Երկուշաբթի, Հուլիսի 14, 2025
Ազգ
Wildberries
Wildberries-ը նվազեցնում է միջնորդավճարը այն վաճառողների համար, ովքեր ապահովում են արագ առաքում մինչև գնորդ
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • «ԱԶԳ» շաբաթաթերթ, տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2025
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
Ազգ
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ… ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿՆԵՐՈՒ ԸՆԴԱՌԱՋ

11/05/2018
- 11 Մայիսի, 2018, ԱԶԳ շաբաթաթերթ
Կիսվել ՖեյսբուքումԿիսվել ԹվիթերումՈւղարկել Տելեգրամով

ԻՄԱՆ ԱՐԷՖ

Միջազգային ամենակարեւոր թերթերից` եգիպտական «Ալ Ահրամը» նույնպես անդրադարձ է կատարել «հայկական հեղափոխությանը», ընդհանրապես իրապաշտ գնահատումով: Մեր թերթի բարեկամ, եգիպտահայ հայտնի գործիչ եւ հեղինակ Պերճ Թերզյանի թարգմանությամբ` արաբ լրագրողի դիտարկումները` ստորեւ.

Ամէն ոք սպասման վիճակի մէջ է գիտնալու համար, թէ ինչ պիտի ըլլայ հետեւանքը անցեալ ամսուան կէսէն ի վեր Հայաստանի մէջ բռնկած բողոքի ցոյցերուն, որոնք յետագային կոչուեցան թաւշեայ յեղափոխութիւն:

Այս երկիրը, որ կը գտնուի Կովկասի հարաւը, փոքր է իր տարածութեամբ, սակայն կարեւոր է քաղաքական եւ շրջանային դիրքով:

Իր աշխարհագրական դիրքին առընթեր ան դրացի է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին, որոնց հետ պատմական թշնամութիւն ունի:

Ան տնտեսական եւ զինուորական սերտ գործակցութիւն ունի Ռուսիոյ հետ, նկատի առնելով որ նախկին Սովետական Միութեան հանրապետութիւններէն մին էր: Ռուսիա զինուորական խարիսխ մը ունի Հայաստանի մէջ, որուն ընդմէջէն ան կը դիտարկէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հասարակաց սահմանները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Հայաստանի քաղաքական կացութեան անկայունութիւնը հաւանաբար ունենայ ժխտական հետեւանքներ ամբողջ այս տարածաշրջանին վրայ:

Թերեւս այդ է պատճառը այն հետաքրքրութեան, որուն մինչեւ հիմա արժանացաւ այս ժողովրդային խաղաղ շարժումը:

Տագնապը բարդացաւ ու շարունակեց տարածուիլ: Միւս կողմէ կը տեսնենք մէկ օրէն միւսը զարգացումներ, որոնց վերջինն էր ընդդիմութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի պարագան:

Արդարեւ, ան ձախողեցաւ խորհրդարանին մէջ ստանալու հարկ եղած ձայներուն մեծամասնութիւնը, զինք ընտրելու իբրեւ ժամանակաւոր վարչապետ, մինչեւ նոր վարչապետ մը ընտրելու համար արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կայացումը: Ան պիտի յաջորդէր վեթերան քաղաքական գործիչ Սերժ Սարգսեանին, որ խորհրդարանին կողմէ ընտրուելէն տասնմէկ օր ետք ստիպուեցաւ հրաժարիլ, իբր հետեւանք իր ընտրուելուն դէմ ժողովրդային բուռն մերժումին եւ իշխանութիւնը մինչեւ վերջ իր ձեռքը պահելու փորձերուն:

Փաշինեան ստացաւ խորհրդարանի 45 պատգամաւորներու ձայներ, սակայն կարիքը ունէր 53 ձայնի, որպէսզի ձեռք ձգէ 105 անդամներէ բաղկացած խորհրդարանի մեծամասնութեան քուէները:

Մինչ ընդդիմութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան կը զգուշացնէր, թէ իշխող կուսակցութիւնը եթէ շարունակէ խոչընդոտներ յարուցանել, ի վերջոյ պիտի առաջնորդէ կացութեան պայթումին, մանաւանդ որ ինք կը վայելէ ժողովրդային աննախընթաց աջակցութիւն:

Արդարեւ, կառավարութեան ժամանակաւոր պետը եւ Ազգային Ժողովի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան անդամները, որոնք կը տիրապետեն աթոռներու մեծամասնութեան, կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց մերժողական կեցուածքին, ընդդիմութեան ղեկավարին ընթացքը համարելով հրահրիչ, յամառող եւ իր կամքը իրենց վրայ պարտադրելու ձգտող:

Անոնք կը նկատեն, թէ անիկա պարտաւոր է փոխան իր կեցուածքին, աշխատիլ տագնապը լուծելու բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ:

Այս պարագան յստակօրէն տեսնուեցաւ, երբ անցեալ շաբաթ ժամանակաւոր վարչապետը մերժեց հանդիպում ունենալ ընդդիմադրութեան ղեկավարին հետ:

Ինչպէս նաեւ առաջին փոխ վարչապետը մերժեց Փաշինեանի պահանջները ինչ կը վերաբերի ԶԼՄներուն թոյլտուութիւն տալու, որ իշխող կուսակցութեան հետ կայացող բանակցութիւնները նկարեն եւ հեռասփռեն: Այս պահանջը «անիմաստ» նկատուեցաւ եւ անոր իրագործումը համարուեցաւ յօգուտ Հայաստանի երկու թշնամիներունՙ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերուն:

Այս մօտեցումը մղեց ընդդիմութեան ղեկավարը իշխող կուսակցութիւնը ամբաստանելու, որ կը ձգտի խորացնելու տագնապը, փոխանակ զայն լուծելու եւ կառչած է իշխանութեան, հակառակ անոր որ ձախողած է դիմագրաւելու տնտեսական հարցերը եւ փտածութեան տարածումը:

Դիտորդները կը նշեն, թէ ընդդիմութիւնը իր պատճառները ունի այս մտմտուքին մէջ:

Հրաժարեալ վարչապետ Սերժ Սարգսեան նախապէս երկու անգամ ստանձնած է նախագահի պաշտօնը երկու նախագահական շրջաններու համար, 2008-էն մինչեւ անցեալ ամսուան կէսը: Եւ որովհետեւ սահմանադրութիւնը կ՛արգիլէ նախագահին իր պաշտօնին վրայ մնալ երկու շրջանէ աւելի, կուսակցութեան պատգամաւորները, որոնք մեծամասնութիւն են, զինք ընտրեցին, սակայն այս անգամ որպէս վարչապետ, ընդարձակ իրաւասութիւններով, նախապէս 2015-ին վիճայարոյց հանրաքուէով մը փոխելով սահմանադրութիւնը: Այս փոփոխութեամբ իրաւասութիւններու մեծ մասը փոխանցուեցաւ վարչապետին եւ նախագահութիւնը փոխուեցաւ մեծ մասով պատուակալ պաշտօնի:

Այնպէս կը թուի, թէ այս քայլը լաւ չէր հաշուուած, երբ շատ մը քաղաքացիներ զայն նկատեցին շրջանցելու փորձ մը իշխանութեան վրայ մնալու երրորդ շրջան մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ կացութիւնը ամբողջութեամբ պայթի:

Այսուհանդերձ, հակառակ կացութեան բարդացումին եւ ամէն տեսակ հաւանականութեան առկայութեան, Փաշինեան ձախողեցաւ բաւարար ձայներ ստանալու, որպէսզի դառնար անցումային վարչապետ, հակառակ անոր որ միակ թեկնածուն էր, որովհետեւ իշխող կիւսակցութիւնը գոյութիւն ունեցող տագնապը մեղմելու փորձով մը, իր կողմէ թեկնածու չէր ներկայացուցած:

Վերլուծաբանները արձանագրեցին մէկէ աւելի երեւոյթներ, որոնցմով յատկանշուեցան այս խաղաղ բողոքները:

Անոնցմէ առաջինն է բոլորին մեծաթիւ մասնակցութիւնը, մասնաւորաբար երիտասարդներու եւ զանազան ուսումնական հաստատութիւններու աշակերտութեան, որոնք իջան մայրաքաղաք Երեւանի փողոցները եւ պնդեցին հոն մնալ օրերով, արդարացնելով այդ քայլը իրենց փափաքը եւ ճիգըՙ ունենալու աւելի լաւ ապագայ մը:

Կարգ մը ցուցարարներ բացատրեցին, թէ երկար ատեն դժգոհած են տիրող կացութենէն, սակայն չեն գտած մէկը, որ զիրենք առաջնորդէ եւ պահպանէ, մինչեւ Փաշինեանի երեւիլը: Առաջին անգամն է, որ 1991-ին Սովետ Միութենէն անկախանալէն ի վեր կը հաւատան աւելի լաւ ապագայի մը գոյութեան:

Կարգ մը անձեր այն կարծիքը ունին, թէ այս սերունդը չէ ապրած սովետական շրջանին եւ չէ տեսած միակ կուսակցութեան տարածած փառաբանութիւնները եւ մէկ ձայնը, հետեւաբար ան աւելի ազատ է եւ աւելի կը պնդէ իր իրաւունքները պահանջելու համար:

Անոնցմէ երկրորդն է Ռուսիոյ հանդարտ անդրադարձը այս տագնապին ուղղութեամբ, ինչ որ աննախընթաց է պետութեան մը համար, որ ոչ միայն անցեալին իրեն մաս կը կազմէր, այլ նաեւ տակաւին սերտ կապեր կը պահէ անոր հետ: Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ տնտեսական գործակցութեան կողքին, Հայաստանը մաս կը կազմէ Ռուսիոյ հետ շրջանային զինուորական դաշինքին: Հետեւաբար Ռուսիոյ հետաքրքրութիւնը այս երկիրով բնական եւ հասկնալի կը թուի:

Քրեմլինի յայտարարութիւնը ցոլացուց այն հանդարտ մօտեցումը, որ կը հաստատէ թէ ներքին տագնապին շրջանցումը կը պահանջէ, որ քաղաքական ուժերը ունենան ինքնազուսպ ընթացք եւ պատրաստակամութիւն, առկախ հարցերը լուծելու սահմանադրական շրջագիծի մէջ, մինչ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բաւականացաւ յայտարարելով, թէ Մոսկուա ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի կացութեան զարգացումներուն եւ այնպէս կը թուի, թէ Ռուսիոյ կարեւորութեան գիտակցութիւնը մղեց ընդդիմութեան ղեկավարը յայտարարութիւն մը կատարելու, նախքան ռուս պատգամաւորներու պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումը, որմէ յետոյ ան յանձնառութիւն առաւ սերտ կապեր պահելու Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Եւրոպական Միութեան հետ:

Ռուսական այս դիրքորոշումը բոլորովին տարբեր է Վրաստանի 2003-ի յեղափոխութեան շրջանին պատահածէն, ինչպէս նաեւ 2004-ին Ուքրանիոյ մէջ պատահած նարնջագոյն յեղափոխութենէն եւ նոյնիսկ ուքրանական վերջին տագնապէն: Ասոր բացատրութիւնը, ըստ կարգ մը դիտորդներու կարծիքին, այն է, թէ ռուսական կողմը հասկացողութիւն ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի տագնապին արմատները տեղական են, ի տարբերութիւն այլ պարագաներու, որոնք պատահեցան նախկին սովետական շրջագիծին մէջ, ուր արտաքին միջամտութիւնը յստակ էր եւ շօշափելի: Ինչ որ կը պատահի Հայաստանի մէջ, չի մտներ գունաւոր յեղափոխութիւններու ծիրին մէջ:

Ինչպէս նաեւ Ռուսիա շատ լաւ գիտէ, թէ նոյնիսկ այս բողոքներուն յաջողութեան պարագային Հայաստանի անցումը իր պատմութեան նոր մէկ հանգրուանին, չի փոխեր Մոսկուայի վրայ իր տնտեսական եւ զինուորական յենուածութիւնը , մանաւանդ իր դրացիինՙ Ատրպէյճանի հետ ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի վէճին առկայութեան, որ չէ լուծուած:

Փաշինեան (42 տարեկան), որ նախկին լրագրող է եւ այժմ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, կոչ ուղղեց իր հայրենակիցներուն սկսիլ քաղաքացիական անհնազանդութեան ամբողջական արշաւ մը, մինչեւ որ Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ իշխող կուսակցութիւնը քննարկեն ներկայ տագնապը լուծելու հարցը, մանաւանդ որ սահմանադրութիւնը կը նշէ, որ Ազգային ժողովը անպայմանօրէն մէկ շաբթուան ընթացքին պարտի գումարուիլ եւ նոր վարչապետ մը ընտրել: Իսկ դարձեալ ձախողելու պարագային Ազգային Ժողովը կը լուծուի:

Փաշինեան շարունակ կը հաւաստիացնէ, թէ ինք միակն է, որ կրնայ արմատախիլ ընել փտածութիւնը եւ առաջնորդել երկիրը դէպի խորհրդարանական ազատ ընտրութիւններ, ինչ որ այս տագնապին զարգացումներուն նախատեսութիւնը կը վերածէ շատ դժուար խնդիրի մը:

«Ալ Ահրամ» օրաթերթ, Գահիրէ, Երկուշաբթի, 7 Մայիս 2018, Թարգմանութիւնըՙ Պերճ Թէրզեանի

ShareTweetShare
Նախորդ գրառումը

ՓԱՇԻՆՅԱՆ-ՊՈՒՏԻՆ. ՄԱՅԻՍԻ 14-ԻՆՙ ՍՈՉԻՈՒՄ

Հաջորդ գրառումը

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ Է ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹՅՈՒՆԸ

Համանման Հոդվածներ

11 հուլիսի, 2025

Տխմարություն է Եկեղեցու դեմ սուր ճոճելը

11/07/2025
11 հուլիսի, 2025

Նույն գետը՝ երկրորդ անգամ

11/07/2025
11 հուլիսի, 2025

«Հայաստանն ու Ադրբեջանը ունեն նույն նպատակը՝ դուրս մղել Ռուսաստանին Հարավային Կովկասից»

11/07/2025
11 հուլիսի, 2025

Հայաստանը՝ նաեւ իր դեմ ծրագրի մասնակի՞ց

11/07/2025
Հաջորդ գրառումը

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ Է ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹՅՈՒՆԸ

Արխիվ

Երկ Երք Չրք Հնգ Ուր Շբթ Կիր
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Վերջին լուրեր

Միջազգային

ԱՄՆ-ն ու ՆԱՏՕ-ն Ուկրաինային զենք կմատակարարեն՝ Եվրոպայի հաշվին

14/07/2025

ԱՄՆ-ն և ՆԱՏՕ-ն համաձայնության են եկել Ուկրաինային զենք մատակարարելու հարցում՝ Եվրոպայի հաշվին. ԱՄՆ նախագահ Դոնալդ Թրամփը հայտարարել է Սպիտակ տանը,...

ԿարդալDetails

Միացյալ Նահանգները առաջարկել է 100 տարով  վերահսկել Զանգեզուրի միջանցքը. դեսպան

14/07/2025

Գլխավոր դատախազությունը պահանջում է դեսպան Ավետ Ադոնցից անշարժ գույք և գումար բռնագանձել

14/07/2025

Այս փուլում «Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության» խորհուրդը փողոցային պայքարը և նստացույցը դադարեցնում է. Ապրես Մարգարյան

14/07/2025

Արցախցիների 80 տոկոսն աղքատության շեմից ցածր վիճակում է. Բեգլարյան

14/07/2025
logo-white1
“Վահան Թեքեյան” Սոցիալ-Մշակութային Հիմնադրամ
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։ Կայքի նյութերը տարածելիս հղումը կայքին պարտադիր է։

©2024 «ԱԶԳ» վերլուծական

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In

Add New Playlist

Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • «ԱԶԳ» շաբաթաթերթ, տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2025
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները

© 2025 «ԱԶԳ» վերլուծական