալ» խաղաղութեան սիրոյն տարուած այս փորձերը մեր երկրի իշխանութեան կողմէ՝ անպտուղ կը մնան ու կը ձախողին: Ահա՛ փաստը. Նեմեսիսի յուշարձան-աղբիւրի զետեղման դէմ, Թուրքիան իր օդային տարածքը փակեց հայկական օդանաւերուն առջեւ: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները փորձեն Թուրքիոյ պահանջքը գործադրել եւ յուշարձանը տեղահանել, անոր պիտի յաջորդեն նոր-նոր պահանջներ՝ փակեցէք Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, վերցուցէք Անդրանիկի, Նժդեհի արձանները, արգիլեցէք խնճոյքներուն ազգային երգեր երգելը, հակաթրքական գրականութիւնը հանել դպրոցական ծրագիրներէ, թշնամական բոլոր տեսակի դրսեւորումները արգիլել, եւ նման շատ բաներ: Մէկ անգամէն երկրի բանալին ալ յանձնենք իրենց ու ձգենք երթանք, կամ մնանք որպէս հպատակ ճորտեր:
Խաղաղութիւնը չե՛ն մուրար, մուրացողին շատ-շատ մանրուքներ կու տան, եթէ տան: Խաղաղութիւնը կնքուելու է ուժի դիրքէ, ուժ չունինք, յանցաւոր ենք որ մեր գիտնաականներէն շատեր գաղթած են եւ օտար երկիրներու կը ծառայեն: Բարեկամ երկիրներու օժանդակութեամբ ներկայի գիտնականներուն միջոցներ հայթայթել, նիւթական բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնել, որ այնպիսի նոր զէնքեր պատրաստեն, որ մեր բանակը գերհզօր դառնայ, արդիական զէնքերով զինեալ բանակ, այլ ո՛չ բազմահազարանոց ոստիկանութիւն…
Իսկ բոլոր այս ցանկութիւնները իրականացնելու համար անհրաժեշտ է արմատական փոփոխութիւն բոլոր ասպարէզներուն մէջ, գագաթէն մինչեւ ստորոտ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ